Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ազդակ-Բացառիկ»-ի Շնորհահանդէսը` Երեւանի Մէջ

January 19, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` ուրբաթ, 18 յունուարին,  Երեւանի «Ուրբաթ» մամուլի ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ «Ազդակ» օրաթերթի 2013 թուականի «Ազդակ-բացառիկ» հատորի շնորհահանդէսը: «Ազդակ-բացառիկ»-ը հրատարակուած է տէր եւ տիկին Ալեքօ եւ Անի Պեզիքեաններու հովանաւորութեամբ: Հատորը ներկայացուցին փորձագէտ, լրագրող Թաթուլ Յակոբեան եւ «Ազդակի»-ի 31-ամեայ աշխատակից, մշակոյթի բաժինի խմբագիր Մովսէս Հերկելեան: 240 էջնոց «Ազդակ-բացառիկ»-ին մէջ ներառուած են շուրջ երեք տասնեակ ուսումնասիրութիւններ, որոնք կը ներառեն հայութիւնը յուզող բազմաթիւ խնդիրներ` սուրիահայութեան տագնապ, հայութիւն եւ Հայ դատ, մշակոյթ եւ արուեստ, հայ գիրքի 500-ամեակ, Հայաստանի ներքաղաքական զարգացումներ:

«Այս միայն գիրք չէ, այլ կարեւոր տարեգրութիւն է: Այս մշակոյթը Հայաստանի մէջ զարգացած չէ, երբ օրաթերթերը տարեվերջին  համարը կը հրատարակեն եւ անոնց կը ներառեն անցնող կարեւոր իրադարձութիւնները: Ասիկա հարազատ է միջազգային մամուլին», ըսաւ Թաթուլ Յակոբեան:

(Լուսանկարը՝ Գաբրիէլ Փանոսեանի)

«Տարուան ընթացքին քանի մը բացառիկ  կը հրատարակէ «Ազդակ»-ը: Ամէնէն շատ կարեւոր կը նկատուին Նոր տարուան եւ ապրիլ ամսուան բացառիկները: Մեր բացառիկներուն բնոյթը այն է, որ նեղ-քաղաքական բնոյթ չունենայ, այլ ընդգրկէ ամբողջ սփիւռքը, ամբողջ Հայաստանի անցուդարձը. «Ազդակ-բացառիկ»-ը ունի հանրագիտարանային բնոյթ: Իբրեւ մշակոյթի մասնագէտ ըսեմ, որ «Ազդակ»-ը երբեք մշակոյթը լուսանցքի վրայ չի դներ: Մեր  մշակոյթ բաժինը  կը պատկանի ամբողջ հայութեան, եւ ուր որ ալ ըլլան կարեւոր իրադարձութիւններ, մրցանակներ, միջազգային երեւոյթներ, այդ բոլորին «Ազդակ»-ը կ՛անդրադառնայ իբրեւ իր պարտականութիւնը», նշեց Մովսէս Հերկելեան:

«Ազդակ-բացառիկ»-ը հայաստանեան ընթերցողին շնորհահանդէսի ժամանակ բաժնուեցաւ ձրի: Թաթուլ Յակոբեան տեղեկացուց, որ հատորէն պիտի ուղարկուի նաեւ տարբեր կեդրոններ` Գրապալատ, Ազգային գրադարան եւ այլուր:

 

 

Նախորդը

Ակնարկ. Բազկերակի Շօշափո՞ւմ, Թէ՞ Վերաշխուժացում

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.