Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ճեմալ Փաշան Սպաննողին Թոռան Հետ Հանդիպում Երեւանի Մէջ

February 28, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ջիւան Գասպարեան, 80 տարեկան, տուտուկ նուագող
մեծ տաղանդ մը, Հրանդին նկարը
դիմացը դրած է, «Սարը կելին»-ը նուագել
սկսելով` աչքերուն
արցունքներովը կարծես սուգ կը հնչեցնէ:

Երեւան, 2008, սեպտեմբեր:

Հայ գործակիցներուս հետ երկար սեղանի մը շուրջ  կը խօսակցինք: Մեծամասնութեամբ` երիտասարդ լրագրողներ: Կը համրեմ, 18 անձ: Յանկարծ միտքս կ՛իյնայ, կը հարցնեմ.

«Բնիկ արմատներով ո՛րտեղացի՞ էք»

Կարգով կը պատասխանեն.

Էրզրում
Մուշ
Ալաշկերտ, գիւղ` Քոփքրան
Իրան
Վան
Պայպուրթ
Կարս
Մուշ
Իրան
Էրզրում
Կարս
Կարս
Մուշ
Իսկենտերուն
Կարս
Վան

Մէկը անտեղեակ օդին մէջ.-

«Չեմ գիտեր»:

Ապա կը խնդայ.-

«Ես փոքրամասնութիւն եմ, Երեւանէն…»:

Արմատներ այսպէս:  Այս հարցումով, ո՛ւր որ երթաս, Անատոլուի կարօտը ինքզինք անպայման կը մատնէ Երեւանի մէջ:

«Մեր պատմութիւնը չենք մոռնար…»:

Այս ըսողը հայ լրագրող մըն է: Նախագահ Կիւլին այցելութեան վերաբերեալ երեւանցիներու ակնկալութիւնները մանրամասնելով` այսպէս կը խօսի.

«Ընդհանուր առմամբ, փողոցի հայրենակիցները այս այցելութիւնը շինիչ կը համարեն: Այցելութեան մը առթիւ, կը հասկնան, թէ մէկ օրէն ամէն ինչ չի փոխուիր: Վաղը սահմանի դռները կը բացուին, դիւանագիտական կապերը կը հաստատուին. ասոնց նման բաներ չեն սպասեր: Դրական կը դիմաւորեն, բայց «մեր պատմութիւնը չենք մոռնար»-ը, կը կրկնեն:

«Պատմութիւն»-ը չմոռնալը բացայայտ է:

Պատմութիւնը անխուսափելի է…

Սակայն կարեւորը պատմութեան գերին չըլլալն է: Արդեօք երկու կողմերն ալ այս բանը պիտի ընե՞ն: «Հայոց ցեղասպանութիւնը» պատահած չէ մտածող հայու մը չէք հանդիպիր: Բայց Թուրքիոյ հետ գործարք ընելու համար այս հարցը առաջնահերթ նկատելով, եթէ առաջ քշեմ, ըսէք, չ՛ըլլար: Կառքը ձիուն առջեւ դրած ըլլալ կը նշանակէ սա:

Բայց եթէ ասոր նման Թուրքիան ալ «Նախ ցեղասպանութիւնը օրակարգէն հանեցէք»  նախապայմանով մը բեմ բարձրանայ, այս ալ կը նշանակէ` դէպի զառիվեր քշել հարցը:

Ասոր համար «նախապայմանները» յետաձգելով`  հարկ է Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ երկխօսութեան եւ բնականացման դուռը օր առաջ բանալը: Ապա կարգը կու գայ ամէն բանի մասին խօսելու կարելիութեան ժամանակին:

Երբ Երեւան կ՛երթայի, ուղեղիս  մէջ տեղաւորուած էր «Ֆութպոլը բնաւ ֆութպոլ չէ» խօսքը: Թուրքիա-Հայաստան  ազգային խումբերու մրցումին համար այս խօսքը տեղին չէ՞ արդեօք: Երեւանի մէջ կայանալիք մրցումին մասին մտածած ատենս ներքնապէս բաւականաչափ լեցուած կը զգամ:

Այս մրցումը տարբեր մրցում մըն է:

Ֆութպոլէն անդին` բան մը կայ: Ազգային այս մրցումով միասնաբար բարեկամութիւն շահելուն կողմնակից եմ: Անցեալի ողբերգական ցաւերը, հայերու եւ թուրքերու միջեւ հիւսուած այս բարձր պատին փլուզումը, «ֆութպոլային դիւանագիտութիւն» պիտակի տակ, Երեւանի մէջ կարեւոր դեր մը խաղալուն կ՛ուզեմ ներկայ գտնուիլ:

Խանդավառ եմ:

Սիրելի Հրանդն ալ եթէ ողջ ըլլար, վստահ եմ, ինձմէ շատ աւելի մեծ խանդավառութիւն պիտի ապրէր, որովհետեւ անոր կեանքին թերեւս ամենամեծ առաջնահերթութիւնը երկու երկիրներու միջեւ գործարքներուն բնականացման նախապայմանը`  սահմաններուն  բացուիլն էր: Այսպիսի ֆութպոլի մրցումի մը իրականացման համար ձեռքէն եկածը ընելու պատրաստ էր:

Ի դէպ, Հրանդ Տինք ֆութպոլը կը սիրէր: Երիտասարդութեանը կը խաղար ալ:

Բայց  որեւէ  ակումբի  չէր կապուած: Լա՛ւ, շաբաթ օրուան ազգային մրցումին սիրելի Հրանդին սիրտը ո՞ր  խումբին համար պիտի տրոփէր.  թրքակա՞ն, թէ՞ հայաստանեան: Հրանդ Տինքին շատ մօտէն ծանօթ երկու ընկերներուն միտքերը շօշափեցի: Ո՛վ գիտէ, թերեւս Հրանդ մարզադաշտի մէջ  մրցումը դիտած ատեն եւ կամ հեռատեսիլին դիմաց` այս հարցումին իմաստը  աւելի լաւ պիտի զգար:

Մէկը այսպէս ըսաւ.

«Դժուար հարցում… Վերջի վերջոյ Հայաստանի պիտի կողմնակցէր: Մի՛ մոռնար, Հայաստանը նոյն ատեն` իրաւազուրկ, ճզմուած եւ փոքր պետութիւն է: Բոլոր այս բաները համաշխարհային ձախակողմեան նուրբ զգացումներու կը վերաբերին…»:

Ըստ իս, Հայաստանին կը կողմնակցէր: Կը կողմնակցէր, բայց դեռ էն գլխէն թուրք-հայ բարեկամութեան կայանալու հարցով այս մրցումը բոլորովին տարբեր պատուհանէ մը կարեւորելով կը դիտէր:

Հայաստան ըրած այս առաջին շրջապտոյտիս Հրանդին հետ միասին ըլլալ կ՛ուզէի: Կը վերյիշեմ անոր հետ ունեցած կարգ մը խօսակցութիւններ: Ամէն անգամ «շրջապտոյտ»-ը կազմակերպելու մասին խօսք բացած էր, սակայն յետոյ մոռցած էիք ծրագիրը: Եթէ հոս միասին ըլլայինք,  մեզի պէտք եղածին չափ  խանդավառութեամբ ոտքի հանած  եւ բոլորիս մտքերն ու մտածումները փոթորկեցուցած պիտի ըլլար:

Ազգային մրցումը  չսկսած, կը խորհրդածեմ անցեալին թուրքերուն` հայերուն  պատճառած  ցաւերուն մասին, մեր միատեղ ապրած պատմութեան եղերական էջերուն յիշատակին համար վայրկեան մը յոտնկայս յարգանքի տուրք մը կատարելու մասին: Պոլիս ապրող հայ բարեկամս այսպէս կ՛ըսէ.

«Այսպիսի պատմական նախաձեռնութիւն մը եթէ տեղի ունենար, վստահօրէն մարզադաշտի մէջ գտնուող ներկաներէն կէսին արցունքները անզսպելի պիտի ըլլային»:

Երեւանի մէջ, 2008-ի ապրիլ ամսուան առաջին շաբթուան չորս օրերու ընթացքին պտտեցանք: Ճերմակ լեռներու գագաթներուն, վաղ քրիստոնէական ժամանակներուն  ժայռերուն մէջ փորուած եկեղեցիի մը մէջ (ԳԵՂԱՐԴ. Յ.Ա.) հայերէն հոգեւոր շարականներ մտիկ ըրինք: Երգողը պոլսեցի  զոյգ մըն էր, Պոլսոյ պետական երաժշտանոցէն վկայեալ: Հրանդ Տինքի յիշատակին երիտասարդ կին մը «Սարը կելին»-ը երգեց, երիտասարդ մըն ալ տուտուկ նուագեց:

