«ԱՐՄԵՆՓՐԵՍ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ողիմպիական խաղերու նախկին ախոյեան Արմէն Նազարեան հացադուլի պիտի դիմէ, եթէ ողիմպիական խաղերէն դուրս մնայ ըմբշամարտի մարզաձեւը:
Այս լուրը հաստատած է Հայաստանի ըմբշամարտի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Լեւոն Ջուլֆալակեան վերոնշեալ լրատու գործակալութեան հետ իր ունեցած զրոյցին ընթացքին:
«Նազարեան ինք անձամբ յայտարարեց, որ հացադուլի պիտի դիմէ: Սակայն ես մեծ վստահութեամբ կու գամ ըսելու, որ ատիկա տեղի պիտի չունենայ: Եթէ հարցը հոն հասնի, ոչ միայն հացադուլի պիտի դիմենք, այլ ամէն միջոց ի գործ պիտի դնենք` այդ մարզաձեւը ողիմպիական վերադարձնելու համար», ըսաւ Ջուլֆալակեան:


