Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան «ֆայնըլ-էյթ»-ի իր կատարած երկրորդ մրցումին, երէկ ՀՄԸՄ Պէյրութ Սաժես Ժըտէյտէի դաշտին վրայ 70-29 արդիւնքով պարտութեան մատնելէ ետք Շեպիպէն եւ անոր վրայ 2-0 արդիւնքով յառաջանալէ ետք, ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը:
Մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 6-22, 10-8, 9-22 եւ 4-18:
ՀՄԸՄ-էն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ռուտի Ֆարրաժ (22), ապա` Մարիօ Ապպուտ (18) եւ Հայկ Խաչերեան (7):
Իր կարգին, Թատամոն ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը` 85-62 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Լիբանանեան բանակը եւ 2-0 արդիւնքով յառաջանալով անոր վրայ:
Ինչ կը վերաբերի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտականի երկրորդ մրցումին, Ռիատի Պէյրութ իր երկրորդ յաղթանակը արձանագրելով (83-73) 2-0 արդիւնքով յառաջացաւ ՀՄԸՄ Անթիլիասի վրայ:
ՀՄԸՄ-էն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Այտա Պախոս (18), ապա` Լէյլա Ֆարես (17) եւ Նաթալի Սվաճեան (14):
Մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 15-15, 31-13, 17-13 եւ 20-32:
Երկու կազմերուն միջեւ երրորդ մրցումը տեղի պիտի ունենայ շաբաթ, 20 ապրիլ 2013-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին եւ ոչ թէ երեկոյեան ժամը 18:00-ին:


