
Երէկ, տեղի ունեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի կիսաւարտական հանգրուանի 2-րդ դարձի մրցումը, որուն ընթացքին Փիւնիկ թէեւ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Գանձասարի հետ, սակայն ապահովեց աւարտականի իր տոմսը` տրուած ըլլալով, որ անիկա երթին 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրած էր:
Գագիկ Պօղոսեան նշանակեց Փիւնիկի կոլը (25-րդ), իսկ Ուիլիըմ Փոթաքեր` Գանձասարի կոլը (43-րդ):
Նախանցեալ օր Շիրակ թէեւ 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Միքայի հետ, սակայն շրջանցեց այս հանգրուանը, որովհետեւ երթին 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրած էր:


