Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Արագած» Մասնաճիւղի Աշնանային Ձեռնարկ

February 2, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ «Արագած» մասնաճիւղի վարչութեան, ուրբաթ, 23 նոյեմբեր 2012-ին տեղի ունեցաւ «Աշնանային ձեռնարկ» մը, «Արագած» ակումբի «Սարգիս Գալայճեան» սրահին մէջ:

ԼՕԽ-ի քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք վարչութեան ատենապետ Սիլվա Շիրինեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց նիւթական եւ բարոյական աջակցութեան, նաեւ` քաջալերելնուն սոյն ձեռնարկին, որուն հասոյթը լիովին պիտի տրամադրուի շրջանի կարիքաւորին, հիւանդին, աշակերտին եւ ծերունիին:

Ապա հրաւիրեց օրուան դասախօսը` տոքթ. Սիրուն Վարդապետեանը, որ նախ անդրադարձաւ եւ գնահատեց ԼՕԽ-ի մասնաճիւղերու կազմակերպած ձեռնարկները, որոնք յաճախ դասախօսութիւններ կ՛ընդգրկեն, որովհետեւ ԼՕԽ-ի առաքելութեան մաս կը կազմէ իգական սեռը գիտելիքներով հարստացնելու պարտականութիւնը:

Ապա խօսեցաւ ծնողներուն դերակատարութեան մասին` իրենց զաւակներուն կեանքին մէջ, անոնց հոգեկան եւ անհատական զարգացման առումով, թելադրելով, որ բարի օրինակ ըլլան մեր զաւակներուն, համբերող եւ ճիշդ ուղղութիւններ տալով` խրատել եւ արգելք հանդիսանալ հեռանալու հայկական վարք ու բարքէն:

Օտար դպրոցներն ու օտար սպասուհիներու ներկայութիւնը տուներէն ներս հիմնական պատճառներն են վերոյիշեալ հեռացումին:

21-րդ դարու մէջ ահաւոր վտանգներ կը սպառնան մեր զաւակներուն, անհոգութեան եւ անխոհեմութեան պատճառով արկածներ կը պատահին. համակարգիչի պաստառին դիմաց երկար ժամեր նստող երեխան կը վնասուի թէ՛ ֆիզիքապէս եւ թէ՛ հոգեմտաւոր խախտումներ կ՛ունենայ, ինչպիսիք են` ճնշուածութիւն, անքնութիւն, ընկերային կեանքէ հեռու, մեկուսացում, կեդրոնացումի տկարացում եւ այլն:

Իսկ փոքրիկներուն մօտ բջիջային հեռախօսի օգտագործումը, շփացածութեան եւ մրցակցութեան գաղափարին կապելով, ան հաստատեց, որ վնասուողը միայն ու միայն կ՛ըլլան մեր զաւակները:

Ձեռնարկը ունեցաւ նաեւ գեղարուեստական բաժին, որուն ընթացքին երգիչ Շահէ Յակոբեան հայկական գեղեցիկ երգերով հաճելի մթնոլորտ մը ստեղծեց:

Տեղի ունեցաւ նուիրատուութիւններ եւ վիճակաձգութիւն:

Նախորդը

Կաղանդը

Յաջորդը

Ամանորեան Ձեռնարկներ` «Աղթամար» Մասնաճիւղին Մէջ

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.