Նախորդ շաբաթավերջին Տիգրան Պետրոսեանի անուան ճատրակի տան մէջ սկսան Հայաստանի տղոց 73-րդ եւ աղջկանց 68-րդ ախոյեանութեան մրցումները:
Շաբաթ օր, առաջին հանգրուանի մրցումներուն յաղթանակ արձանագրելէ ետք, Տիգրան Պետրոսեան եւ Աւետիք Գրիգորեան շարունակելով իրենց յաղթարշաւը, արձանագրեցին իրենց երկրորդ յաղթանակը` ապահովելով առաւելագոյն 2 կէտը:
Անոնց ետին Զաւէն Անդրէասեան ապահոված է 1,5 կէտ:
Ինչ կը վերաբերի աղջկանց մրցումներուն, 1,5-ական կէտ ապահոված են Նարինէ Գասպարեան, Լուսինէ Կարապետեան, Նայիրա Մովսիսեան եւ Աննա Հայրապետեան:
Ստորեւ կու տանք երէկուան` 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն արդիւնքները.
ՏՂԱՔ
Զաւէն Անդրէասեան – Սամուէլ Տէր Սահակեան 1-0
Աւետիք Գրիգորեան – Յովիկ Հայրապետեան 1-0
Հրանդ Մելքումեան – Ռոպերթ Յովհաննիսեան 0,5-0,5
Արման Փաշիկեան – Տիգրան Պետրոսեան 0-1
Ռոպերթ Աղասարեան – Տիգրան Քոթանճեան 0-1
ԱՂՋԻԿՆԵՐ
Սիրանուշ Անդրէասեան – Լուսինէ Կարապետեան 0,5-0,5
Նայիրա Մովսիսեան – Եւգենիա Տոլուհանովա 0,5-0,5
Աննա Հայրապետեան -Արմինէ Պապայեան 0,5-0,5
Յասմիկ Ղամբարեան – Տիանա Մնացականեան 0,5-0,5
Նարինէ Գասպարեան – Մարիանա Գասպարեան 1-0


