Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թոքիօ-Փեքին Տագնապը Կը Սրի. Միացեալ Նահանգներ Մարտական Օդանաւեր Օքինաուա Ուղարկած Են

January 15, 2013
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
«Էֆ-22 Ռափթըր» տիպի օդանաւը

«Վրեմիա» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու օդուժի առաջին ինը մարտական «անտեսանելի» օդանաւերը` «Էֆ-22 Ռափթըր»-ները երէկ հասած են ճափոնական Օքինաուա կղզի, որ Արեւելեան Ասիոյ մէջ ամերիկեան գլխաւոր զօրակայանի դեր կը կատարէ:

ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ ընդհանուր առմամբ այնտեղ պիտի ուղարկուի 12 նմանատիպ սարք: Անոնք ռատարներէ չեն նկատուիր եւ իրենց գաղտնիութեան պատճառով չեն վաճառուիր նոյնիսկ դաշնակիցներու:

Փենթակոն 2007-էն ի վեր պարբերաբար քանի մը ամիսով «Էֆ-22» կը տեղակայէ Օքինաուայի մէջ: Ներկայ քայլը իր տեսակին մէջ 7-րդն է:

Օդանաւերը Ովկիանիա ուղարկուած են Միացեալ Նահանգներու Վըրճինիա նահանգէն` Թոքիոյի եւ Փեքինի միջեւ յարաբերութիւններու սրման ենթահողին վրայ: Երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները սրած են վերջին ամիսներուն, Սենքաքու (չինական անուանումը` Տիաոյուտաօ) վիճելի կղզիներուն պատճառով: Կղզիները կը գտնուին Ճափոնի հսկողութեան տակ, սակայն Չինաստանը զանոնք իրը կը նկատէ:

Յիշեցնենք, որ վերջերս չինական պարեկային նաւերն ու օդանաւերը պարբերաբար կը մօտենան վիճելի կղզիներուն: Չինական օդանաւերը վտարելու համար օդ կը բարձրանան ճափոնական կործանիչներ:

Միացեալ Նահանգներ կը յայտարարեն, որ այս հարցին մէջ ոչ ոքի կողմ են, սակայն Թոքիոյի ճնշման տակ անոնք հաստատած են, որ անոնց վրայ կը տարածեն «անվտանգութեան համաձայնագիրը», որ Ուաշինկթընի կը պարտադրէ Ճափոնը պաշտպանել արտաքին յարձակումներէն:

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Աթէնքի Մէջ Յունաստանի Իշխող Կուսակցութեան Կեդրոնատեղին Հրացանաձգութեան Կ՛ենթարկուի

RelatedPosts

Սիպիհա. «Ուքրանիան Չի Պատրաստուիր  Ռուսիոյ Սկսած Պատերազմը  Լիպիա Տեղափոխելու»
Գլխաւոր լուրեր

Սիպիհա. «Ուքրանիան Չի Պատրաստուիր Ռուսիոյ Սկսած Պատերազմը Լիպիա Տեղափոխելու»

November 28, 2026
Քոպախիծէ. «Մեր Հողային Ամբողջականութեան  Վերականգնումին Առաջ Ռուսիոյ Հետ  Դիւանագիտական Յարաբերութիւններու  Վերականգնում Պիտի Չըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Քոպախիծէ. «Մեր Հողային Ամբողջականութեան Վերականգնումին Առաջ Ռուսիոյ Հետ Դիւանագիտական Յարաբերութիւններու Վերականգնում Պիտի Չըլլայ»

November 28, 2026
Քոփիրքին. «Ռուսիան Ու Չինաստանը  Կ՛աջակցին Հարաւային Կովկասի Մէջ  Խաղաղութեան Ու Կայունութեան»
Միջազգային

Քոփիրքին. «Ռուսիան Ու Չինաստանը Կ՛աջակցին Հարաւային Կովկասի Մէջ Խաղաղութեան Ու Կայունութեան»

November 28, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։