Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կիրակնօրեայ Խօսքը. «Կեանքի Տպաւորիչ Վկայութիւններ»-Էն Մէկը…

January 21, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ

Սիրելի՛ ընթերցող, ուրբաթ, 11 յունուար 2013-ին, Ս. Փրկիչ եկեղեցիին մէջ, Պուրճ Համուտ, նախագահութեամբ Ներսէս-Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց կաթողիկոս-պատրիարքին եւ կազմակերպութեամբ Լիբանանի հայ կաթողիկէ թեմի քահանայից խորհուրդին, տեղի ունեցաւ 11 հոկտեմբեր-24 նոյեմբեր 2013 տեւող «Հաւատքի տարի»-ին բացումը:

Սիւնակիս վերտառութիւնն առի մեր օրաթերթէն, որ համառօտ նկարագրական մը տուաւ «Աղօթքի երեկոյ` «Հաւատքի տարուան» առիթով» խորագրութեամբ («Ազդակ», Պէյրութ, Բշ., 14 յունուար 2013, էջ 3դ): «Կեանքի տպաւորիչ վկայութիւններ»-էն մին տուողը տրուպս էր…

«Վկայութիւն» արարքը աստուածաշնչական թէ՛ իմացութիւն եւ թէ՛ գործողութիւն է: «Վկայութիւն» գոյականին ունեցած շատ իմաստներէն կը յիշեցնեմ այս երկու նշանակութիւնները` «հաստատել ճշմարտութիւնը» եւ «խօսիլ տրուած բարիքին մասին, որ օրինակ ըլլայ մեզի համար»:

Արդ, այս կարճ բացատրութեան լոյսին տակ պիտի թոյլատրես անփոփոխ հրատարակել իմ ելոյթիս ամբողջ բնագիրը: Պենետիկտոս ԺԶ. սրբազան քահանայապետին ցուցմունքն է, որ ամէն հաւատացեալ տայ վկայութիւնը իր հաւատքին: Մեծաւորներէս հրահանգուեցայ ներկաներուդ տալու իմ կեանքիս վկայութիւնը մեր հաւատքին մասին:

– Փա՜ռքը Քեզի, ո՜վ Յիսուս:
– Պատի՜ւը Քեզի, ո՜վ Մարիամ:

Քոյրերս-եղբայրներս, «հաւատքի տարի» է:

Սթափի՛նք հաւատքի մեր թմբիրէն:

Թօթափե՛նք հաւատքի մեր անտարբերութիւնը:

Ազատագրուի՛նք հաւատքի մեր գաղջութենէն:

– Մեր Տէր Աստուածը ամենազօր է, սքանչելագործ է: Ալելուիա:
– Մեր Աստուածամայրը հզօր է, հրաշագործ է: Ալելուիա:

Այս խօսքերը ձեզի բացագանչող վարդապետս հրաշքով բուժուեցայ քաղցկեղէն ասկէ երկու եւ կէս ամիս առաջ, Վիեննայի մէջ:

Ութ օր մնացի հիւանդանոց, ուր մտած էի պարզապէս կատարելու համար տարեկան ընդհանուր քննութիւն մը: Առաջին օրէն արդէն բժիշկները յայտնաբերեցին քաղցկեղը իմ աջ թոքիս մէջ:

Վարդապետս` խաղաղ եւ ժպտուն էի: Արտաքին ու ներքին ուժս էր ամէնօրեայ Ս. հաղորդութիւնս: Վստահութիւնս եւ սփոփանքս էր Մարիամ` իմ Սիրամայրս: Քաջալերանքս էին ամէնօրեայ երկու-երեք վարդարանները: Գլխաւոր զբաղումս էր Աստուածաշունչին մասին ընթերցումը եւ սաղմոսներուն աղօթքս:

Հաւատքով աղօթեցի Մարիամ Տիրամօր: Սրտաբուխ աղօթքս էր. «Ո՜վ Սիրամայրս, ես վախ չունիմ ո՛չ քաղցկեղէն եւ ո՛չ ալ մահէն, այլ միայն ու միայն թող կատարուի Աստուծոյ օրհնեալ կամքը: Թէպէտ ես պատրաստ եւ յօժար եմ ամէն բանի, զոր Դուն կ՛ուզես, ո՜վ Սիրամայրս սիրուն, բայց եւ այնպէս կրնաս զիս ազատել այս հիւանդութենէս…»:

