Փարիզ Սեն Ժերմենի մարզիչ Քարլօ Անչելոթթիի ճակատագիրը կրնայ յստականալ իր ակումբին հետ, երբ ան այս շաբաթավերջին հանդիպում մը ունենայ Փարիզ Սեն Ժերմենի պատասխանատուներուն հետ:
Անչելոթթի ըսաւ, որ եթէ իր պաշտօնը պիտի շարունակէ, կ՛ուզէ կարգ մը բաներ փոփոխութիւններու ենթարկել:
Ֆրանսայի ախոյեան հանդիսացած Փարիզ Սեն Ժերմենի մարզիչին պայմանագրութիւնը արդէն իսկ ինքնաբերաբար երկարաձգուեցաւ մինչեւ յունիս 2014, երբ անոր կազմը ապահովեց յառաջիկայ տարեշրջանի «Չեմփիընզ-լիկ»-ի մրցաշարքին իր տոմսը:


