Երէկ Պարսելոնայի հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ ակումբի փլէյմէյքըր Զաւի Հերնանտես այս շաբաթավերջին իր մասնակցութիւնը պիտի չկարենայ բերել Ռայօ Վայեքանոյի դէմ տեղի ունենալիք «Լա լիկա»-ի մրցումին` վիրաւոր ըլլալուն պատճառով:
Զաւի, որ նախանցեալ օր Ա. Սէ. Միլանի դէմ տեղի ունեցած «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցումին ընթացքին թեթեւօրէն վիրաւորուեցաւ, կիրակի, 17 մարտին «Նու Քամփ»-ի մէջ տեղի ունենալիք մրցումին դաշտ պիտի չկարենայ ներկայանալ:
«Լա լիկա»-ի 2012-2013 տարեշրջանին աւարտէն 11 հանգրուան առաջ, Պարսա կը գրաւէ դասաւորման պարագլուխի դիրքը` 13 կէտի առաւելութիւն մը ունենալով 2-րդ դիրքը գրաւող ախոյեան Ռէալ Մատրիտի վրայ:


