Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին մաս կազմող Արազ Օզպիլիս ռուսական «Իզվեսթիա» պարբերաթերթին տուած է հարցազրոյց մը:
Օզպիլիս անդրադառնալով, թէ ինչո՛ւ ընտրած է Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, ըսած է. «Հայաստանի հաւաքականը իմ սիրտս է»:
Խօսելով 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ ազգային հաւաքականին կատարած ելոյթներուն մասին` Օզպիլիս մասնաւորապէս ըսած է. «Խումբս կ՛աշխատի: Մեզի միայն համբերութիւն պէտք է: Մենք բարձրակարգ եւ որակաւոր ֆութպոլիստներու լաւ ընտրութիւն ունինք: Կը կարծեմ, որ մեր յոյսերը ցարդ կը մնան Պրազիլի տոմս մը ապահովելու համար: Մեզի միայն կը մնայ հաւատալ եւ ամէնէն կարեւորը` օգնել իրարու: Այդ ժամանակ ամէն ինչ կրնանք ստանալ»:
Օզպիլիս խօսած է նաեւ հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Վարդան Մինասեանին հրաժարականին եւ այդ դիմումին մերժումին մասին` ընդգծելով, որ ֆութպոլը խմբային խաղ մըն է, հետեւաբար միայն մարզիչները չեն, որ պատասխանատու են:


