Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. Դասախօսութիւն` «Շնչառական Գործարաններու Հիւանդութիւններ» Նիւթով

March 14, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, երէկ` չորեքշաբթի, 13 մարտ 2013-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Շնչառական գործարաններու հիւանդութիւններ» նիւթով դասախօսութիւնը, զոր ներկայացուց քիթի, ականջի եւ կոկորդի մասնագէտ տոքթ. Խաչիկ Փանոսեան:

Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը արտասանեց Յասմիկ Մկրեան: Ան ծանօթացնելէ ետք դասախօսը նշեց, որ շնչառական գործարանները, քիթի խոռոչէն մինչեւ թոքեր, շնչառութեան միջոցով թթուածինը կը հասցնեն մարմնի բոլոր բջիջներուն: Շնչառական համակարգը ունի տարբեր բաժիններ եւ ճիւղաւորումներ:

Տոքթ. Խաչիկ Փանոսեան դասախօսութեան սկսաւ մանրամասնօրէն բացատրելով շնչառական համակարգի տարբեր բաժանումները, ենթաբաժանումները եւ անոնց աշխատանքները: Շնչառական համակարգը ունի հետեւեալ ուղին` քիթ, բերան,կոկորդ, շնչափող, պրոնքներ եւ թոքեր: Աւելի լայն բաժանումով կ՛ունենանք հետեւեալ մասերը.

1.- Վերին շնչառական ուղիներ
2.- Ստորին (վարի) շնչառական ուղիներ

Շարունակելով` դասախօսը անդրադարձաւ տարբեր մասերուն:

1.- Քիթը: Շնչառութեան առաջին ուղին, ունի նաեւ ձայնի հնչեղութեան պարտականութիւնը: Բացատրելով քիթի տարբեր մասերը եւ բաժինները, դասախօսը նշեց այն բացուածքը, որ խողովակով մը քիթը կը կապէ միջին ականջին: Յաճախ իբրեւ կրիփի արդիւնք կոկորդի եւ քիթի բորբոքումին հետ նաեւ ականջը կապող խողովակը կը բորբոքի:

2.- Բերանը: Կ՛ուղղուի դէպի ըմպան (Ֆարինքս)` մինչեւ ձայնալարերը. ասիկա բաժնուած է երեք մասերու`

ա) Քիթ ըմպան, բ) բերան ըմպան եւ գ) կոկորդ ըմպան:

Բերանի պարտականութիւնները կը կայանան մարսողութեան մէջ,  իբրեւ առաջին բաժին, համտեսելու եւ նաեւ կուլ տալու: Այս բաժինով դասախօսը նշեց նշիկներու անհրաժեշտութիւնը եւ պարտականութիւնը մարմնի պաշտպանողական համակարգին մէջ: Թուեց այն պայմանները, որոնց ներքեւ կարելի է միայն նշիկները վիրահատել:

3.- Կոկորդը: Շնչառական եւ ձայնի պարտականութիւններու կողքին ունի նաեւ այլ պարտականութիւն: Փոքր խփանի մը օժանդակութեամբ, կոկորդը տարբեր աշխատանքներու ընթացքին` շնչառութեան կամ կուլ տալու, կը փակէ կամ կը բանայ շնչափողը եւ նաեւ կերակրափողը:

Տոքթ. Խաչիկ Փանոսեան յիշեց նաեւ բերնին մէջ գտնուող երեք թքագեղձերը`

ա.- Յարականջային
բ.- Ենթածնոտային
գ.- Ենթալեզուային

Այս բաժինով դասախօսը նշեց յարականջային թքագեղձի հիւանդութիւնը որ կը կոչուի խոզուկ: Ասիկա փոքր տարիքի առնչուած հիւանդութիւն մըն է, ունի իր պատուաստումի ծրագիրը, ուր մանուկը նոյնիսկ եթէ վարակուի, շատ  թեթեւօրէն կը շրջանցէ հիւանդութիւնը:

4.- Շնչափողը: Մեծահասակներու մօտ 10-14 սմ երկարութիւն կ՛ունենայ, կը բաժնուի երկու հիմնական պրոնքներու (խողովակներու)` աջ եւ ձախ, այս խողովակները իրենց կարգին բաժնելով աւելի փոքր պրոնքներու` հասնելով մինչեւ թոքերը: Այս բոլորին պարտականութիւնն է օդը փոխադրել շնչափողէն մինչեւ թոքերը:

5.- Թոքերը: Խօսելով թոքերուն մասին` դասախօսը նշեց, որ աջ թոքը ըլլալով աւելի մեծ, կը բաժնուի երեք մասերու, իսկ ձախը երկու այս բաժանումին գլխաւոր պատճառը այն է, որ մարդ անհատին սիրտը թեքուած է դէպի ձախ կողմ:

Թոքերուն մէջ կը կատարուի թթուածինի ու բորոկածինի նիւթափոխանակութիւնը. ասիկա տեղի կ՛ունենայ արեան ճամբով:

Տոքթ. Խաչիկ Փանոսեան շարունակելով ներկայացուց քիթի տարբեր հիւանդութիւնները, քիթի  խեցիններու բորբոքումը, մեծնալը, ինչպէս նաեւ ոսկրային միջնապատի թեքուիլը աջ կամ ձախ: Քիթի հիւանդութիւններուն մէջ կան նաեւ քաղցկեղային տարբեր տեսակներ:

Դասախօսը յիշեց նաեւ գերզգայնութիւնը (ալերժի), թէ ինչպէ՛ս կը պատահի ու շնչառական համակարգը ի՛նչ պատկեր կը կազմէ այս շրջանին: Ան կարեւորութեամբ նշեց, որ անհրաժեշտ է շնչառական համակարգին հետ առնչուած գերզգայնութեան պարագային անպայման դիմել մասնագէտին:

Վերջին բաժինով բժիշկը նշեց շնչառական համակարգին հետ առնչուած երկու հիմնական քաղցկեղի տեսակները` կոկորդի/ ձայնալարերու եւ թոքի:

Եզրակացնելով դասախօսը յիշեց ծխախոտի վնասները եւ անոնց հետեւանքները` նշելով տարբեր միջոցներ կանխարգիլելու վերոնշեալ մոլութիւնը:

Աւարտին տոքթ. Խաչիկ Փանոսեան օրինակներով եւ յաւելեալ բացատրութիւններով պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն:

 

 

 

Նախորդը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Մասնակցութիւնը Մարդկային Իրաւունքներու Նուիրուած Պէյրութի Համագումարին

Յաջորդը

Հայր Յարութիւն Ծ. Վրդ. Պզտիկեանին Այցելութիւնը «Ազդակ»

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.