Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այնճարի Մէջ Արցախեան Պահանջատիրութեան 25-ամեակ Եւ Տօնակատարութիւն

February 25, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի «Արցախ ֆոնտ»-ի յանձնախումբին եւ հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանին, երէկ` կիրակի, 25 փետրուար 2013-ի առաւօտեան, Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ յաւարտ սուրբ պատարագի հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարուեցաւ Արցախի հերոսներու յիշատակին:

Հոգեւոր պետերը, ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէութիւնը, քաղաքապետութիւնը, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչները, Ազգային «Յառաջ-Գ.Կիւլպենկեան» վարժարանի աշակերտները, ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շաւարշ Միսաքեան» մասնաճիւղը, ՀՄԸՄ Այնճարի սկաուտներն ու շեփորախումբը հանդիսաւոր կերպով դիմաւորելէ ետք առաջնորդ սրբազանը, Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Կարօ Քեպապճեանը, Ցվետանա Փասքալեւան` զանոնք առաջնորդեցին եկեղեցի մասնակցելու սուրբ պատարագին:

Պատարագի աւարտին Գեղամ արք. Խաչերեան իր քարոզը սկսաւ հոգեհանգստեան արարողութեան կարեւորութեան ակնարկելով: Ան ըսաւ, թէ մենք կը հաւատանք, որ ասդէականէն անդէական աշխարհ գացող մեր հարազատներուն քրիստոնէական հոգիները չեն մեռնիր, այլ կ՛անցնին յաւիտենական աշխարհ, եւ զանոնք կը կոչենք ննջեցեալ:

Անդրադառնալով նահատակութեան գաղափարին` ան ըսաւ, թէ, նահատակը չի մեռնիր, այլ մահուամբ կը պսակուի ապրելու համար: Արցախի ազատամարտիկները մեզ ներշնչող անձեր են  եւ մեզ կը թելադրեն մնալ դիրքի վրայ եւ անսայթաք` մեր նուիրումին մէջ, ու մեր ճակատները պսակել քրիստոնէական սրբութեամբ:

Առաջնորդ սրբազանը ողջունեց Ցվետանա Փասքալեւան ու ըսաւ, թէ անոր ներկայութեամբ Այնճարը վերածուած է Արցախի, որովհետեւ այս գիւղին բնակչութիւնը, որ Մուսա Լերան ժառանգութիւնը ունի , իր երակներուն մէջ կը կրէ միեւնոյն պայքարի ոգին ու սխրագործութիւնը: Ապա իբրեւ յարգանք Ցվետանա Փասքալեւային յատուկ հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարուեցաւ անոր յարգելի հօր` Պոյըմ Փասքալեւի յիշատակին, որ կրցած է այսպիսի յատկութիւններով օժտուած դուստր մը աշխարհ բերել ու նուիրել հայ ազգին:

Եկեղեցական արարողութիւնը աւարտեցաւ Մուսա լերան Հերոսամարտի յուշարձան-համալիրին ծաղկեպսակի զետեղումով:

Արցախեան Վաւերագրական
Ժապաւէնի Ցուցադրութիւն

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի «Արցախ Ֆոնտ»-ի յանձնախումբին, երէկ` կիրակի, 25 փետրուար 2013-ին, յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին, «Գ. Կիւլպենկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ցվետանա Փասքալեւայի պատրաստած Արցախի վաւերագրական ժապաւէններու ցուցադրութիւնը` ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Կարօ Քեպապճեանի, Այնճարի երեք հոգեւոր պետերուն, «Կարմիր լեռ» կոմիտէութեան, քաղաքապետութեան, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներուն եւ հոծ բազմութեան:

Կազմակերպիչ մարմինին անունով բացման խօսքը արտասանեց Սեւան Ադամեան, որ վեր առաւ արցախեան պահանջատիրութեան նպատակասլաց ոգին եւ ազատատենչ հայորդիներու անվհատութիւնը: Ապա ան անդրադարձաւ լրագրութեան կարեւորութեան, յատկապէս երբ լրագրողը կը պատկանի տարբեր ազգի, ինչպէս` Ցվետանա Փասքալեւան:

Ադամեան երախտագիտական խոր արտայայտութիւններով ամբողջ գիւղին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Փասքալեւայի կատարած գործին համար:

Ապա ան բեմ հրաւիրեց Կարօ Քեպապճեանը, որպէսզի փոխանցէ իր տպաւորութիւնները:

Քեպապճեան ըսաւ, թէ պահանջատիրութեան 25-ամեակի տօնախմբութիւնները արդէն ծայր առած են Արցախէն: Քեպապճեանի վկայութեամբ, Արցախ եւ սփիւռք նոյն ոգիով ու հպարտութեամբ կը նշեն յաղթանակի փառապանծ տօնը, որովհետեւ անոնք կը կազմեն միահամուռ ամբողջութիւն մը:

Նախքան ժապաւէնին ցուցադրութիւնը առաջնորդ սրբազանը ներկայացուց ամբողջական պատկերը ցուցադրուելիք տեսերիզներուն: Ապա ան գնահատելով Ցվետանա Փասքալեւայի կատարած նուիրուածութիւնը, ըսաւ թէ մենք չենք կրնար ճշդել անոր զոհողութեան արժէքը, որովհետեւ անգին ու անսակարկելի իրականութեան առջեւ մենք կրնանք միայն խոնարհիլ ու ըսել. «Յարգանք քեզ»:

Ներկաները լուռ յուզումով հետեւեցան ցուցադրուած պատկերներուն:

Ապա Փասքալեւա բեմ բարձրանալով ըսաւ. «Արցախցին ու այնճարցին միեւնոյն ծագումը ունեցող լեռնցի ժողովուրդներ են եւ իսկական հայու տիպարներ»:

Ծաղկեփունջի տուչութեամբ ու պահպանիչով աւարտեցաւ հանդիսութիւնը:

Նախորդը

ՀՄԸՄ-ի 95-Ամեակի Եւ Հայ Սկաուտի Օրուան Տօնակատարութիւն

Յաջորդը

Երգի, Պարի, Նուագի Եւ Ասմունքի Կատարումներով Համազգայինը Արժանավայել Կերպով Տօնեց Արցախեան Ազատագրական Պայքարի 25-ամեակը

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.