ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ
Հրանդ Տինք Հիմնարկի Վերջին Երկու Հրատարակութիւններուն Առթիւ
«Հաւաւի Աղբիւրները – Վերանորոգութեան Պատմութիւն մը»,
Ֆեթհիյէ Չէթին, Կ. Պոլիս, 2012
«2013 – Օրատետր – Սահմաններ»
Այս բոլորը սերտօրէն կ՛առնչուին Հ. Տինք հիմնարկի 2013-ի օրատետրին` «Սահմաններ» բնաբանով, որուն ժամանումը գրասեղանիս վրայ` մօտէն հետեւեցաւ «Աղբիւրներ»-ուն, զուգադիպաբար:
Օրատետր Մը, Որ «Սահմաններ»
Կը Հարցադրէ
Պատկերազարդ, գրպանի եւ գրասեղանի օրատետրի չափերու կէս ճամբուն, հրատարակութիւնը օժտուած է մեկնաբանեալ նկարազարդումով, եւ շաբաթ առ շաբաթ` նիւթերու պէսպիսուն տեսականիով մը: Գրեթէ միշտ դիպուկ նկարներով ընկերակցուած` հոն կը տողանցեն ներկայ աշխարհի էական հարցերը – ընկերա-տնտեսական անարդարութիւն, բնավայրային ճգնաժամ, բռնակալ վարչակարգերու կատարած կեղեքումներ, մեծապետական թէ ազգամիջեան իրաւազրկումներ…
Զուտ հայկական թեմայով նկար-մեկնաբանութիւնները քիչ են. կ՛անդրադառնամ անոնցմէ մէկուն, հոս` կողքին վերարտադրուած նկարով, որուն ընկերացող կարճ գրութիւնը կ՛ըսէ ի մէջ այլոց.
«Մեր սիրածներուն կը ձայնենք տարբեր ծածկանուններով եւ այդ կոչը կարծես մեր սիրոյ յատուկ կնիքը կը դառնայ (…) Նոյն լերան վրայ տարբեր աշխարհներ տեսնող երկու դրացի: Աղրը լեռը վեհութիւն կը նշանակէ Թուրքիոյ համար, իսկ Արարատ-Մասիսը` խորհրդանիշն է Հայաստանին: Աշխարհի չորս կողմը ցրուելէ առաջ, վերջին միասնութեան, այլեւս գոյութիւն չունեցող ոչ-աշխարհի մը վկան է ան: Վիշտով լեցուն կարօտ մը երբեմն (…) Լերան երկու կողմը ճանչցող սահմանը` կ՛ամչնայ փակ մնալէ»:
Բայց օրատետրի խմբագիրին ներածական խօսքը սահմաններու մասին, թէեւ ընդհանրութեան վրայ բացուած, վերը շօշափած ճգնաժամային խնդիրս կը շօշափէ շատ աւելի ուղղակի ու ճշգրիտ. «Սահմանները միայն պետութիւններու միջեւ չեն, ամէն տեղ են: Մարդուն` մարդու առջեւ դրած սահմանը ամէնէն ազդուն կ՛ըլլայ, անհատական բնոյթ ունենալուն պատճառով ալ ամէնէն վերջ աչքի կը զարնէ, հետեւաբար ամէնէն դժուար յաղթահարելին կ՛ըլլայ»:
Անպայմա՛ն որ նաեւ մեզ իրարմէ բաժնող, իրարմէ օտարող նախապաշարումները կը յիշենք, երբ տակաւին կը կարդանք. «Մեր մտային սահմանները կրնան ֆիզիքականներէն շատ աւելի խափանարար յայտնուիլ. բաները` որ չենք հասկնար, կամ սխալ կը հասկնանք, մեր վախերը, մեր նախապաշարումները… ասոնք կրնան պատեր քաշել միւսներուն եւ մեր միջեւ»:
Կրկին դառնալով մեզի` աւանդական Սփիւռքին, ինչպէ՞ս չնկատենք, որ մեր մէջ աւեր գործած է գաղութային տեղայնացումը, սահմանափակումը` ի վնաս հայրենական հողի կենդանի ապրումին: Այն հողին, որուն անունով, ճիշդ է, մեր գաղութները` առաջին օրէն` կազմակերպած են իրենց յուշատօները, որուն անունով մեր կառոյցները ապա մշակած են ծրագիրներ, ռազմավարութիւն ու մարտավարութիւն, ստեղծած են Դատի մարմիններ ու գրասենեակներ: Որոնք գործած են ու կը շարունակեն գործել օրն ի բուն` Սփիւռքի պայմաններուն մատչելի զանազան միջոցներով եւ մարզերու մէջ, մեզ տասնամեակներն ի վեր աստիճանաբար դարձնելով ներկայութիւն, եթէ ոչ` դերակատար, միջազգային քաղաքական բեմերու վրայ:
