Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աւանդական Միջինքի Հաւաքոյթ Ս. Պօղոս Եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութեան Կազմակերպութեամբ

March 20, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ Ս.Պօղոս եկեղեցւոյ տիկնանց միութեան (Այնճար), ուրբաթ, 15 մարտ 2013-ին, ճաշարան «Արեւ»-ի մէջ, տեղի ունեցաւ աւանդական միջինքի հաւաքոյթը` ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի  առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, Աշոտ քհնյ. Գարագաշեանի, Թաղական խորհուրդին,  միութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ բազմաթիւ տիկիններու:

Բացման խօսքը արտասանեց միութեան ատենապետ Անի Քէօշէեան, որ ողջունելէ ետք առաջնորդ սրբազանը, հոգեւոր պետն ու ներկաները,  յայտնեց, թէ օրուան հաւաքոյթին հասոյթը պիտի տրամադրուի Ազգային «Յառաջ- Գ.Կիւլպէնկեան» վարժարանին. առ այդ, ան քաջալերեց ու գնահատեց բոլոր գործակցող ու նուիրատու անձնաւորութիւններն ու միութիւնները, որոնք սատար կը հանդիսանան մեր վարժարանի գոյատեւման ու զարգացման:

Ապա հերթաբար օրուան հաւաքոյթը ճոխացուցին Ազգ. «Յառաջ Գ.Կիւլպէնկեան » վարժարանի աշակերտներէն` Սեւան Սարգիսեան` Դանիէլ Վարուժանի «Օրհնութիւն» բանաստեղծութեան  ասմունքով, Լիլիթ Աբրահամեան` «Յառաջ-յառաջ Հայաստան» եւ «Հայրենիքիս հետ» երգով, Շաղիկ Հապէշեան ջութակի վրայ նուագեց Վիվալտիի դասական երաժշտական կտորներէն եւ բարձրագոյն դասարաններու աշակերտները ներկայացուցին «Շատախի ռազմապարը»:

Ս. Պօղոոս եկեղեցւոյ հովիւը, Թաղական խորհուրդն ու Տիկնանց միութիւնը, գնահատելու համար տարիներու ընթացքին պարտաճանաչօրէն եկեղեցիին մաքրութեան հոգ տանող տիկինները, անոնց յանձնեց շնորհակալական գեղեցիկ յուշանուէրներ:

Ռիթա Լագիսեան ներկայացուց երիցուհի Արփինէ Գարագաշեանի կենսագրականը` պատուելու համար զայն իբրեւ  Տիկնանց միութեան հիմնադրութենէն ի վեր միութեան ծառայող  ու անխոնջ աշխատող անդամուհի, տիպար մայր, կրթական մշակ եւ օրինակելի հաւատացեալ, Տիկնանց միութեան կողմէ  անոր յանձնուեցաւ  եկեղեցւոյ պատկերը կրող գեղեցիկ նշանակ մը՝ առաջնորդին ձեռամբ:

Ապա, առաջնորդ սրբազանը, փոխանցելու համար օրուան խորհուրդը,  ըսաւ, թէ միջինքը Մեծ պահքի օրերը ընդմիջող առիթ մըն է, որ մարդիկ գերդաստանին տարեց անդամին տունը հաւաքուելով` սեղաններ կը բանային պահելու համար աւանդական տոհմիկ մթնոլորտը: Շարունակելով իր խօսքը, ան աւելցուց` ըսելով. «Սակայն այժմ այդ տօնը վերածուած ըլլալով հանրային հաւաքներու` դարձեալ կը ցոլացնէ մեր տուներու մթնոլորտը, որովհետեւ երբ կը տեսնենք այսպիսի աշակերտներ, որոնք հայերէն կ՛արտասանեն, կ՛երգեն, կը նուագեն ու ազգագրական պարեր կը պարեն, ուստի կը նշանակէ, որ անոնք իրենց տուներուն մէջ սորված են այս բոլորը` իրենց ծնողքին ու քոյր` եղբայրներուն օգնութեամբ:Այս է պատկերը իսկական միջինքին»: Առաջնորդ սրբազանը  մեծապէս արժեւորեց ազգային վարժարաններու  ազգային շունչ ու  գիտակցութիւն  փոխանցող ոգին: Ապա անդրադառնալով պարգեւատրումներուն` ըսաւ. «Երբ գիտենք մեր տիպար ու նուիրուած անդամները գնահատել, կը նշանակէ կը գիտակցինք անոնց կատարած զոհողութեան արժէքին ու օրինակ կը ստանանք իրենցմէ»:

Սրբազան հայրը իր խօսքը աւարտեց` պատուիրելով բարձր պահել Մուսա Լերան ժառանգութեան արժանիքները ու քրիստոնէական բարձր գիտակցութիւնը:

Ներկաները Մուսա Լերան աւանդական շուրջպարի ճոխ մթնոլորտով կատարեցին օրուան հաւաքոյթի փակումը:

Նախորդը

Ո՞ւր, Ինչպէ՞ս Եւ Ինչո՞ւ Խօսիլ Հայոց Իրաւունքի Մասին

Յաջորդը

Արձագանգ. Մենք Ենք «Սիփան»ը Մեր (Հայ Աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան Երկրորդական Վարժարանի Պարախումբ)

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.