
(Լուսանկարը` Totalfoot.am-ի)
Երէկ` չորքշաբթի, ամբողջացան Հայաստանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի դարձի մրցումները, երբ կատարուեցան վերջին երկու ճակատումները:
Միքա, որ երթին 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրած էր Ուլիսի հետ, երէկ դարձին իր դաշտին վրայ 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը: Աղուան Մկրտչեան նշանակեց Միքայի երկու կոլերը (55-րդ եւ 82-րդ):
Թէեւ Շիրակ 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Արարատի դաշտին վրայ, սակայն նկատի ունենալով, որ երթին 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրած էր, հասաւ կիսաւարտական հանգրուան:
Փիւնիկ, որ երթին իր դաշտին վրայ 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրած էր, դարձին Իմփուլսի դաշտին վրայ 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց` շնորհիւ Գագիկ Պօղոսեանի (5-րդ), Վարդան Պաքալեանի (82-րդ) եւ Կամօ Յովհաննիսեանի (92-րդ) նշանակած կոլերուն:
Իսկ չորրորդ եւ վերջին մրցումին, Գանձասար եւս յաղթանակ արձանագրեց` 1-0 արդիւնքով (երթ` 0-0) յաղթելով Ալաշկերտի: Նարեկ Բեգլարեան նշանակեց Գանձասարի եւ մրցումին միակ կոլը (64-րդ):


