Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազրպէյճանի Ցնցող Բացայայտումը. Ամէն Մարդ Դրամով Չի Գնուիր

February 23, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Դրամը կրնայ օժանդակել լուծելու որոշ խնդիրներ, սակայն` ոչ բոլորը: Երբեմն անիկա կրնայ ունենալ հակառակ ազդեցութիւն:

Ազրպէյճանը հրաշալի օրինակ է վիթխարի հարստութիւն դիզած երկրի մը, որ իր քարիւղի միլիառաւոր տոլարները կ’օգտագործէ օտար քաղաքական գործիչները եւ զանազան ասպարէզներու մարդիկ կաշառելու` փորձելով բարելաւել իր վատ համբաւը ամբողջ աշխարհի մէջ: Խորքին մէջ «խաւիարի դիւանագիտութիւն» եզրը յատուկ յօրինուած է բնութագրելու համար այն «բարիքները», որոնք Ազրպէյճանի պաշտօնատարները կանոնաւորապէս եւ առատաձեռնօրէն կը բաժնեն` հասնելու համար իրենց լիրբ նպատակներուն:

Օրինակ` Պաքուն հինգ միլիոն տոլար յատկացուց Մեքսիքօ քաղաքի զբօսայգին վերանորոգելու համար, միայն մէկ պայմանով, որ Հայտար Ալիեւի արձանը տեղադրուի այդ նշանաւոր վայրին մէջ: Սակայն, երբ մեքսիքացի գործիչները իմացան այս անվայել համաձայնութեան առկայութեան մասին, բռնակալին արձանը կազմաքանդուեցաւ եւ առանց ձեւականութիւններու շպրտուեցաւ պահեստանոց:

Ազրպէյճանի պաշտօնատարները հետզհետէ կը բացայայտեն, որ կարելի չէ բոլորը գնել, եւ այս աշխարհին վրայ տակաւին կան շատ պատուարժան մարդիկ, զորս կարելի չէ կաշառել:  Այդ մարդոցմէ մէկն ալ Փեթըր Սաւոտնիքն է` անբասիր ազնուութեան տէր անձնաւորութիւն մը «Նիւ Եորք Թայմզ» թերթէն: Այս ամսուան սկիզբը ազրպէյճանցի միլիառատէր Իպրահիմ Իպրահիմովը ամերիկացի լրագրողը հրաւիրած էր Պաքու, որպէսզի «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի մէջ գովասանքի խօսքեր գրէր իր շինարարական ընդարձակ ծրագիրին մասին:

Երբեք չտպաւորուելով նորահարուստ ազրպէյճանցի մեծահարուստին շռայլութիւններէն, Սաւոտնիք գրած էր կործանարար յօդուած մը` ծաղրելով Իպրահիմովին անհեթեթ պատրանքը: Ստորեւ` համառօտ հատուածներ թղթակիցին ծաւալուն յօդուածէն.

Իպրահիմովը կը նախատեսէ «խեցգետինի տեսք ունեցող լայնատարած շինութիւն մը կառուցել Կասպից ծովուն մէջ` «Khazar Islands» անունով, որ պիտի բաղկանայ արհեստական 55 կղզիներէ` հազարաւոր բնակարաններ, առնուազն ութ պանդոկ, «Ֆորմիւլա 1»-ի վազքուղի, զբօսանաւերու ակումբ, օդակայան եւ աշխարհի բարձրագոյն «Ազրպէյճանի աշտարակ» շէնք, որուն բարձրութիւնը պիտի կազմէ 1050 մեթր: Երբ ամբողջ համալիրը կառուցուի … 800 հազար հոգի պիտի ապրի «Khazar Islands»-ի մէջ, այնտեղ նաեւ պիտի ըլլան պանդոկներու սենեակներ` միւս 200 հազարին համար… Անիկա պիտի արժէ մօտ 100 միլիառ տոլար»:

Սաւոտնիք կը յայտնէ, որ Պաքու հասնելէն մէկ օր առաջ Իպրահիմովին ներկայացուցիչը գացած էր Մոսկուա, որպէսզի անձամբ իրեն յանձնէ «Khazar Islands» նախագիծին մասին գիրք եւ տի.վի.տի.: Պաքուի մէջ լրագրողը ապշած էր մեծահարուստին շռայլ ապրելակերպէն. «Այնպէս բազմած էր սեւ «Ռոլս Ռոյս»-ի ետեւի նստարանին, կարծես անիկա կը սլանար կառուցուելիք կղզեխումբի թիւ մէկ կղզիին վրայէն: Անոր 23-ամեայ օգնական Նիկեար Հուսէյնլին նստած էր առջեւը, սեւ-սպիտակ ծաղկանախշերով կիսաշրջազգեստով, սեւ գուլպաներով եւ սեւ ուղղանկիւնաձեւ ակնոցով: Կը թուէր, որ ան անընդհատ անհասկնալիօրէն մտահոգուած էր: Ան օգտագործած էր չափէն շատ օծանելիք, որ, ինչպէս ինքը ըսաւ, բերուած էր Իտալիայէն: «Երբ պարոն Իպրահիմովը Ազրպէյճանի մէջ է,- ըսաւ Հուսէյնլին,- ան միշտ կը վարէ իր սեւ «Ռոլս Ռոյս»-ը: Իսկ Տուպայի մէջ ան ունի ուրիշ կարմիր ինքնաշարժ մը»:

