Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՄԸՄ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ԽՄԲԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ «ՓՈՔՐԻԿ ԱՍՏՂԵՐ» ՅԱՅՏԱԳԻՐԸ

May 10, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՄԸՄ Լիբանանի Շրջանային խմբապետութեան կազմակերպած գայլիկ – արծուիկ – մոկլի Ճիւղի «Փոքրիկ աստղեր» յայտագիրը տեղի ունեցաւ կիրակի, 8 մայիս 2011-ին, առաւօտեան ժամը 10:00ին, Ազգային Ս. Քառասնից Մանկանց վարժարանի սրահին մէջ:

Ներկայ էին Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչը, Շրջանային սկաուտ խորհուրդէն ու Շրջանային խմբապետութենէն քոյրեր եւ եղբայրներ, ծնողներ, բարեկամներ ու համակիրներ:

Ներկայ էին նաեւ դատական անձնակազմի անդամներ` Անի Կոստանեան – պար, Յասմիկ Պերթիզլեան – ասմունք, Լիանա Աշգարեան – նուագ:

Յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին Պուրճ Համուտի, Ժտէյտէի, Այնճարի, Անթիլիասի եւ Պէյրութի մասնաճիւղերէն մոկլիներ, գայլիկներ ու արծուիկներ:

Լիբանանի եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք, շրջանային մոկլի ճիւղի խմբապետ Թամար Քէշիշեան արտասանեց յայտագիրի բացման խօսքը. ան ըսաւ, թէ 93 տարիներու ընթացքին ՀՄԸՄ-ի սկաուտութիւնը կը կերտէ բազմաթիւ նպատակներ, որոնցմէ առաջնակարգ դիրքը կը գրաւէ պատրաստել ամուր նկարագիրի եւ բարոյական բարձր արժանիքներու տէր, հաւատաւոր եւ անձնազոհ հայեր` ծառայելու ազգին ու հայրենիքին եւ նուիրուելու հայ ժողովուրդի ձգտումներու իրագործման: Այս նպատակը իրագործելու համար հայ նոր սերունդը պէտք է  դաստիարակուի հայաշունչ ոգիով  ու  հայկական մշակոյթով` պահպանելու հայ մշակոյթն ու պատմութիւնը եւ յատկապէս հայկականութիւնը:

Ապա Շրջանային արծուիկ ճիւղի խմբապետ Լիզա Դիմիճեան հերթաբար հրաւիրեց մասնակցողները` ներկայացնելու իրենց պատրաստած երգերը, պարերը, նուագներն ու ասմունքները:

Պուրճ Համուտի մասնաճիւղէն Սելին Ղազարեան երգեց «Հայրենիք» երգը, ապա ժտէյտէ մասնաճիւղէն Կարօ Գալենտերեան ներկայացուց նուագ մը, Ալիք Սթամպուլեան, Սօսէ Գալայճեան եւ Շանթալ Ապաճեան ներկայացուցին  հայկական պար մը, իսկ Պէյրութի մասնաճիւղէն Կարօտ Հանեշեան ջութակի վրայ ներկայացուց նուագ մը:

Անթիլիասի մասնաճիւղէն Աւետիս Սոմունճեան երգեց Հայրենիքի ու Գետաշէնի նուիրուած զոյգ երգեր, որմէ ետք Պուրճ Համուտի մասնաճիւղը ներկայացուց մասնաճիւղային «Մոկլի» երգն ու պարը:

Ջութակի վրայ նուագեց Գէորգ Պուտագեան` Պուրճ Համուտի մասնաճիւղէն, իսկ  ժտէյտէի մասնաճիւղէն Մակալի Թովմասեան ներկայացուց հայկական մենապար մը:

Այնճարի մասնաճիւղէն Պարոյր Ղուկասեանի ասմունքէն ետք,Պէյրութի մասնաճիւղէն Ծաւի Պիլալեան դաշնակի վրայ ներկայացուց նուագ մը:

Հաճելի էր լսել փոքրիկն Սարին Մեսրոպեանի կողմէ ներկայացուած մանկական երգ մը, ուր ան մանկական անմեղութեամբ ու արցունքոտ աչքերով երգեց կապիկներուն երգը` միաժամանակ խանդավառելով ներկաները:

Ժտէյտէի մասնաճիւղի մասնաճիւղային պարէն ետք,Պուրճ Համուտի մասնաճիւղէն Ճեսի Գրիգորեան ջութակի վրայ նուագեց, ապա ժտէյտէի մասնաճիւղէն Սեւան Զաքարեան եւ Սերուժ Տուտեքլեան պարեցին «Սասնոյ պար»ը, Այնճարի մասնաճիւղէն Լոռի Քարնեշեան ներկայացուց երգ մը, ապա Կալիա եւ Սէրլի Պասթաճեաններ Պէյրութի մասնաճիւղէն ասմունքեցին, իսկ Նժդեհ Թաշճեան կիթառի վրայ նուագեց:

Անթիլիասի մասնաճիւղի մասնաճիւղային  հայկական պարէն ետք, Պուրճ Համուտի մասնաճիւղէն Էվա Ղազարեան, Քրիսթել Արթինեան եւ Պեթի Սուլեան ներկայացուցին «Շիրխանի» պարը, Պէյրութի մասնաճիւղէն Վագօ Հաշէօլեան, սրինքի վրայ նուագեց, իսկ Այնճարի մասնաճիւղէն Լիլիթ Աբրահամեան ներկայացուց երգ մը, Վարագ Մեսրոպեան ջութակի վրայ նուագեց երաժշտական կտոր մը:

Մեղեդի Տէր Յարութիւնեան` Պուրճ Համուտի մասնաճիւղէն, յստակ առոգանութեամբ ու յատուկ  շեշտաւորումով եւ հաճելի ոճով ներկայացուց Եղիշէ Չարենցի «Ես իմ անուշ Հայաստանի» բանաստեղծութիւնը, արժանանալով ներկաներուն բուռն ծափահարութեան:

Այնճարի մասնաճիւղը, թմբուկի ընկերակցութեամբ ներկայացուց մասնաճիւղային ազգագրական երգ մը, ապա Պուրճ Համուտի մասնաճիւղէն Ալիսիա Ատուրեան, Անիթա Քէօսէեան, Սելեսդի Գալաճեան եւ ճոյս Գալաճեան ներկայացուցին խմբային ասմունք մը:

Դաշնակի վրայ նուագեց Լէա Աշգարեան, որմէ ետք Ռիթա Մելիքեան ներկայացուց հայկական մենապար մը, իսկ Պէյրութի մասնաճիւղէն Նարօտ Սերուժեան ջութակի վրայ նուագեց ու Պուրճ Համուտի մասնաճիւղէն Աշոտ Մանուկեան պասսի վրայ նուագեց:

Տասը վայրկեան դադարէ մը ետք, բեմ հրաւիրուեցան բոլոր մասնակիցները ու իւրաքանչիւր դատակազմի իւրաքանչիւր անդամ յայտարարեց  մրցանակակիրներուն անունները:

– Պարի մրցանակը շահեցան Պուրճ Համուտի մասնաճիւղէն Էվա Ղազարեան, Պեթի Սուլեան, եւ Քրիսթել Արթինեան:

– Երգի մրցանակը շահեցաւ Այնճարի մասնաճիւղէն Լիլիթ Աբրահամեան:

– Արտասանութեան մրցանակը շահեցաւ Պուրճ Համուտի մասնաճիւղէն Մեղեդի Տէր Յարութիւնեան:

– Նուագի մրցանակը շահեցաւ Պէյրութի մասնաճիւղէն Նարօտ Սէրուժեան:

Մրցանակաբաշխումէն ետք, իւրաքանչիւր մասնակիցի յանձնուեցաւ փոխանցուեցաւ մետալներ:

«Փոքրիկ աստղեր» յայտագիրը վերջ գտաւ  «Յառաջ նահատակ» քայլերգով:

Նախորդը

ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱՑ ԸՆԿԵՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ 80-ԱՄԵԱԿԸ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ՄԵԾ ՇՈՒՔՈՎ

Յաջորդը

ԶՐՈՅՑ ՀԱՅՐԵՆԻ ԲԵՄԱԴՐԻՉ ՎԻԳԷՆ ՍՏԵՓԱՆԵԱՆԻ ՀԵՏ. «ԵՐԳ ԵՐԳՈՑ»Ը ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ` ԶՈՅԳ ԵԼՈՅԹՆԵՐՈՎ ԵՒ ԵՐԿՈՒ ՏԱՐԲԵՐ ԾՐԱԳԻՐՆԵՐՈՎ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.