Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԲԸՄ Լիբանանի Վարժարաններ. «Փիւնիկի Սլացք»

May 9, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Տեմիրճեան» կեդրոնի երկրորդ յարկի սրահը բարձր տրամադրութիւն կը ներշնչէր:

Մթնոլորտը յագեցած էր կոմիտասեան երաժշտութեամբ: Ներկաները մեծ մասամբ երիտասարդ զոյգեր եւ կամ միջին տարիքի մեծ մայրեր ու մեծ հայրեր էին, որոնք  իրենց մանկահասակ զաւակներուն կամ թոռներուն ելոյթին կը սպասէին:

Նախորդ տարիներէն ի վեր քանիցս հաստատուած եւ արդէն աւանդութիւն դարձած է ձեռնարկը ժամանակին սկսելու գովելի սկզբունքը:

ՀԲԸՄ-ի Կրթական յանձնախումբին հովանաւորութեամբ, ՀԲԸՄ վարժարաններու սաները «Փիւնիկի սլացք» համերգով Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը պիտի ոգեկոչէին:

Եւ ուրեմն, երեկոյեան ժամը ուղիղ 6:30-ին բեմը  լուսաւորուեցաւ Ա. եւ Բ. կարգի աշակերտներով, անոնց մանկական զիլ ու զրնգուն ձայնով  հնչեցին Գեղունի Չթճեանի մանկական երգերէն սիրուն ու պայծառ` «Մեր երգն առաջին» եւ «Մեր հայրենիք սիրելի» երգերը:

Յաջորդ բեմ բարձրացողները «Նազարեան» վարժարանի Կոկոն եւ Ծաղիկ դասարաններու փոքրիկները եղան. անոնք մթնոլորտը լեցուցին «Մեսրոպ Մաշտոց» բանաստեղծութեան տողերով:  Քիչ ետք բեմին վրայ կրտսերներուն փոխարինելու եկան Ծաղիկ դասարանի աղջնակները: Անոնք իրենց ճերմակ, եթերային ու սիրուն հագուստներով, նազուկ ու սիրուն, «Կռունկ»-ը ներկայացուցին պարով:

Կարգը մանչերունն էր: Անոնք իրենց կշռութաւոր ու խրոխտ քայլերով «Գովք ֆիտայու» պարը ներկայացուցին: Ժառանգականութեան անբեկանելի օրէնքով ազգային հպարտութեան ծինի այս փոքրիկ ժառանգորդները, իրենք ալ չհասկնալով` թէ ինչպէ՛ս, բայց պարեցին հայօրէ՛ն: Իր հերթին հանդիսատեսը ծափահարեց  իր արեան, իր ցեղին ու տեսակին շարունակելիութեան ու յարատեւումին բերկրանքով:

Բեմի վրայ «Նազարեան» մանկապարտէզի փոքրիկներուն յաջորդելու եկան կարմիրեանցի մանուկները: Հայկական դրօշի երեք գոյները պսակի պէս իրենց գլուխներուն շուրջ ու ձեռքերուն վրայ` անոնք երգեցին, արտասանեցին ու պարեցին, հաւասարապէս յուզելով իրենց ծնողներն ու ուսուցիչները:

Յատկանշական էր  խմբովին մատուցուած «Մենք ժառանգներն ենք Արցախի» երգը:

Մակար Եկմալեան: «Սուրբ, սուրբ…»: Այս երգը միշտ պիտի ուղեկցի Ե. եւ Զ. դասարաններու միացեալ երգչախումբի անդամներուն: Որքա՜ն մաքուր ու անթերի հնչեցուց մեներգի բաժինը Անիա Պօղոսեանը… Գառնի Մարտիրոսեանը եւս ճիշդ զգացողութեամբ կատարեց իր բաժինը:

«Փիւնիկի սլացք»-ը յատկանշուեցաւ նաեւ սեւակեան տողերու աշակերտական հնչեցմամբ: «Ղօղանջ եղեռնական»-էն հատուածներ արտասանեցին` Հրակ Փարթամեանը, Վանայ Ճորճեանը, Կարօ Կիրիթլեանն ու Կարօ Նաճարեանը: Խօսքին ընկերացաւ «Գարուն ա»-ն` սրինգով, Զոհրապ Աբրահամեան, այնուհետեւ «Հով արէք»-ը` ջութակով, Սերենա Ղազարեան եւ «Լէ լէ եաման»-ը` սրինգով, որ կատարեց Մեղրի Տաքէսեանը:

Հոս յիշենք, որ դաշնամուրային ընկերակցութիւն կատարեցին Թամարա Շիր Յակոբեանը եւ շնորհալի երաժիշտ Նանոր Մաճարեանը:

Ձեռնարկի երաժշտական ղեկավար Նորա Եղիայեանը հրաշալի ընտրութիւն կատարած էր` իր սաներուն ու հանրութեան ներկայացնելով հայ երգի բազմերանգ այն փունջը, որ հաւասարաչափ հաճոյք ու ոգեւորութիւն փոխանցեց կատարողին եւ ունկնդրին:

Քիչ անց սրահը լեցուեցաւ մեծն Թումանեանի ու Տիգրանեանի խօսք ու երաժշտութեամբ: Ե. եւ Զ. կարգերու աշակերտները հնչեցուցին «Համբարձում եայլա» եւ «Ամպի տակից» երգերը` այդպիսով անգամ մը եւս հաստատելով, որ սփիւռքեան այս սերունդը ե՛ւս հաւատարիմ կը մնայ ազգային իր արժէքներուն:

Աշակերտական կատարման համար բարդ ընտրութիւն էր Ռ. Մելիքեանի «Վարդը» ռոմանսը, սակայն Վաչէ Չըլտրեանին պատանեկան սոփրանոն շատ սիրուն ներկայացուց  գողտրիկ այդ երգը:

Այնուհետեւ արաբական «Անո՛ւնդ, երկիր իմ» երգը հնչեց երգչախումբի եւ երկու մեներգողներու` Աննա-Մարիա Պարսումեանի եւ Գարին Հաճեանի անթերի կատարողութեամբ եւ համերգը իր աւարտին հասաւ «Եռագոյն» երգով:

Աւարտին, հպարտ` իր սաներով, բեմ բարձրացաւ ՀԲԸՄ վարժարաններու ընդհանուր տնօրէն Արա Վասիլեանը: Ան  խօսեցաւ հայկական ինքնութեան եւ անոր բաղադրիչներուն մասին, խօսեցաւ Կոմիտասի կեանքի ուղիին ու անոր ընդմէջէն մեր ժողովուրդի պատմական ելեւէջներուն, ազգային գիտակցութեան ու անկոտրում պայքարին մասին:

«Փիւնիկի սլացք» համերգով մենք կ՛ուզենք շեշտել, որ հայ նորագոյն սերունդը եւս աւագներու օրինակով կը խոնարհի մեր միլիոնուկէս նահատակներու յիշատակին առջեւ եւ կը զօրակցի հայրենիք Հայաստանին:

ՀԲԸՄ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ
ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

Նախորդը

Գաղութէ Գաղութ

Յաջորդը

«Լ. Շանթ» Կեդրոնին Մէջ. Միջդպրոցական Նկարչութեան Մրցումի Աւարտական Հանգրուան Եւ Մրցանակաբաշխութիւն

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.