Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. Շահեկան Կլոր Սեղան` Ընտանիքի Նիւթական Հարցերուն Վերաբերեալ Երեխաները Եւ Պատանիները Իրազեկ Դարձնելու Մասին

January 30, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ներկայ ժամանակաշրջանի հիմնական հարցերէն մէկը տնտեսական տագնապն է, որ իր բացասական ազդեցութիւնը կ՛ունենայ մարդոց ընկերային ու կենցաղային պայմաններուն վրայ: Երկար շունչի վրայ այս տագնապը նաեւ անդրադարձ կ՛ունենայ երեխաներուն եւ պատանիներուն վրայ` անոնց կազմաւորման հոլովոյթին ընդմէջէն:

Ահաւասիկ այս կարեւոր հարցը առիթ ընձեռեց ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան դաստիարակչական յանձնախումբին երկուշաբթի, 21 յունուար 2013-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ կազմակերպելու շահեկան կլոր սեղան մը` «Որքանո՞վ երեխաները եւ պատանիները իրազեկ դարձնել ընտանեկան նիւթական մտահոգութիւններուն» նիւթով եւ մասնակցութեամբ խումբ մը մասնագէտներու:

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան դաստիարակչական յանձնախումբին անունով բարի գալուստի խօսք արտասանեց Յասմիկ Գէորգեան: Ան յայտնեց, որ յանձնախումբը քաջ գիտակցելով ներկայ ժամանակաշրջանի տնտեսական դժուարութիւնը եւ ծնողներուն դերը, կազմակերպած է սոյն դասախօսութիւնը:

Ապա Գէորգեան ամպիոն հրաւիրեց կլոր սեղանի համադրող, մանկավարժ Սիլվա Փափազեանը, որ իր կարգին ներկայացուց քննարկումին մասնակիցները` Արեգնազ Աղասարգիսեան` իբրեւ ծնող, Սօսէ Ճինպաշեան` մասնագէտ մանկավարժ, Մարալ Տէյիրմենճեան` տնտեսագէտ եւ Արա Գաւլաքեան` հոգեբան:

Հոգեբան Արա Գաւլաքեան խօսեցաւ փոքրերու զարգացման զանազան հանգրուաններուն մասին: Կեդրոնանալով 2-7 տարեկանի հանգրուանին վրայ` ան նշեց, որ այդ ժամանակաշրջանին փոքրերը քանակի հարցը կը տարբերակեն, բայց գիները շատ չեն տարբերակեր: Սօսէ Ճինպաշեան համաձայն գտնուեցաւ Գաւլաքեանի հետ` նշելով, որ երբ փոքրիկ մը երեք տարեկանը թեւակոխէ, չի կրնար տակաւին ըմբռնել դրամին արժէքը, բայց պէտք է վարժուի: 5-7 տարեկան փոքրիկները ըմբոստ կ՛ըլլան, ամէն ինչ կ՛ուզեն ստանալ, բայց իրենց տարիքին համեմատ պէտք է բացատրել իրենց ընտանիքի նիւթական կացութիւնը:

Արեգնազ Աղասարգիսեանը իբրեւ ծնող շեշտը դրաւ մնայուն կերպով սէր ու գուրգուրանք ցուցաբերելու անհրաժեշտութեան վրայ: Ան ընդգծեց, որ այս տարիքային երեխաները միշտ պիտի փորձեն իրենց ծնողներուն համբերութիւնը, միշտ պիտի փորձեն պարտադրել իրենց ուզածները, բայց պէտք չէ ընդառաջել անոնց:

Մարալ Տէյիրմենճեան իբրեւ տնտեսագէտ ընդգծեց երկու ծայրայեղութիւններ, երբ ծնողներու որոշ մաս մը ցոյց կու տայ, թէ ինք նիւթապէս բարեկեցիկ է, հակառակ անոր որ այդպէս կրնայ չըլլալ, կը գոհացնէ զաւակներուն բոլոր պէտքերը` անոնց ուրախութիւնը գնելով, բայց զաւակները իրենց ուսման մէջ կրնան տուժել: Երկրորդ ծայրայեղութիւնը այն է, որ որոշ ծնողներ մնայուն կերպով կ՛ընդգծեն իրենց նիւթական տագնապի մէջ ըլլալը, այսպիսով թերարժէքութեան բարդոյթ ստեղծելով զաւակներուն մօտ:

Անցնելով երեխաներու զարգացման տարիքային երկրորդ հանգրուանին` 7-12 տարեկան, հոգեբան Արա Գաւլաքեան նշեց, որ այս հանգրուանին երեխաները կը սկսին հետզհետէ գիտնալ դրամին արժէքը եւ կը հասկնան անոր գինը: Արեգնազ Աղասարգիսեան յայտնեց, որ այո՛, թէեւ այս տարիքին զաւակները հետզհետէ աւելի կը հասկնան դրամին արժէքը, սակայն նաեւ անոնց ամբողջութեամբ կարելի չէ բացատրել ծնողներուն տնտեսական վիճակը: Ծնողները երբեք պէտք չէ իրենց զաւակներուն ցոյց տան իրենց աղքատ վիճակը եւ պէտք է իրենց զաւակներուն սորվեցնեն արժէքները գնահատել:

Իր կարգին, Մարալ Տէյիրմենճեան ըսաւ, որ զաւակները իրենց ծնողներուն ծախսած ձեւը կը դիտեն: Ան ցաւ յայտնեց ներկայ ժամանակաշրջանին հայ ընտանիքներու մէջ բոյն դրած նիւթականացած այն մտայնութեան համար, որ կրթութեան համար դրամ չկայ, իսկ ուրիշ սպառողական երեւոյթներու համար` կայ:

Սօսէ Ճինպաշեան կարեւորութեամբ ընդգծեց արդարութեան հարցը: Ան ըսաւ, որ եթէ նոյնիսկ մեր ծնողները նիւթական հարցեր չունին, պէտք է չափաւորեն իրենց ընթացքը: Գաւլաքեան իր հոգեբանի դիտանկիւնէն մեկնած ըսաւ, որ տնտեսական վիճակը տարբեր տեսակի հոգեբանական բարդոյթներ կրնայ ստեղծել զաւակներուն մօտ: Եթէ ծնողները տնտեսական տագնապի մասին խօսին երեխաներուն առջեւ, բնականաբար ասիկա տագնապ պիտի ստեղծէ անոնց մօտ եւ անոնք նահանջ պիտի արձանագրեն կրթական առումով:

Միւս կողմէ, սակայն, Արեգնազ Աղասարգիսեան ըսաւ, որ ամէն պարագայի երեխային պէտք չէ ստել եւ անկեղծ պէտք է ըլլալ անոր հետ մեր տնտեսական կացութեան մասին: Մենք պէտք է կենդանի օրինակը դառնանք երեխային, որպէսզի ան ապագային կարենայ դիմագրաւել դժուարութիւնները»:

Կլոր սեղանի աւարտին օրուան նիւթին վերաբերեալ զրոյց ծաւալեցաւ ներկայ գտնուող կիներուն եւ զեկուցաբերներուն միջեւ:

 

Նախորդը

«Հալէպի Մէջ Իրավիճակը Անփոփոխ Է» Կ՛ըսէ Ռէյիսեան

Յաջորդը

Ազրպէյճանի Մէջ Ժողովրդային Ապստամբութեան Հաւանականութի՞ւն

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.