Ազգային մրցումին համար Պէյրութէն Երեւան ժամանած  լիբանանցի հայ երիտասարդներ պարեցին, դաշնակցական ազգային քայլերգներ երգեցին, որոնց մէջ կարգ մը Անատոլուի քաղաքներուն անունները յիշատակուեցան: Մրցումի համար Պոլսէն մեր հայ հայրենակիցներէն Կարպիս էֆենտին բոլորիս համար ուտ նուագեց:

Եւ Հայաստանի նախկին արտաքին գործոց  նախարար Վարդան Օսկանեանին, Եաւուզ Պայտար Պոլսէն մասնաւոր սառցարան տուփով «ՄԱՏՕ» պաղպաղակ բերաւ: Ընտանիքին արմատները Մարաշ հասնող` Օսկանեան, հինէն ի վեր այս պաղպաղակին կը հիանայ եղեր…

Անգամ մըն ալ հանրապետութեան հրապարակի սրճարանի մը մէջ չորս քիւրտեր Ճենկիզ Ճանտարը բռնեցին: Արտահանէն ազգային մրցումին համար եկած էին: «Ո՞ւր է այդ պեխերը  կախ ազգայինճին», ըսաւ անոնցմէ մէկը, «Ազգային մրցումին մենք էինք թրքական դրօշակ ծածանողները…»: Ապա կրկնելով խօսածները.  «Ապիներ (մեծ եղբայրներ Յ. Ա.), Հայաստանի հետ այս սահմանները թող բացուին: Եթէ որոշ շրջան մը եւս չբացուին, կա՛մ լեռները պիտի բարձրանանք (կ՛ըմբոստանանք Յ. Ա.) եւ կա՛մ Պոլիս գալով` ձեր գործերուն աչք պիտի տնկենք»:

Իրենց արտաքինէն յայտնի ամերիկացի հայերու խումբէն մէկը մեր թրքերէն խօսիլը լսելով` չաթ-փաթ թրքերէնով մը խօսքին մէջ մտաւ: Անոնք ալ մրցումին համար Ամերիկայէն ի վեր եկած են: Երկուքը Մոտայէն, մէկը` Գումգափուէն, մէկը Պաքըրքէօյէն, մէկն ալ մշեցի հայ մըն է եղեր: Անոնցմէ մէկը կ՛ըսէ. «Մրցումէն ետք մեր կիները Պոլսէն առնելով` Նիւ Եորք պիտի թռչինք»:

Հայաստան-Թուրքիա ազգային մրցումը սկսած պահուն թրիպիւնէն պահ մը լաթէ ազդեր կ՛երեւան.

«Հող, հատուցում, ճանաչում…»:

Ճանաչում` կ՛ակնարկուէր Ցեղասպանութեան մասին: Թուրք մը. «Բնաւ (հիչ) չեղաւ այս փանքարտը», ըսելով երբ մօտեցաւ, դաշնակցական ղեկավար Կիրօ Մանոյեանին անդրադարձը.- «Է՜հ, այն ատեն կուսակցութիւնը փակենք ու երթանք եղբայրս», եղաւ:

Ճեմալ Փաշայի թոռան`
Հասան Ճեմալի
«1915. Հայոց ցեղասպանութիւնը»
թրքերէն հատորէն

Հայացուց` ՅԱԿՈԲ ԱԴԱՄԵԱՆ

Լաթաքիա
Յունուար, 2013

(Շար. 1)

 

Նախորդը

Երիտասարդական Ոսպնեակ. Որպէսզի Սումկայիթի Ջարդերը Սոսկ Ոգեկոչումի Առիթ Չդառնան (28 Փետրուար 1988)

Յաջորդը

Սուրէն Մկրտչեան Հեռացաւ Քուպանէն

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅ Դաշնակցութիւնը` Պատնէշին Վրայ, Աւելի Քան Երբեք

November 25, 2026
Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Տոքթ. Բաբգէն Փափազեանի Արխիւէն. Դաշնակցական Ընկերոջ Օրինակը Ընկեր Մ. Պարոնեան

November 25, 2026
Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը` Հաստատութենական Հեռանկարով

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։