Ցուցադրելով «կոկորդիլոսի կաշիէ «Սթեֆանօ Ռիչի» մակնիշի կապոյտ կօշիկները, որոնք կը համապատասխանէին անոր «Սթեֆանօ Ռիչի» կապոյտ ճինզին, «զիլլի» կապոյտ վերարկուին եւ «զիլլի» կապոյտ վերնաշապիկին»` Իպրահիմովը Սաւոտնիքին ըսած է, որ «Ազրպէյճանի աշտարակը» անկասկած պիտի յայտնուի «Կինես»-ի մրցանիշներու գիրքին մէջ: Իպրահիմով ըսած է, որ եթէ Սէուտական Արաբիան կամ Արաբական Էմիրութիւնները, կամ ոեւէ մէկը, որեւէ այլ վայրի մէջ փորձէ աւելի մեծ շէնք կառուցել, ան ալ աւելի մեծը պիտի կառուցէ:

Սաւոտնիք կը գրէ, որ ազրպէյճանցի մեծահարուստը Իլհամ Ալիեւը բնութագրեց իբրեւ «շեֆերու շեֆ», «մեծ պաշտպան, աջակից եւ Ազրպէյճանի ժողովուրդի փրկիչի որդի»: Երբ «Նիւ Եորք Թայմզ» թերթին թղթակիցը Իպրահիմովին հարցուց «Ալիեւի վարչակարգի այլ յատկանիշներու` թափանցիկութեան, քաղաքացիական ազատութիւններու բացակայութեան եւ ընդդիմութեան գործիչներու կալանաւորման մասին», ան տուաւ բոլոր մեծահարուստներուն յատկանշական պատասխանը. «Ես քաղաքականութեան մասին ոչինչ գիտեմ»:

Ամերիկացի լրագրողը իր յօդուածին մէջ անարգանքի խօսքեր գրած էր ոչ միայն Իպրահիմովին, այլ նաեւ անոր երկրին մասին. Ազրպէյճանը «չի կառուցեր այն, ինչ ամբողջ աշխարհին պէտք է եւ չունի համաշխարհային ճանաչում ունեցող համալսարաններ: Սակայն ան ունի քարիւղ»: Իր երկրորդ յօդուածին մէջ Սաւոտնիք կ’եզրափակէ. «Բոլոր ապակիներու, պողպատի եւ նէոնային լոյսերու տակ, ան (Ազրպէյճանը) կը շարունակէ մնալ իբրեւ բռնատիրական երկիր»:

Առաջին անգամ չէ, որ «Նիւ Եորք Թայմզ»-ը կը հրապարակէ Ազրպէյճանը մերկացնող յօդուած: 27 հոկտեմբեր 2003-ին թերթը իր խմբագրականին մէջ գրած էր. «Գործարար, «փլէյպոյ» եւ նորելուկ քաղաքական գործիչ Իլհամ Ալիեւը գեղեցիկ նուէր ստացաւ իր հօրմէն` Ազրպէյճան երկիրը: Հայտար Ալիեւը մնայուն կերպով համարեա 34 տարի ղեկավարած էր Ազրպէյճանը, սկիզբը իբրեւ Խորհրդային Միութեան Քաղաքական Բիւրոյի անդամ, այնուհետեւ իբրեւ բռնակալ: Երբ խիստ հիւանդութեան պատճառով ան այլեւս չէր կրնար շարունակել, ան օծեց իր որդին` իր փոխարէն նախագահի պաշտօնին առաջադրուելու համար: Իլհամ Ալիեւը օգտագործելով պետութեան բոլոր լիազօրութիւնները` ծաւալեց կեղծիքներով լի քարոզարշաւ, իսկ այնուհետեւ տօնեց իր յաղթանակը` ձերբակալելով ընդդիմութեան մեծ մասը»:

«Նիւ Եորք Թայմզ» թերթը եզրափակած էր իր շատ քննադատական խմբագրականը` յորդորելով Միացեալ Նահանգները «հեռաւորութիւն պահելու նախագահ Ալիեւէն եւ խուսափելու քարիւղային հարստութիւններու վրայ բազմած բռնակալներուն աջակցելու անյաջող պատմութեան կրկնութենէն»: Ցաւօք, այս նախազգուշացումը անուշադրութեան մատնուեցաւ Միացեալ Նահանգներու իրար յաջորդող վարչակազմերուն կողմէ:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
«ԵՌԱԳՈՅՆ» կայքէջը

 

Նախորդը

Անծանօթ Ուսուցիչը

Յաջորդը

«Եուրոփա Լիկ». Լիվըրփուլ, Այաքս Ամսթերտամ, Նափոլի, Լիոն Եւ Աթլեթիքօ Մատրիտ Դուրս Մնացին Մրցաշարքէն

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.