Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տոհմիկ Օր` Ս. Խանամիրեան Ազգային Վարժարանին Մէջ

March 28, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

22 մարտը անսովոր եւ անմոռանալի օր մըն էր Սուրէն Խանամիրեան ազգային վարժարանին մէջ:

Պատմական Հայաստանի գաւառներուն բուրմունքը կը տարածուէր Խանամիրեան ազգային քոլեճի յարկի տակ` հայկական շունչն ու ոգին վերակենդանացնելով աշակերտներուն մէջ:

Անսովոր եռուզեռ մը կը տիրէր. ծնողներ, ուսուցիչներ միասնաբար եւ խանդավառութեամբ կը պատրաստէին աւանդական համադամ ճաշատեսակներ եւ անուշեղէններ` տօնական իսկական տրամադրութեամբ:

Մարտ 22-ի առաւօտեան աշակերտները սովորականէն կանուխ ժամանած էին դպրոց եւ անոնք ոչինչ կը խնայէին լաւագոյնս կազմակերպելու ձեռնարկը, զարդարելու դպրոցին շրջափակը` եռագոյն դրօշներով ու վրաններով, որպէսզի պատրաստ ըլլային հայկական հարսանիքի: Քիչ քիչ վարժարան ժամանեցին ծնողները, հրաւիրեալները, որոնց ողջունեցին հայկական տոհմիկ տարազներ կրող հարսնեւոր աշակերտութեան: Հասան նաեւ հարսն ու փեսան` տհոլ ու զուռնայ նուագողներու ընկերակցութեամբ:

Հայկական այս խանդավառ մթնոլորտը ճոխացուցին Մարաշի, Սասունի եւ Մուսա լերան շուրջպարները:

Ճաշի դադարին աշակերտներուն հրամցուեցան տարբեր տեսակի ճաշերը: Անկէ ետք հնչեց երգը, ու բոլորը պար բռնեցին:

Օրուան յայտագիրը ճոխացուց վարժարանի երգի ուսուցիչ Սեւան Կարապետեանը, որ հայկական տարազով յաւելեալ հարազատութիւն դրոշմած էր:

Հանդիսութեան աւարտին խօսք առաւ տնօրէն Նելլի Վէքիլեանը, որ լուսարձակի տակ առաւ աւանդութիւններուն եւ սովորութիւններուն պահպանման անհրաժեշտութիւնը: Ան դիտել տուաւ, որ դպրոցական կեանքին ընդմէջէն այս աւանդութիւններու փոխանցումը իրենց հիմնական դերակատարութիւնը պիտի ունենան` աշակերտները հայկականութեամբ եւ ազգային սովորութիւններով լիցքաւորելու առումով: Նաեւ այդպիսով անոնք պիտի չմոռնան իրենց փոխանցուածը եւ պիտի շարունակեն պահպանել զանոնք: Ն. Վէքիլեան հաստատեց, որ հայկական դպրոցին մէջ միշտ պէտք է այդ մթնոլորտը տիրէ, նաեւ հայկական տուներուն մէջ մանուկները մեծնան ու կազմաւորուին հայկականութեամբ, որպէսզի հայութեան լինելիութիւնն ու գոյատեւումը երաշխաւորուի:  Ան իր խօսքի աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք օժանդակեցին այդ օրուան յաջողութեան:

Նախորդը

Ուսուցչաց Տօն Ազգ. Ռուբինեան Ս. Մ. Վարժարանին Մէջ

Յաջորդը

Ազգ. Լեւոն Եւ Սոֆիա Յակոբեան Քոլեճի Զատկուան Տօնավաճառը

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.