Յառաջիկայ 8-14 ապրիլին Թիրանայի մէջ տեղի պիտի ունենայ Եւրոպայի ծանրաբարձութեան ախոյեանութիւնը:
PanArmenian.Net լրատուական կայքէջը, վկայակոչելով հայկական լրատու աղբիւրները, կը յայտնէ, որ Հայաստանի տղոց հաւաքականը այս ախոյեանութեան պիտի մասնակցի երիտասարդ ծանրաբարձներով:
Հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Պօղոս Պօղոսեան հրապարակեց Հայաստանի հաւաքականին մաս կազմող ծանրաբարձներուն անունները հետեւեալ ձեւով. պատանիներու աշխարհի ախոյեան Անդրանիկ Կարապետեան (77 քկ), երիտասարդներու Եւրոպայի ախոյեան, պատանիներու ողիմպիական խաղերու արծաթէ մետալակիր Գոռ Մինասեան եւ Եւրոպայի երիտասարդներու ախոյեանութեան առաջին հանդիսացած Հայկ Յակոբեան (անոնք երկուքն ալ ելոյթ պիտի ունենան գերծանր կշիռի դասակարգի մրցումներուն):
«Մենք նպատակայարմար գտանք, որ մեր երիտասարդ ծանրաբարձներուն կարելիութիւն տանք, որ անոնք ցոյց տան իրենց ուժերը: Անոնք մեզի վստահութիւն ներշնչած են: Մենք նպատակ ունինք մինչեւ 2016-ի ողիմպիական խաղերը 2-3 լաւ ծանրաբարձներ պատրաստել», ըսաւ մարզիչը:
Մարզիչին խօսքերով, աւելի փորձառու ծանրաբարձները` նկատի ունենալով, որ լաւապէս ապաքինած չըլլալով հանգիստի մէջ են, յառաջիկայ աշնան առիթը պիտի ունենան մասնակցելու աշխարհի ախոյեանութեան:


