Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ո՛չ Տղաք, Սխալ Էր

May 1, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՃԵՆԱՆԵԱՆ

Անշուշտ թէ ապրիլ 24 թուականը սրտին կսկծանքի, մեղադրանքի եւ բողոքի զգացումներով լեցուն ալիքներ կը յառաջացնէ իւրաքանչիւր հայու հոգիին մէջ` թուրքին հանդէպ, մանաւանդ` նոր աւիւնով տոգորուած երիտասարդութեան մօտ, քանի որ իրենց հայրերուն հանդէպ գործադրուած ահաւոր ջարդերը անոնց արիւնը կը բորբոքի ու իսկապէս կը վրդովին:

Բոլորս, առաւել կամ նուազ չափով ամէն տարի յիշատակի այդ օրը կ՛ալեկոծինք ներքնապէս, երբ կ՛ոգեկոչենք այդ սեւ թուականը եւ եղածին հանդէպ անզօր` պահ մը մեր մտքերուն մէջ թուրք ոճրագործ ցեղին անունը կը պատճառէ արտայայտելու բիւր լուտանքներ եւ անէծքներ` մեծ ու պզտիկ անհատներու բերնով, թէ կազմակերպուող սգահանդէսներու ընթացքին:

Սակայն վերջերս հանդիպեցանք այպանելի երեւոյթի մը` ապրիլ 24-ի օրը, Պէյրութի եւ արուարձաններու մէջ թաղէ թաղ, պատերու վրայ թէ գետինները փողոցներու վրայ մեծ տառերով ներկուած` իբր թէ թուրքը նուաստացնող եւ անարգելու միտումով հայհոյանքի գրութիւններ եւ գծագրութիւններ` անգլերէն եւ արաբերէն լեզուներով:

Հաւատացէք` մենք ամչցանք զանոնք դիտելով. բայց գիտցէք, որ այդ միջոցը չ՛ազդեր թուրքին, ինչպէս որ կ՛ըսեն, անամօթին երեսին թքես իսկ` չի զգացուիր, բայց մենք է, որ մեր ծանրութիւնը կը կորսնցնենք այդ պարագային, երբ հասարակ եւ գռեհիկ ձեւի կը դիմենք: Այո, ամէն տեսակի բողոքներ կարելի է բարձրացնել, բայց` ոչ անքաղաքակիրթ ըսուելու աստիճան, այլ` հայու վեհանձնութեամբ եւ արդար մարդու քաջ կեցուածքով պահանջատէր երեւնալու: Այո, թերեւս երիտասարդներ, եռուն խանդով եւ վրէժի տենդով մղուած, հաւանաբար ինքնագլուխ ըրին այդ բոլորը, բայց որպէսզի պահած ըլլայինք մեզի արժանի մակարդակը, կրնայինք ընտրել աւելի ցցուն եւ ազդու ձեւեր` օտարներու համակրանքն իսկ շահելու: Օրինակ` շատ տպաւորիչ պիտի ըլլար հաւաքել քանի մը հարիւր 10-12 տարեկան մանուկներ եւ այդ օր ապրիլ 24-ին զանոնք օթոպիւսներով տանիլ եւ իջեցնել թրքական դեսպանատան առջեւ եւ բռնած ըլլան պաստառներ գրուած` արաբերէն, անգլերէն լեզուներով մեր պահանջը արտայայտող, նոյն  ատեն, գոնէ ժամ մը հոն կանգնած` կանչեր արձակեն կարճ ոճերով: Նոյնպէս, անոնց մեկնելէն ետք, գան եօթանասունը անց քանի մը հարիւր հայեր եւ մէկ ժամ պէտք եղած ցոյցը կատարեն: Այս առիթով կարելի է հրաւիրել նախապէս միջազգային յայտնի թերթերու եւ հեռուստատեսիլներու թղթակիցներ, որպէսզի նկարին վերոյիշեալներու տեսարանները եւ ղրկեն իրենց պատկանած մասնաճիւղերուն, եթէ նոյնիսկ վճարովի ըլլան անոնք: Ու կարելի է որոնել նման այլ միջոցներ:

Ահաւասիկ մեր կարծիքը` յաջորդ տարիներուն գէթ ինքնազսպումով եւ խաղաղ միջոցներով մեր ըսելիքները եւ նպատակները կարենանք հասցնել թուրքին եւ միւս ազգերուն, մինչեւ այն օրը, որ պայքարի այլ միջոցներ ձեռնտու ըլլան հասնելու մեր երազներուն:

25 ապրիլ 2013

Նախորդը

Նամականի

Յաջորդը

F*** TURKEY

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.