Այս բոլորը ճիշդ է: Բայց… այս բոլորին մէջ ո՞ւր կը մնայ կապը այն հողին հետ, որուն համար կը պայքարինք…
Ո՞ւր Մնացած Է Հայրենաճանաչումը
Սփիւռքի ցուցափեղկերէն անդին, մեր խոր էութեան մէջ, Երկրին հանդէպ ի՞նչ կենդանի շահագրգռութիւն յաջողած ենք պահել սերունդէ սերունդ, ի՞նչ չափով կրցած ենք զանցել` մեր առջեւ քաշուած սահմանները…: Պարկե՛շտ ըլլանք. ընդունինք, որ այս հարցումներուն պատասխանը ժխտական է` գրեթէ լրիւ:
Ու չապաւինի՛նք կենդանի շփումներու համեմատական դժուարութեան, վարչա-քաղաքական արգելքներու չքմեղանքին ետին. պահա՞ծ ենք գոնէ տեսակա՛ն հայրենագիտութիւն մը, գիրքերէ եկող…: Շատ յաճախ բթօրէն ապրուած սփիւռքեան առօրեայէ մը տե՞ղ կ՛աւելնար` այդպիսի ներքին ու նրբին առնչութիւններու պահպանման համար…
Մեզմէ քանի՞ն գիտեն, օրինակ, որ Հաւաւ աւանէն սերած են մեծ ընտանիքներ, ինչպէս Օտեանները: Որ հոն ծնած է ու աճած` մեր խնկելի նահատակ գրագէտներէն Մելքոն Կիւրճեանը` 1880-ական տարիներու «հէգ պանդուխտներու» բարեխօսն ու փաստաբանը` Պոլսոյ քաղքենի հայութիւնը սաստող, գիտակցութեան հրաւիրող` իր «Պանդուխտի Նամակներ»-ով: Կամ 1904-ին Կովկասէն Սասունի օգնութեան փութացող անձնազոհներու խմբապետներէն` Մինաս Տոլպաշեանը (Գայլ-Վահան) – մի քանի անուններ միայն թուելու համար:
Իսկ հայրենաճանաչումը` իրակա՛ն գետնին վրա՞յ…: Քանի՞ հոգի ձանձրոյթը կրած են, ժամանակը տրամադրած` վերջին տասնամեակի համեմատաբար աւելի թոյլատու պայմաններուն մէջ, այցելելու-ծանօթանալու Արեւմտեան Հայաստանի տարածքի մեզմէ խլուած գիւղ ու քաղաքներու, յուշարձաններու, անոնց պատմութեան ու ներկայ վիճակին – որոշ մանրամասնութեամբ: Կամ մեր մտաւորական ու ղեկավար տարրերէն քանի՞ն փորձած են, զգօնութեան սահմաններու մէջ, նախաձեռնութիւններ առնել` գոնէ երկխօսական շփումի մտնել այդ հողին կառչած յայտնի թէ ծածուկ հայ ազգաբնակչութեան հետ, նաեւ տեղաբնակ այլազգի խումբերէ յուսալի տարրերու հետ, օգտուիլ վարչական կամ ակադեմական անցքերէ` որոշ վայրեր մուտք ունենալու համար:
Ինչո՞ւ հազուագիւտ ռահվիրայ-ուխտաւորներ մնային` վաղամեռ Մեսրոպ արք. Աշճեան մը (ի դէպ` ինք եւս հաւաւցիի սերունդ…), կամ մեզի աւելի մօտ` դեռ մեր միջեւ ապրող-գործող, բայց միշտ ձեռքի մը մատներուն վրայ համրուող ակադեմական դասախօսներ, լուսանկարիչ-արուեստագէտներ, սոսկական ուղեւորներ: Ինչո՞ւ հազուագիւտ նմուշներ ըլլային այսօր այնպիսիներ, որոնք` Թուրքիոյ սրտին վրայ, գիտաժողովներու բեմերէն, թուրք մշակոյթէն ու լեզուէն գիտեն պահանջել` «իրաւազրկումի լեզուէ» դառնալ արդարութեան լեզու – արտայայտութեան իբր միջոց գործածելով նո՛յն այդ թրքերէնը: Ինչո՞ւ չըլլային լեգէոն…
