Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն, ՀՄԸՄ Պէյրութ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Սանթրալը:
ՀՄԸՄ Պէյրութ արձանագրեց իր հինգերորդ յաջորդական յաղթանակը, երբ 95-50 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր հիւրը` Սանթրալը:
Մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 18-13, 29-8, 25-17 եւ 23-12:
ՀՄԸՄ-էն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ռուտի Ֆարրաժ (25), ապա յաջորդաբար` Մարիօ Ապպուտ (20), Ռալֆ Աքըլ (16), Ռոպեր Պու Տաղեր եւ Ճօ Ղաթթաս (11-ական):


