Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժորժ Ապտալլայի Ազատ Արձակումը Յետաձգուեցաւ` Պէյրութի Մէջ Բռնկեցնելով Ընդվզումի Ցոյց Մը

January 15, 2013
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ընդվզած ցուցարարները կը քարկոծեն ֆրանսական դեսպանատունը

Մինչ Լիբանան կազմ ու պատրաստ կը սպասէր դիմաւորելու 28 տարիէ ի վեր Ֆրանսայի մէջ արգելափակուած իր քաղաքացիներէն Ժորժ Ապտալլան, Փարիզէն հնչեց Ապտալլայի ազատ արձակումը յետաձգող Ֆրանսական դատական իշխանութիւններուն որոշումը:

Ապտալլայի ընտանիքին եւ Լիբանանի ժողովրդավարական երիտասարդական միութեան յայտարարած բողոքի ցոյցին ընդառաջեցին մեծ թիւով լիբանանցի երիտասարդներ, որոնք կէսօրուան ժամը 1:00-էն սկսեալ ուղղուեցան դէպի ֆրանսական դեսպանատուն եւ հոն մնացին մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 4:00:

Ցուցարարները փակեցին ֆրանսական դեսպանատուն տանող փողոցները, վրան մը լարեցին դեսպանատան կից մայթին վրայ եւ բաց նստացոյց յայտարարեցին:

Երեկոյեան ներքին ապահովութեան ուժերն ու բանակը յաջողեցան վերաբանալ փակ ճամբաները:

Ցուցարարները արձակեցին «Ազատութի՛ւն` Ժորժ Ապտալլային» կարգախօսը եւ բացայայտեցին իրենց ընդվզումը ֆրանսական դատական իշխանութիւններուն նկատմամբ: Նշենք, որ Ֆրանսա յայտարարած էր, որ Ժորժ Ապտալլա ազատ պիտի արձակուի յառաջիկայ 28 յունուարին:

Ցուցարարները դատապարտեցին Ֆրանսայի կողմէ ամերիկեան ճնշումներուն ենթարկուելու իրականութիւնը եւ դեսպանատունը քարկոծեցին, ինչպէս նաեւ անոր վրայ հաւկիթ նետեցին:

Ժորժ Ապտալլայի եղբայրը` Ժոզեֆ Ապտալլա յայտնեց, որ իրենց քայլերը կրնան մագլցողական բնոյթ ստանալ` համաձայն յառաջիկայ օրերու զարգացումներուն:

Ան նշեց, որ իրենք պիտի սպասեն Պուսթրոս պալատին մէջ այսօր տեղի ունենալիք հանդիպումին` նկատի ունենալով, որ արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուր ֆրանսացի իր պաշտօնակիցին հետ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունենալու կողքին, իր մօտ կանչած է նաեւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Փաթրիս Փաուլին:

Ցոյցին մասնակցեցաւ նաեւ Հըզպալլայի քաղաքական խորհուրդի անդամ Մահմուտ Քումաթի, որ յայտնեց, թէ իրենք կը զօրակցին Ժորժ Ապտալլայի ընտանիքին եւ կը պահանջեն անոր ազատ արձակումը, որով կարելի պիտի ըլլայ սրբագրել ֆրանսական դատական իշխանութիւններուն գործած սխալը:

Միւս կողմէ, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի իր կարգին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Փաուլիի հետ եւ հարց տուաւ, թէ ի՞նչ պատճառներով է, որ յետաձգուած է Ժորժ Ապտալլայի ազատ արձակումը:

Վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ Ապտալլայի ազատ արձակման յետաձգումը ոչ մէկ ձեւով կարելի է արդարացնել` աւելցնելով, որ այդ քայլը Ապտալլայի քաղաքացիական իրաւունքներուն խախտում կը նկատուի:

Վարչապետ Միքաթի ֆրանսական համապատասխան իշխանութիւններէն պահանջեց արագացնել Ապտալլայի ազատ արձակումը` նկատել տալով միաժամանակ, որ Լիբանանի կառավարութիւնը իր աշխատանքները ստանձնած օրէն ի վեր կը հետեւի այս թղթածրարին եւ կը պատրաստուէր դիմաւորել Ապտալլան:

Իր կարգին, արդարութեան նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի յայտնեց, որ լիբանանեան պետութիւնը ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ ազատ արձակելու Ժորժ Ապտալլան:

Նախորդը

Նախագահ Սլէյման Շարպելի Եւ Իպրահիմի Հետ Քննարկեց Քաթար Իրենց Կատարելիք Այցելութեան Մանրամասնութիւնները

Յաջորդը

Աւարտելէ Ետք Իր Աշխատանքներուն Ատենագրութիւնը` Խորհրդարանական Ենթայանձնախումբը Այսօր Կը Շարունակէ Իր Նիստերը

RelatedPosts

Աթալլա. «Պշարրէի Խումբի Գործին Մէջ  Վերջին Խօսքը Արդարադատութեան Պէտք Է Ձգել»
Լիբանանեան

Աթալլա. «Պշարրէի Խումբի Գործին Մէջ Վերջին Խօսքը Արդարադատութեան Պէտք Է Ձգել»

November 28, 2026
Ամմար. «Մեր Լռութիւնը Տկարութեան Նշան Չէ,  Այլ` Լիբանանի Շահերէն Մեկնելով Մեր Հեռատեսութեան»
Լիբանանեան

Ամմար. «Մեր Լռութիւնը Տկարութեան Նշան Չէ, Այլ` Լիբանանի Շահերէն Մեկնելով Մեր Հեռատեսութեան»

November 28, 2026
Նախագահ Աունի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք.  Պայրագտարեան Լիբանանի Ողիմպիական  Յանձնախումբի Տագնապի Աւարտը Յայտարարեց
Լիբանանեան

Նախագահ Աունի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք. Պայրագտարեան Լիբանանի Ողիմպիական Յանձնախումբի Տագնապի Աւարտը Յայտարարեց

November 28, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։