Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ընտրական Օրէնք Մը Վաւերացնելու Կամ Խորհրդարանի Նստաշրջանը Երկարաձգելու Շաբա՞թ

May 20, 2013
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Խորհրդարանական ենթայանձնախումբի նիստէն պահ մը

Ընտրական օրինագիծի քննարկման խորհրդարանական ենթայանձնախումբը այսօր կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին պիտի վերադառնայ խորհրդարան` գումարելու համար այլ նիստ մը, որուն պիտի նախագահէ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի:

Կը նախատեսուի, որ այս շաբաթ ըլլայ այնպիսի շաբաթ մը, որուն ընթացքին կարելի ըլլայ վաւերացնել ընտրական օրէնք մը եւ կամ համաձայնիլ երկարաձգելու խորհրդարանի ներկայ նստաշրջանը:

Խորհրդարանի նստաշրջանը երկարաձգելու պարագան կրնայ ըլլալ երկարատեւ, ինչպէս նաեւ կրնայ ըլլալ թեքնիք երկարաձգում մը, որուն նպատակը պարզապէս կ՛ըլլայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն նախապատրաստութիւնը:

Ենթայանձնախումբի այսօրուան նիստին ընթացքին պիտի որոշուի նաեւ խորհրդարանի լիագումար նիստին թուականը:

Նշենք, որ շաբաթ կէսօրին Պըրրիի նախագահութեամբ խորհրդարանի սեղմ յանձնախումբը գումարեց նիստ մը, որուն ներկայ գտնուեցան Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ երեսփոխաններ Ալի Հասան Խալիլ, Ալի Ֆայեատ, Ալեն Աուն, Սամի Ժեմայել, Ժորժ Ատուան, Ահմետ Ֆաթֆաթ, Սերժ Թուրսարգիսեան, Աքրամ Շեհայէպ եւ Ռոպեր Ղանեմ:

Նիստէն ետք Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան փոխնախագահ, երեսփոխան Ժորժ Ատուան յայտնեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնն ու Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխանները իրենց թեկնածութիւնները պիտի առաջադրեն 1960-ի ընտրական օրէնքին համաձայն` արգիլելու համար մրցակիցի չգոյութեան պատճառով այլ թեկնածուներու ընտրութիւնը:

Իր կարգին, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Ալեն Աուն շեշտեց, որ նոյն պատճառով իրենք եւս թեկնածութիւններ պիտի առաջադրեն:

Միւս կողմէ, մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Քոլոմպիոյ մայրաքաղաք Պոկոթայէն կոչ ուղղեց Լիբանանի ղեկավարներուն եւ պատասխանատուներուն ընտրական նոր օրէնք մը վաւերացնելու` փրկելու համար Լիբանանի արժանապատուութիւնն ու փառքը  եւ կամ իշխանութենէն հեռանալու:

Ռայի պատրիարքը ընդգծեց նաեւ, որ այս վտանգաւոր հանգրուանին ընթացքին անկարելի է, որ Լիբանան կառավարութիւն մը չունենայ:

 

Նախորդը

Նախագահ Սլէյման Խստիւ Դատապարտեց Հերմելը Հրթիռներու Թիրախ Դարձնելն Ու Իսրայէլեան Ոտնձգութիւնները

Յաջորդը

Թուրքիոյ Մէջ Պատմութեան Դասագիրքերը Դարձեալ Պիտի Գրուին

RelatedPosts

Աուն – Սալամ Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Աուն – Սալամ Հանդիպում

November 25, 2026
Նախագահ Աուն Շնորհաւորական Նամակներ Ստացաւ.  Մաքրոն. «Ֆրանսան Պիտի Շարունակէ Ներկայ Վճռորոշ  Փուլին Լիբանանի Եւ Անոր Ժողովուրդին Կողքին Կանգնիլ»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն Շնորհաւորական Նամակներ Ստացաւ. Մաքրոն. «Ֆրանսան Պիտի Շարունակէ Ներկայ Վճռորոշ Փուլին Լիբանանի Եւ Անոր Ժողովուրդին Կողքին Կանգնիլ»

November 25, 2026
Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու  Յանձնախումբը Հանդիպում Ունեցաւ  Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութեան Մը Հետ
Լիբանանեան

Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Հանդիպում Ունեցաւ Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութեան Մը Հետ

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։