Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԿԻՐԱՆՕՐԵԱՅ ԽՕՍՔԸ. «ՉԱՓԷՆ ԱՒԵԼԻ ՀԱՒԱՏԱՑԵԱԼ» ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ՄԵԾ ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏԸ…

May 17, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սիրելի՛ ընթերցող, արեւափայլ օր մը, Յիսուս, «անիրաւ դատաւորին» առակը պատմելէ ետք` այս զարմանալի հարցումը ուղղեց իր ունկնդիրներուն. «Իսկ Մարդու Որդին երբ գայ, արդեօ՞ք հաւատք պիտի գտնէ երկրին վրայ…» (Ղկ. 18,8):

Մարդու Որդին ի՛նքն է` Յիսուս Քրիստոս, որուն շեշտուղիղ հարցադրումը, ժամանակներու հոլովոյթով եւ դէմքերու տողանցքով իսկ, մի՛շտ ունէր իր ուժականութիւնն ու յա՜ր ունի իր այժմէականութիւնը:

Մեր ժամանակին դէմքերէն մին էր տէրունական հարցադրումը լսած եւ ապրիլ ջանացած Ալեքսան Մնակեան (1936-1986) տաղանդաւոր ձեռնադաշնակահարը‘ իրաւացիօրէն յոյժ հռչակեալ լիբանանահայ աքորտէոնիսթ-ը, որուն «ծննդեան 75 եւ մահուան 25 ամեակներուն առիթով» Համազգայինի մայիս 8-ին կազմակերպած համերգային յուշահանդէսը միայն արժանի է մեր բաձր գնահատանքին:

Ալեքսան հայ մարդը սան էր Վիեննական Մխիթարեան վարժարանին: Իտալիա երթալէն առաջ` Ալեքսան ձեռնադաշնակահարը աշակերտեցաւ հայութեան երկրորդ մեծագոյն հոգեւորական երաժիշտին` Գրիգոր վրդ. Հէպոյեան (1908-1985) Մխիթարեանին (օր մը գրելու եմ այս յօդուածը. «Ա. Մնակեան Հ. Հէպոյեանի յուշերուն մէջ»):

Ա. Մնակեանին հանդիպեցայ երկու անգամ միայն, Պէյրութ եւ Հազմիէ: 1975-1976 քաղաքացիական պատերազմին ռմբակոծումներէն վնասներով ճողոպրած, նուազաթիւ աշակերտութեամբ սկսած Վիեննական Մխիթարեան վարժարանին վերանորոգ գործունէութեան տարիներու եռքին մէջ էինք, երբ 1981-1982 տարեշրջանին հրաւիրեցի մեր Ալեքսանը` «Մխիթարեանցին», որ հանդիպում-ասուլիս ունենայ իր սիրած դպրոցին աշակերտ-աշակերտուհիներուն հետ:

Ալեքսան ոչ միայն չմերժեց, այլ նաեւ ամենայն պարզութեամբ եւ իւրայատուկ ժպիտով ընդունեց հրաւէրս: Արդէն առաջին հանդիպումին մտերմացանք, կարծես` հին բարեկամներ ըլլայինք: Այս արագ մտերմութիւնը, ինչպէս ան բնութագրեց,  «Մխիթարեան»-ի բնական առանձնաշնորհումն է…: Երիտասարդ վարդապետիս վերաքաղեց իր «Մխիթարեան»էն դէմքեր ու դէպքեր, սիրայուշ խանդաղատանքով:

Թուականը միասնաբար որոշեցինք: Աշակերտութիւնը անհամբեր էր դէմ առ դէմ տեսնելու իր հեռատեսլային «Զորօ»-ն…: Վերի երկու դասարաններուն սան-սանուհիները գրաւոր պատրաստեցին իրենց հարցումները: Ա. Մնակեանի այցելութիւնը տօնական օր եղաւ իր ու մեր վարժարանին համար: Բոլորս ուրախ էինք: Աւելի՛ն. մեր հիւրը համակուած էր յուզումնախառն ցնծութեամբ: «Կը վերապրիմ իմ աշակերտական տարիներս Մխիթարեանին մէջ…»: Բոլոր հարցումներուն պատասխանեց բացայայտ անկեղծութեամբ ու պարզութեամբ: Ամէն մէկ պատասխանը կը ջանար փակել թելադրանքով:

«Առաւօտուն, Աստուածածնայ տօնին առիթով, պատարագ կազմակերպուած էր. Համազգայինին դիմուած էր մասնակցութիւն բերելու այդ պատարագին: Ալեքսը պարտադրած էր, որ խումբը երգէ «Տէր ողորմեա»ն եւ «Հայր մեր»ը: Իսկ ինք հաղորդութիւն առած էր. չէ՞ որ երեկոյեան ելոյթին պիտի նուագէր:

Չափէն աւելի հաւատացեալ էր Ալեքսը: Միայն «մարտի դաշտ» երթալէն առաջ չէր, որ կը հաղորդուէր: Կը հաղորդուէր ամէն ճամբորդութենէ առաջ» (Կ. Յովհաննէսեան, «Հայրենասէր եմ երաժիշտ ըլլալէ առաջ», Ազդակ, Պէյրութ, 30 ապրիլ 2001, էջ 5ա):

Բարեկամին վկայութիւնը երիցս կրկնելով` կը հաստատեմ, թէ Ա. Մնակեան ոչ միայն հաւատացեալ էր, այլ նաեւ չէր քաշուեր յայտնելու իր հաւատացեալութիւնը: Հարցումներուն վերջինն էր. «Պրն. Մնակեան, ո՞րն է այսօր Մխիթարեանէն ձեզի մնացած ամէնէն սիրելի եւ օգտակար ժամը…»:

Ժպտերես, ինչպէս բոլոր հարցումներուն, թէպէտ այս անգամ քիչ մը յապաղումով, բայց եւ այնպէս այնքան աւելի սրտաբուխ խանդով պատասխանեց` մեծ անակնկալի մատնելով թէ՛ վարդապետներս ու թէ՛ աշակերտները. «Հինգշաբթի օրերուն աշակերտական Ս. Պատարագներն ու քարոզները: Անոնցմէ առի աղօթքին կարեւորութիւնը: Այո՛, ես ամէն օր կ՛աղօթեմ: Սիրելի աշակերտնե՛ր, ձեր կեանքին մէջ չըլլայ թէ ամչնաք հաւատացեալ ըլլալու համար: Անցեալին մեր ու ներկային ձեր վարդապետները ճիշդ կը սորվեցնեն, քանի միայն հաւատքը կը մնայ մեզի եւ ձեզ կը զօրացնէ ձեր դժուարութիւններուն մէջ»:

ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ

Այնճար,
9 Մայիս 2011

 

Նախորդը

«Ասպարէզ»ի «Մկրտիչ Արարատեան» Գրադարանը Ստացել Է. «Հայոց Ցեղասպանութեան Ազդեցութիւնը Երգ-Երաժշտութեան Վրայ» Հեղինակ` Աւօ Գաթրճեան, Տպագրութիւն` Հալէպ, 2010թ.

Յաջորդը

ՆՇՄԱՐ. ԱՐՏԵՐԿԻ՞Ր, ԹԷ՞ ՍՓԻՒՌՔ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Բարոյական Ուժը

November 21, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Հնաբոյր Եւ Փոշոտած Քաղաքական Համակարգի Մը Դէմ Յանդիման (Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակ)

November 21, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Լիբանանի Անկախութիւնը. Տօնակատարութիւններ Եւ Իրականութիւն

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.