Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Կեդրոնը Կը Պարգեւատրուի Միջազգային Չափանիշներու Համապատասխանող Իր Ծառայութիւններուն Համար

January 19, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` ուրբաթ, 18 յունուարին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:15¬ին, ԵՈՒՆԵՍՔՕ¬ի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ առողջապահութեան նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած եւ յատկապէս լիբանանեան դարմանատուներուն մէջ  առողջապահութեան ու մատուցուած ծառայութիւններու մակարդակի բարձրացման նուիրուած ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին 25 առողջապահական կեդրոններ, որոնց կարգին ԼՕԽ¬ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնը պարգեւատրուեցան` միջազգային մակարդակով վարկաւորման արձանագրած իրենց յաջողութեան համար:

Ձեռնարկին ներկայ էին Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեան, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը, Լիբանանի տարածքին գործող ԼՕԽ-ի մասնաճիւղերէ աւելի քան 200 ԼՕԽ-ականներ:

Այս առիթով խօսք առաւ առողջապահութեան նախարար Ալի Հասան Խալիլ, որ իր խօսքին մէջ շեշտեց, թէ նախարարութիւնը յանձնառու կը մնայ բժշկական հոգատարութիւն տրամադրելու բոլոր անոնց, որոնք ապահովագրուած չեն:

Նախարարը ընդգծեց, որ առողջապահութեան նախարարութիւնը առողջապահական նախնական հոգատարութիւն պիտի ապահովէ բոլոր լիբանանցիներուն, նոյնիսկ եթէ անոնք կը գտնուին գաւառներուն մէջ:

Ալի Հասան Խալիլ հաստատեց առողջապահական նախնական հոգատարութիւնը ապահովելու անհրաժեշտութիւնը, որովհետեւ այդ ծրագիրին միջոցով կարելի է լաւագոյնս ծառայել լիբանանցի քաղաքացիներուն բժշկական անմիջական կարիքներուն:

Ան մաղթեց, որ 18 յունուարը Լիբանանի մէջ  դառնայ Առողջապահական նախնական հոգատարութեան ազգային օր:

Իր կարգին, Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդի փոխնախագահ Ռանտա Պըրրի շնորհակալութիւն յայտնեց նախարար Ալի Հասան Խալիլի, որ իրեն շնորհած է այս ձեռնարկը հովանաւորելու պատիւը: Ան շեշտեց, որ նախարարութեան կողմէ առողջապահական նախնական հոգատարութեան այս ծրագիրը յայտարարելու նախաձեռնութիւնը անկիւնադարձային է Լիբանանի պատմութեան մէջ, որովհետեւ այս ծրագիրին շնորհիւ է, որ լիբանանեան բոլոր շրջաններուն, յատկապէս գիւղերուն մէջ պիտի ապահովուի քաղաքայիններուն բժշկական խնամքը:

Պըրրի նշեց նաեւ, որ առողջապահական նախնական հոգատարութեան այս ռազմավարական ծրագիրին Լիբանանի տարածքին գործող 170 կեդրոնի կողմէ որդեգրումը իր կարգին ազգային այլ նուաճում մըն է եւ անոր գործադրութեան յաջողութիւնը բոլորին պարտականութիւնն է` սկսեալ լիբանանեան պետութենէն հասնելով մինչեւ քաղաքապետարանները, միութիւններն ու բարեսիրական հաստատութիւնները:

Աւարտին յատուկ յուշանուէրներ յանձնուեցան 170 կեդրոններէն զատորոշուած այն 25 կեդրոններուն, որոնք վարկաւորման հանգրուանը յաջողութեամբ շրջանցած էին եւ փաստած, որ իրենց ծառայութիւնը միջազգային ճշդուած չափանիշներուն կը համապատասխանէ: ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին յուշանուէրը ստանձնեց կեդրոնի տնօրէն Սօսի Սաղրեան:

 

 

Նախորդը

Թաթուլ Յակոբեանի «Կանաչ Ու Սեւ. Արցախեան Օրագիր»-ը` Նաեւ Թուրքերէնով

Յաջորդը

Ակնարկ. Բազկերակի Շօշափո՞ւմ, Թէ՞ Վերաշխուժացում

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.