– Աստուածամայրը լսեց աղօթքս: Կատարեց խնդրանքս: Վարձատրեց հաւատքս:

Եօթներորդ օրը բժիշկները անակնկալի եկան, երբ շողարձակումով կատարուած նկարին մէջ ա՛լ չտեսան քաղցկեղի ուռեցքը իմ աջ թոքիս մէջ…

Առանց դեղի եւ առանց դարմանումի, ինչպէս նաեւ առանց բժշկական միջամտութեան ու վիրաբուժական գործողութեան եղած անհետացումն ուռեցքին հաստատեցին MRI-ի լուսանկարումն ու տարրալուծարանի քննութիւնը:

Բժիշկները զարմացան եւ չկրցան բացատրել պատահածը… Անոնց օգնութեան հասայ` յայտնելով, թէ հրաշագործ Աստուածամայրը բուժած էր զիս քաղցկեղէն…

Զարմանահար, բայց ցնծուն եւ ազնիւ բժշկուհիս պատասխանեց. «Վարդապե՛տ, դուք շատ լաւ եւ հզօր Պաշտպանուհի մը ունիք: Վարդապե՛տ, դուք այլեւս քաղցկեղ չունիք»:

– Այո՛, իր Մօր միջնորդութեամբ` Աստուած կը հրաշագործէ նաեւ մեղաւորին համար…

Քոյրերս-եղբայրներս, «Հաւատքի տարի» է:

Ս. եկեղեցին մեզմէ իւրաքանչիւրիս կը սորվեցնէ. «Պիտի հաւատաս Աստուծոյ: Պիտի յուսաս Աստուծմէ: Պիտի սիրես Աստուած»:

Այս ի՞նչ կը նշանակէ առօրեայ կեանքիդ մէջ, այս դժուարութեանդ կամ այն հիւանդութեանդ ժամանակ… Պատասխանս յստակ ու կարճ է:

«Սրտաբուխ աղօթքիդ մէջ
ամբողջովին պիտի ապաւինիս Աստուծոյ կամքին`
լիովին հաւատալով Անոր սքանչելագործ սիրոյն
եւ վստահելով Անոր մարդասէր զօրութեան:
Անշուշտ, հետդ միշտ առնելով
միջնորդ ու բարեխօս Մարիամ Ս. Կոյսը`
քու հրաշագործ Սիրամայրդ»:

Քոյրերս-եղբայրներս, ա՛յս է փորձառութիւնս, թելադրանքս, վկայութիւնս` ինծի շնորհուած բուժումէս ետք, որ պատահեցաւ Վիեննա, 23 հոկտեմբեր 2012-ին:

Գիտէք, հրաշապէս բուժուած անձը պէտք չունի մարդկային փաստերուն: Վերստացած առողջութիւնն ինքնին արդէն մեծագոյն ապացոյցն է:

Սակայն փափաքողները կրնան աչքէ անցընել ներկայ բժշկական տեղեկագիրները, շողանկարներն ու լուսանկարումները: Այսպէս կրնան ստուգել եւ հաստատել իմ վկայութիւնս:

– Շնորհակալութի՛ւնս ու փա՛ռքը Քեզի, ո՜վ սքանչելագործ Տէր: Ալելուիա:
– Երախտագիտութի՛ւնս ու պատի՛ւը Քեզի, ո՜վ հրաշագործ Տիրամայր: Ալելուիա:

Ամէն»:

 

Այնճար, 17 յունուար 2013                       

 

Նախորդը

Նոր Գիրքերու Հետ. «Ինչ Է Գրուել Իրանում Հայոց Ցեղասպանութեան Տարիներին» (Հեղինակ` Արմինէ Կարապետեան-Գունտագճեան

Յաջորդը

Մենք. Պիթըլզի, Հեմինկուէյի Ու Մեր Գիւղի Մասին

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.