Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԵՐԲ ԲԱՐԵԿԱՄԸ ՆԵՂ ՕՐԵՐՈՒՆ ՉԻ ՀԱՍՆԻՐ

May 9, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրք-սուրիական բարեկամութեան եւ եղբայրութեան յարաբերութիւններու մասին ընդհանուր համոզում գոյացած էր` տասնամեակի մը ընթացքին ստորագրուած բազմաթիւ համաձայնագիրներու եւ զանազան բնագաւառներու մէջ համատեղ ծրագիրներու ընդմէջէն:

Սակայն Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած քաղաքական շարժումը եւ իրադարձութիւնները կրնան նման ուղղութիւն փոխել:

Սուրիոյ հետ կապուած վերջին օրերուն տարածուած լուրերէն հաւանաբար ամենաուժեղն էր Պոլսոյ մէջ ընդդիմադիր սուրիացիներու հանդիպումը:

Երկրի քաղաքական իրավիճակին հետեւողները կրնան վերջին շաբաթներուն Թուրքիայէն հասած հանգրուանային նշոյլները տեսնել:

Այդ նշոյլները սկսան, երբ պաշտօնական Թուրքիան Ասատէն պահանջեց կասեցնել բռնութիւնը, իսկական ժողովրդավարութիւն կիրարկել եւ կատարել բարենորոգումները շուտափոյթ կերպով: Թրքական տեսանկիւնէն,  այդ բարձրամիտ խրատները կամ դասերը ականջ չգտան:

Անկէ ետք կայացաւ սուրիացի Իսլամ եղբայրներու ընդհանուր առաջնորդի մամլոյ ասուլիսը Պոլսոյ մէջ, հակառակ անոր, որ  Թուրքիան յայտարարութեամբ մը հերքեց այդ խմբակին նման յայտարարութիւններու որդեգրումը:

Վերջին օրերուն հարցերը զարգացան, երբ «Սուրիոյ համար Պոլսոյ հաւաք» վերնագրի տակ տեղի ունեցաւ խորհրդաժողով մը`  կազմակերպութեամբ թրքական քաղաքացիական մարմիններու, որոնք կը գործեն «Քաղաքական երկխօսութեան Պոլսոյ ամպիոն» անունին տակ: Այդ խորհրդաժողովին ներկայ գտնուեցան թրքական եւ սուրիական քաղաքացիական կազմակերպութիւններ, որոնք պահանջեցին սուրիական կառավարութենէն բռնութիւնը անմիջապէս կասեցնել եւ բարենորոգումները կիրարկել`  բազմակուսակցական դրութիւնը որդեգրելով:

Խորհրդաժողովի փակման յայտարարութեան մէջ նշուած էր մասնակիցներուն պահանջը` Սուրիոյ մէջ կասեցնել ձերբակալութիւնները, մամուլի եւ խօսքի ազատութիւն եւ նորացուած հաղորդակցութեան միջոցներու օգտագործման թոյլտուութիւն:

Իրականութեան մէջ սոյն հաւաքը առիթ մըն էր բացայայտելու Սուրիոյ մէջ զարգացումներու հանդէպ թրքական քաղաքական եւ նոյնիսկ պաշտօնական դիրքորոշումը:

«Սուրիոյ համար Պոլսոյ հաւաք»ին մասնակիցները Արաբական լիկային կոչ ուղղեցին սուրիացի քաղաքացիները պաշտպանելու:

Վերադառնալով թրքական հանգրուաններուն, ուրեմն, վերջինը եղաւ Սուրիոյ մէջ թուրք դեսպանին Անգարա կանչուիլը, հաւանաբար զեկոյց տալու համար:

Այս նախաձեռնութիւններուն կողքին, կարելի չէ չտեսնել քրտական գործօնը, որ անհանգստացուցած էր Թուրքիան, այն երկիրը,  որ կը հպարտանայ Սուրիոյ առջեւ իր բարենորոգումներով, բազմակուսակցականութեամբ, մոռնալով լրագրողներու եւ փոքրամասնութիւններու բռնութիւնը:

Նման նախաձեռնութիւններ չէին վայելեր Թուրքիոյ եւ իր մամուլին: Ոչ ալ Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարարութեան` Սուրիոյ մէջ իրադարձութիւններուն Աւագ Ուրբաթի մասին յայտարարութիւնը, որուն մէջ Սուրիան առանձնացուած է բռնակալ երկիրներու շարքին` անտեսելով բնակչութեան մեծ տոկոսին զօրակցութիւնը նախագահին:

Կ՛ենթադրուի, որ Պոլսոյ սոյն հաւաքը պետական բնոյթ չէ ստացած, սակայն անիկա կատարուեցաւ «օր ցերեկով», եւ ի դիմաց լրատուական պնդումներուն, որոնք կը շեշտեն, թէ թրքական կառավարութիւնը եւ թրքական ազգային անվտանգութեան խորհուրդը հետաքրքրուած է Սուրիոյ իրադարձութիւններով: Ըստ թրքական մամուլին, «որեւէ նախատեսուած բեմագրութիւններ դիմագրաւելու համար բոլոր միջոցները նախաձեռնուած են»:

Կ՛եզրակացնենք, որ բարձրացուած ձայները կը բաւարարեն միայն թրքական շահերը եւ արդիւնք են արաբական աշխարհին մէջ իր ծաւալման կծկուելու վախին:

Թէ Թուրքիոյ պաշտօնական հեռաւորութիւնը Պոլսոյ հաւաքներէն որքա՞ն է, չենք գիտեր, սակայն քաջ գիտենք, որ անիկա հեռու է արաբական առածէն` «Բարեկամը նեղ օրերու համար է»:

ԴՈԿՏ. ՆՈՐԱ ԱՐԻՍԵԱՆ

29.04.2011

 

Նախորդը

«ԱՆՑԵԱԼԻ ՅՈՒՇԵՐՈՎ Կ՛ԱՊՐԻՆՔ» (ՊԱՏՄՈՒԱԾՔՆԵՐ). (ՀԵՂԻՆԱԿ` ԳՐԻԳՈՐ ՀՈԹՈՅԵԱՆ)

Յաջորդը

ՀԻՆԸ ՆՈՐՈՎ ԳԻՐԿԸՆԴԽԱՌՆ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅ Դաշնակցութիւնը` Պատնէշին Վրայ, Աւելի Քան Երբեք

November 25, 2026
Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Տոքթ. Բաբգէն Փափազեանի Արխիւէն. Դաշնակցական Ընկերոջ Օրինակը Ընկեր Մ. Պարոնեան

November 25, 2026
Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը` Հաստատութենական Հեռանկարով

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։