ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ
Չորս յաջորդական օրեր լիբանանահայ արուեստասէր բազմութիւն մը ներկայ եղաւ «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահ, ուր հետեւեցաւ Համազգայինի Հայաստանի թատերախումբի անդամներուն տարբեր ու այլազան բնոյթի մատուցումներուն: Սրահը կը յորդէր: Յաւելեալ աթոռներ տեղադրուեցան ներկաները տեղաւորելու: Հետաքրքրութիւնը վարակիչ էր: Նախորդող երեք օրերուն (4, 5, 6 ապրիլ) ներկայ եղած էինք թատերախաղերու. «Մի գաւաթ բարութիւն»` բեմադրութիւն Սօս Սարգսեան (Ուիլիըմ Սարոյեան), «Շան աղջիկ», բեմադրութիւն Սօս Սարգսեանի եւ Սաթենիկ Խաչատրեանի: Երրորդ ներկայացումով հետեւեցանք դերասաններու այս խումբին երգելու, նուագելու, ասմունք ներկայացնելու եւ թատերական հատուածներու ներկայացումին:
Հանդիսավարն է թատերախումբի տնօրէն, Վարդան Մկրտչեան: Ան կը ներկայացնէ օրուան յայտագրին բնոյթը, թէ` Համազգայինի Հայաստանի թատերախումբին անդամները ընտանեկան տրամադրութիւն ունեցող շնորհալի անդամներ են, իւրաքանչիւրը` իր տաղանդով արտայայտուող: Անոնք պիտի ներկայացնեն իրենց հոգեկան առանձնաշնորհները, հայու ոգին:
Բեմը կը բացուի: Ճակատին կը փայլի պաստառ մը, ուր կը տեսնենք հայրենի վաստակաշատ դերասան, Հայաստանի Համազգայինի թատերախումբի հիմնադիրը, լիբանանահայութեան ծանօթ հայրենասէր արուեստագէտը, ոչ միայն դերասանը, այլեւ գրողը, ճառախօսը` Սօս Սարգսեան: Կը լսուի իր պատգամը: Տարիները իրենց դրոշմը ձգած են արուեստագէտին ֆիզիքականին, բայց ոչ` անոր հոգեմտաւոր զօրութեան: Կը ծափահարենք ջերմ սիրով, հաւատալով, որ ան ներկայ է մեր մէջ…
Դերասաններու խումբը կը ներկայանայ բեմ, խմբերգով մը, որ խանդավառ շեշտադրում ունի: «Լարիտ թըմպըրլալա, հա, հա, հա»: Կը յաջորդէ ասմունքը. Դաւիթ Յակոբեան բեմ կու գայ: Ծանօթ է Լիբանանի թատերասէրներուն: Քանի մը տարի առաջ ան եղաւ մեզի հետ ու շէնցուց թատերական մթնոլորտը, մասնաւորաբար` երիտասարդական թատերախումբեր մարզելով Համազգայինի մթնոլորտին մէջ:
Կ՛արտասանէ Հրանդ Մաթեւոսեանի հայրենասիրական մէկ երկը: Մխիթար Աւետիսեան կը ներկայացնէ Պարոյր Սեւակի մէկ բանաստեղծութիւնը: Ասմունքով ու երգով հանդէս կու գան Արման Նաւասարդեան, Սերգէյ Թովմասեան, Վարշամ Գէորգեան, Նարեկ Բաղդասարեան (Հայաստանի բանակի զինուոր), որ յատուկ արտօնութեամբ կը մասնակցի այս հիւրախաղին: Նարեկ հաճելի ձայն ունի, կը նուագէ կիթառ ու կ՛երգէ: Կը ծափահարենք արուեստագէտ, շնորհաշատ Նարեկը:
Արմինէ Անդրէասեան ասմունքով մը կը ներկայանայ: Նարինէ Գրիգորեան կը կատարէ մենաթատրոն, «Հրեշտակը եւ սատանան»` արժանանալով հանդիսականներու ջերմ ծափերուն: Մխիթար Աւետիսեանի Շարլ Ազնաւուրի երգերը, հայերէն թարգմանուած, նորութիւն մը նկատուեցան, մասնաւորաբար` «Իմ աղջկան» երգը:
Նախքան յայտագրի աւարտը, խումբը ներկայացուց «խոհանոց» մը, աննախընթաց ներկայացում մը` լիբանանահայերուս համար: Իւրաքանչիւր դերասան եղած էր խոհանոցի գործիք մը, ինչպէս` սառնարան, ծորակ, որ խանգարուած է, եւ ուրկէ ջուր կը կաթկթէր, լուացքի մեքենայ մը, դգալներ, թէյնիկ, հին պահարան, ժամացոյց, «աշխատանքի» լծուած, մարդկային կերպարանքով: Ծիծաղը «համահունչ» է:
Ապա` կրկին խմբերգ մը, կը հետեւի Սօս Սարգսեանի պատկերասփիւռային երեւումը` որուն «Կանչով» կը յիշուի հայ մայրը: Օրը 7 ապրիլ է, նուիրուած` մայրերու. հարկ է չմոռնալ հայ մայրը, որ աննման է եւ չի նմանիր որեւէ մէկ ազգի մօր, որ չունի «ջան», «ցաւդ տանեմ», «քորանամ քեզ համար» եւ նման սրտի խօսքեր: Սօս Սարգսեանի պատգամը հնչեղ է, վաւերական:
Պաստառին վրայ կը տողանցէ հայոց բանակը, պաշտպանը հայրենիքի, «Մեր անունն է հայկական բանակ» յանկերգով:
Հանդիսավար Վարդան Մկրտչեան շնորհակալութիւն կը յայտնէ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային եւ Կեդրոնական վարչութիւններուն` այս հիանալի առիթին ստեղծման համար: Ան կը յայտարարէ, որ Երեւանի մէջ պիտի կառուցուի Հայաստանի Համազգայինի թատերասրահը, կը յայտնէ սփիւռք-հայրենիք գործակցութեան կարեւորութիւնը:
Այս նախաձեռնութեամբ Սօս Սարգսեանի «Կանչը» ունկնդրուեցաւ յուզումով եւ հիացումով: Արման Նաւասարդեանի արտասանած ասմունքը` Համօ Սահեանի «Հայաստանի քարերը» իրաւամբ հայրենի աշխարհին կարօտով լեցուց մեր սիրտերը:
Համազգայինի անունով Սարգիս Կիրակոսեան շնորհակալութիւն յայտնեց հայրենի Համազգայինի թատերախումբին մեր մէջ ներկայութեան եւ բարի վերադարձ մաղթեց թատերախումբին, դարձեալ իրարու հանդիպելու մաղթանքով:
Անմոռանալի երեկոներ` արուեստի ըմբոշխնումով:


