Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Նոազ Արք» Նիւ Եորքէն Կը Վերադառնայ Եւ Անմիջապէս Կը Մեկնի Մոնաքօ

April 10, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter
«Նոազ արք»-ի տաղաւարէն անկիւն մը

Զուգահեռաբար միջազգային արուեստի այլ տօնավաճառներու «Նոազ արք» ցուցասրահը, սկսեալ 2002 թուականէն մինչեւ 2008, գրեթէ ամէն տարի, այլ միջազգային արուեստի կեդրոններու առընթեր կը մասնակցէր նաեւ Նիւ Եորքի «Արթ էքսփօ»-ին: Հակառակ «Նոազ արք»-ին ցուցաբերած  նուաճումներուն, նիւեորքեան մասնակցութիւնները ընդհատուեցան Միացեալ Նահանգներու յայտնի տնտեսական ճգնաժամին պատճառով: Սակայն վերջերս ան ընդառաջելով կազմակերպիչներու հրաւէրին եւ ընձեռած դիւրութիւններուն` դարձեալ մասնակցեցաւ Նիւ Եորքի «Արթ էքսփօ»-ին, որ տեղի ունեցաւ մարտ 21-24, «Փիր 92» համագումարներու կեդրոնին  մէջ:

Այս տարի եւս «Նոազ արք» կը ներկայանայ հոյլ մը հայ գեղանկարիչներու ստեղծագործութիւններով, ինչպէս` Վահրամ, Ռուբէն Աբովեան, Պերճ Չաքեճեան, Դաւիթ Դաւթեան, Սուրէն Ոսկանեան, Էդիկ Բերդեան, Յարութիւն Արմէնեան, Յարութիւն Նիկոլեան եւ այլն: Այս մէկը «Նոազ արք»-ի 28-րդ միջազգային ցուցահանդէսն է, որ կը մասնակցի, որոնց ընթացքին ան միշտ ցուցադրած է հայ կերպարուեստագէտներու ստեղծագործութիւններ, որոնք արժանացած են միջազգային արուեստասէրներու, արուեստաբաններու եւ լրատուամիջոցներու բարձր գնահատանքին եւ արժեւորման: Անկախ մասնակի հաղորդումներէն եւ տեղեկատուական բնոյթի արձագանգներէն, այս տարի «Ար. Թի. Էն.» պատկերասփիւռի կայանն ու «Ֆայն արթ մակազին»-ը յատուկ կարեւորութեամբ անդրադարձան «Նոազ արք»-ի ցուցադրած արուեստի որակին եւ բնոյթին:

Ցուցահանդէսէն ընդհանուր տեսարան մը

Տրուած ըլլալով, որ «Նոազ արք» արդէն իսկ միջազգայնօրէն գնահատուած եւ ուրոյն դիմագիծ ունեցող ցուցասրահ է, ան ամէն տարի հրաւէրներ կը ստանայ աշխարհի գրեթէ բոլոր միջազգային կարեւոր ցուցահանդէսներէն,  սակայն հնարաւորութիւն կ’ունենայ մասնակցելու  առաւելագոյնը երկու կամ երեք նմանօրինակ ցուցահանդէսի: Նիւ Եորքէն ետք, այս ապրիլի վերջաւորութեան ան պիտի մասնակցի «Մոնաքօ 13» կրիմալթի ֆորիւմին մէջ կայանալիք ցուցահանդէսին, իսկ սեպտեմբերին շատ հաւանաբար մեկնի Մոսկուա` մասնակցելու համար Քասթին տըվոր քոնվենշըն սենթըրի մէջ կայանալիք միջազգային ցուցահանդէսին:

Իր փորձառութենէն մեկնելով` «Նոազ արք»-ի տնօրէնութիւնը կը հաստատէ, թէ վերջին տարիներու արուեստի շուկայի նահանջէն ետք, վերջերս սկսած է աշխուժանալ նոր թափով: Գլխաւոր պատճառը այն է, որ տնտեսական ճգնաժամի ժամանակ, երբ կալուածներու գիները կը նահանջեն եւ դրամանիշները կը սկսին արժեզրկուիլ, ապա արուեստի (խօսքը բարձրորակ եւ ինքնատիպ արուեստի մասին է) վրայ կատարուած ներդրումները աւելի վստահելի եւ ապահով կը դառնան: Այս առումով արուեստասէրները կը նախընտրեն իրենց յաւելեալ գումարները շարժական եւ տուրքէ զերծ արժէքներու վերածել:

Ահաւասիկ թէ ինչո՛ւ, ճիշդ պիտի ըլլար «Նոազ արք»-ի օրինակին հետեւելով` այլ ցուցասրահներ եւս հայ կերպարուեստը ներկայացնեն միջազգային արուեստի կեդրոններու մէջ, մանաւանդ որ մենք ունինք միջազգայնօրէն մրցունակ կերպարուեստի որակ եւ քանակ, սակայն չունինք ատոր համապատասխան արուեստի շուկայ:

ԹՂԹԱԿԻՑ

Նախորդը

2013-Ի Նոյեմբերէն Առաջ Պէտք Է Համաձայնինք. Պրիւքսէլի Մէջ Մուրատ Եթքինին Հարցումներուն Պատասխանող Այտար, Կը Հաստատէ, Որ Քիւրտերը Հարց Մը Չունին Թուրքիոյ Դրօշակին Եւ Սահմաններուն Հետ

Յաջորդը

Ֆրանչեսկոս Քահանայապետ Խոնարհութեան Մեծաւորը Եւ Հայ Դատի Արի Պաշտպանը

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.