Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայոց Ցեղասպանութեան 98-ամեակի Նշում Դամասկոսի Մէջ

May 4, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հակառակ Սուրիոյ մէջ տիրող իրավիճակին` դամասկահայերը վճռած էին արժանավայել կերպով ոգեկոչել Հայոց ցեղասպանութեան 98-ամեակը:

Առ այդ, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մասնաճիւղին, չորեքշաբթի, 24 ապրիլ 2013-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին Դամասկոսի յոյն կաթողիկէ եկեղեցւոյ «Զէյթուն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ապրիլեան նահատակներու 98-ամեակին նուիրուած ոգեկոչման ձեռնարկ:

Ներկայ էին Սուրիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Արշակ Փոլատեան, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան աշխատակիցները, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկեան» թանգարանի փոխտեսուչ Պարոյր աբղ. Շերնէզեան, միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ բազմաթիւ դամասկահայեր:

Բացման խօսքը արտասանեց Համզգայինի ատենապետ Միհրան Ղազարեան, որ նկատել տուաւ, թէ համահայկական ոգեկոչումները խօսուն արտայայտութիւններն են տեղահանուած, ջարդուած, հայրենազրկուած ազգի մը մնացորդներուն, որոնք արդարութիւն կը պահանջեն: Ան հաստատեց. «Հակառակ թրքական բնաջնջումի քաղաքականութեան, բնաջնջում` ֆիզիքական, մշակութային, պատմական, հայ ժողովուրդը այսօր անգամ մը եւս կը փաստէ, թէ ինք վերապրած է եւ կը նշէ Հայոց ցեղասպանութիւնը` մարդկութեան դէմ գործադրուած ահռելի ոճիրը, հաստատելով, թէ զայն գործադրողը հաշուետու է պատմութեան առջեւ»: Ղազարեան շեշտեց, որ մարդկութեան դէմ գործուած եղեռնը 98 տարի ետք ցեղասպան պետութիւնը ոչ միայն չ՛ընդունիր իր ոճիրը, այլեւ դոյզն չափով իսկ զղջում չի յայտներ ահաւոր եղեռնագործութեան համար:

Ատենապետը իր խօսքը աւարտեց հետեւեալով. «Ապրիլ 24-ը մեր անտեղատալի պայքարին նոր աւիշ ներարկելու օր է: Փառք հայոց անմահ նահատակներու լուսաշող յիշատակին, փառք մեր արդար պայքարի վստահ յաղթանակին»:

Ձեռնարկին գեղարուեստական յայտագիրին մաս կազմեցին` Նորա Խաճարեան-Պալեան, որ Սիամանթոյին «Խաչ»-ը ասմունքեց, Մեղրի Պետիրեան մեներգեց «Կռունկ»-ը`  ընկերակցութեամբ Նարեկ Ապաճեանի, իսկ Փաթիլ Խաճարեան ջութակի վրայ նուագեց «Տէր ողորմեա» եւ «Կռունկ» կտորները:

ՍԵՄ-ի խօսքը փոխանցեց Թամար Քիւրտեան, որ ըսաւ. «Ապրիլ 24 է կրկին. ան խորհրդանիշն է հայ ազգի յոյսի, ճիշդ այնպէս, ինչպէս այս ամսուան անունը կը պարտադրէ` ապրիլ: Ահա այս նպատակէն առաջնորդուած` մենք որպէս Սուրիոյ երտասարդական միութեան անդամներ, յանձնառու եւ եռուն գործունէութիւն կը տանինք արտայայտելու մեր ցասումը ընդդէմ Թուրքիոյ կատարած անմարդկային ու քստմնելի արարքին, որուն զոհը գացին 1,5 միլիոն անմեղ հայեր. անոնք տեղահան եղան իրենց սեփական տուներէն ու հողերէն եւ ճիւաղային միջոցներով սպաննուեցան անօթի ու ծարաւ»:

Քիւրտեան հաստատեց, որ այսօր Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումն ու դատապարտումը հայութեան անկապտելի իրաւունքներուն վերականգնումը անժամանցելի պահանջներ են: Ան ըսաւ. «Հսկայ ու անկշռելի է մեր` երիտասարդներուս ուսերուն վրայ դրուած պարտքը, թելադրուած մեր` նահատակներուն արեան ճիչերէն, բռնագրաւուած մեր հողերու կանչերէն: Կը խոստանանք, որ ամէն ոգեկոչում նոր թափ ու ուժգնութիւն պիտի տայ զոհողութեան պայքարի ճակատներուն վրայ մարտնչող մեր ազգի հերոս զաւակներուն»:

Ան իր խօսքի աւարտին ըսաւ. «1,5 միլիոն  անմեղ նահատակներուն յիշատակը անշէջ պիտի մնայ  մեր հոգիներուն մէջ , զգաստ ու արթուն, վճռական ու բարձրաճակատ պիտի քալենք զոհողութեան ու նուիրումի ճանապարհներէն` քայլ պահելով ժամանակին հետ ու արիաճակատ կեցուածքով ցոյց պիտի տանք աշխարհին, որ թէեւ ջարդուած ու աքսորուած սերունդի մը մնացորդներն ենք, բայց նաեւ յարութեան գաղափարով ապրող ու յաղթանակի հաւատացող սերունդ մըն ենք»:

Հանդիսավար Մարիանա Ճիւլեան բեմ հրաւիրեց օրուան բանախօս, Սուրիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան դոկտ. փրոֆ. Արշակ Փոլատեանը, որ հանդէս եկաւ «Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ անոր միջազգայնացման շուրջ» խորագիրով բանախօսութեամբ, զոր կը ներկայացնենք անջատաբար:

Ապա բեմ բարձրացաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկեան» թանգարանի փոխտեսուչ  Պարոյր աբղ. Շերնէզեան, որ իր պատգամը փոխանցելով` ըսաւ: «Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. հայրապետին` կը փոխանցեմ հայրապետական ողջոյններն ու օրհնութիւնը դամասկահայութեան, որ հակառակ դժուար կացութեան եւ նեղ պայմաններուն, այս սրահին մէջ հաւաքուած, կու գայ իր պարտքը տալու 1.5 միլիոն զոհուած իր նախահայրերուն»:

Պարոյր աբղ. Շերնէզեան շեշտեց, որ իւրաքանչիւրիս սրտին մէջ տակաւին կը վառի պայքարի ջահը, եւ երբ այդ ջահերը քով-քովի գան, կը դառնան միակամ, միահամուռ, այն ժամանակ քով քովի եկած ջահերը կը դառնան կրակ ու բոց: «Այսօր, հակառակ դժուար պայմաններուն, մենք հաւաքուած ենք թուրքին երեսին գոռալու, որ ոչ մէկ պատճառ կրնայ մեզի մոռցնել տալ իր գործած ահաւոր ոճիրը, ոչինչ կրնայ արգիլել, որ մեր պահանջատէր ժողովուրդը ամէնուրեք համախմբուի, ոգեկոչէ նահատակներուն յիշատակը եւ հատուցում պահանջէ», հաստատեց ան:

Ապա Պարոյր աբղ. Շերնէզեանը «Պահպանիչ»-ով փակեց ձեռնարկը եւ օրհնեց ներկաները:

Նախորդը

Հայոց Ցեղասպանութիւնը Եւ Նրա Միջազգայնացման Գործընթացի Շուրջ (98-րդ տարելիցի կապակցութեամբ)

Յաջորդը

«Եուրոփա Լիկ». Չելսի – Պենֆիքա Աւարտական` Յառաջիկայ 15 Մայիսին

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.