Աղբիւրներու Նորոգումը`
Սահմաններու Ջնջում
Այս բոլորը` ո՞չ որովհետեւ, ինչպէս անցեալները համարձակօրէն կ՛ախտաճանաչէր երիտասարդ գրիչ մը (Ա. Գոճայեան, հարցազրոյց Ասլը Թիւրքերի հետ, «Ազդակ», 8 յունիս, 2012), «մէկ կողմէ Սփիւռքի մեր հանգիստ պայմաններուն մէջ շատ աւելի դիւրին կը ձուլուինք ու կ՛ուրանանք մեր ինքնութիւնը, իսկ միւս կողմէ շատ դիւրին կը դառնանք այլամերժ եւ անհանդուրժող»: Եւ յաճախ կը մնանք անթափանց` այն ակնյայտ փաստին, որ դար մը ամբողջ գաղտնիութեան մղձաւանջը ապրած, ինքնութենէ զրկուած «սուրի մնացորդ» այդ հայերու «զաւակները մեր ալ զաւակներն են, որոնց կարիքը ունինք մենք, որքան որ անոնք մերինին»: Կամ շատ-շատ «Լսարան»-ներու մէջ կը համակերպինք գաղջօրէն ունկնդրելու` հրատապ այս նիւթին մօտէն առնչուած հազուագիւտ պատգամաբերի մը յանձնառու խօսքը – բայց շատ հաւանօրէն` փութալով մնալ… ինչ որ էինք:
Ո՞չ որովհետեւ, ի վերջոյ, մեզմէ շա՜տ քիչեր ունին` իրենց հոգեմտաւոր ոլորտին մէջ` իրենց «Հաւաւի աղբիւրը» – գոնէ մտերիմ, գաղտնի ուխտի մը երազով այցելուած, նորոգուած…: Ո՞չ որովհետեւ մեր խորքի՛ աղբիւրները շատ յաճախ կիսաքանդ են` ինչպէս էին Հաւաւի աղբիւրները, սփիւռքեան տեղայնութեան ռութինի հողակոյտներու տակ կորսուած:
Աղբիւրները վերակենդանացնելու համար, անոնց մատչելու համար, պէտք է գիտնալ սահմաննե՛ր քանդել…: Նախ` ներքի՛ն սահմանները: Այդ նախապայմանով է որ կը նորոգուի, կը վերասահմանուի ինքնութիւնը: Աւելի՛ կը լուսաւորուի հաւաքական գոյապայքարի ուղին:
Այո՛, նաե՛ւ հաւաքական գոյապայքարի ուղին: Հարցը ճանաչումի, որդեգրումի պարտք մը չէ միայն` հանդէպ առաւելագոյնս իրաւազրկուած, էազրկուա՛ծ ազգակիցներու բնակչախումբի մը. այդ մարդկային-բարոյական պարտքէն անդին, ի վերջոյ պէտք է ըմբռնել ընդհանրական, միանգամայն եւ գործնակա՛ն արժէքը` վերայայտ հայութեան այս տարրին – «աղբիւրներուն» մօտ մնացած, դեռ անոնց կառչող էատարրին…: Ըմբռնել, եւ դիմել համապատասխան նախաձեռնութիւններու, համարձակութեամբ, միշտ նաեւ` անհրաժեշտ զգօնութեամբ:
Որովհետեւ բացայայտ է, ինքզինք պարտադրող է` անհատական-ենթակայական մասնատումի այս իրավիճակներու քաղաքական երկարաձգումը, որ Հիմնարկին «Օրատետր»-ը նոյնպէս կը շեշտէ, միշտ նոյն տիպար համառօտութեամբ. «Իշխանութիւններն ալ արդէն ամէնէն շատ կը սնանին թաքուն այս սահմաններէն, որոնք կեանքը մղձաւանջի կը վերածեն»:
* * *
Այդպէս է միայն, որ-ինչպէս բնորոշած էր նաեւ մեծ Տեսանող մը` արդէն աւելի քան հարիւրամեակ մը առաջ-, այդպէս է միայն, որ կրնայ յաղթահարուիլ մեր բաժան-բաժանութեան հին, բայց միշտ նոր, նորոգուող հրէշը – «պատմական չարիքը (…), աշխարհագրական ներկերը, որ մեզ բաժանում են իրարից»:
Անժամանցելի պատգամ, որ սակայն պէտք է գիտնանք, պէտք էր գիտնայի՜նք այժմէականացնել, վերամեկնաբանել` նոր, աննախընթաց այսպիսի մարտահրաւէրի մը լոյսին տակ…:


