Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հովանաւորութիւնը Վայելող Եւրոպայի Միջկրօնական Կնոջական Դասընթացքը Կը Հասնի Իր Աւարտին

February 27, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շուրջ վեց տարիներ առաջ ընթացք ստացած Եւրոպայի յատուկ իսլամ-քրիստոնեայ կնոջական դասընթացքը հասաւ իր աւարտին 2-11 փետրուար 2013-ին` Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած դասընթացքի վերջին հանգրուանով:

Արդարեւ, յիշեալ դասընթացքին իրենց մասնակցութիւնը բերին շուրջ 40 քրիստոնեայ եւ իսլամ կիներ: Դասընթացքին մնայուն ղեկավարներն էին` դոկտ. Ռայնհիլդ Թրայթլեր (Աւստրիա) եւ Թենի Սիմոնեան-Փիրի (Զուիցերիա): Դասընթացքին նաեւ իբրեւ դասախօսներ մասնակից դարձան փրոֆեսէօրներ Եւրոպայի զանազան համալսարաններէն: Երեք հանգրուաններէ բաղկացած դասընթացքին քննուեցան Եւրոպայի մէջ քրիստոնեայ-իսլամ կրօններու համակեցութեան, փոխյարաբերութեան ու գործակցութեան առնչուած որոշ հարցեր ու մարտահրաւէրներ` բնականաբար յատուկ շեշտ դնելով այդ ծիրին մէջ կնոջ վիճակուած դերակատարութեան վրայ: Դասընթացքին մասնակիցները անցնող վեց տարիներուն ընթացքին Եւրոպայի զանազան շրջաններուն մէջ ունեցան իրենց հանդիպումները. իւրաքանչիւր հանդիպումի խտացեալ դասընթացքը տեւեց շուրջ տասը օր:

Դասընթացքի եզրափակիչ նիստը եւ վկայականներու բաշխումը տեղի ունեցան Անթիլիասի մայրավանքին մէջ:

Նկատի ունենալով քրիստոնեայ-իսլամ համակեցութեան գծով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տարած աշխատանքները` վեհափառ հայրապետը իր հովանաւորութիւնը շնորհած էր վերոյիշեալ կարեւոր նախաձեռնութեան: Ընդունելով դասընթացքին մասնակիցները` վեհափառ հայրապետը յատուկ կերպով շեշտեց նման ձեռնարկներու կարեւորութիւնը. «Կնոջ դերը վճռական է կրօններու գործակցութեան եւ համակեցութեան գծով: Ճիշդ է, երկու միաստուածեան կրօնները տարբեր մօտեցում ունին կնոջ դերակատարութեան գծով, սակայն այդ տարբերութիւնները առաւելաբար առնչուած են ընկերային-մշակութային միջավայրերուն ու աւանդութիւններուն. այլապէս, թէ՛ քրիստոնէութիւնը եւ թէ՛ իսլամութիւնը կը քաջալերեն կնոջ գործօն մասնակցութիւնը  համայնքային կեանքի զանազան մարզերուն»: Վեհափառ հայրապետը նաեւ իր գնահատանքը յայտնեց դասընթացքի ղեկավարներուն:

Յայտնենք, որ անցնող տարիներուն ընթացքին դասընթացքին իրենց մասնակցութիւնը բերին Լիբանանէն Իրմա Վարդանեան-Պալեան եւ Սարին Գարաճրճեան:

Նախորդը

Ոչ Եւս Է Փրոֆ. Բաբգէն Յարութիւնեան

Յաջորդը

2012-Էն 2025-ի Ընթացքին Ռուսիա 2.33 Միլիառ Տոլար Պիտի Յատկացնէ Օդանաւերու Ճարտարարուեստին

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։