Արժանթինահայ թենիսմեն Դաւիթ Նալպանտեան իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ իր մասնակցութիւնը պիտի չբերէ տարուան առաջին կրան շլեմի` Աւստրալիոյ թենիսի միջազգային մրցաշարքին:
Ան, այս մրցաշարքին պիտի չմասնակցի ոչ թէ վիրաւոր ըլլալուն պատճառով, այլ որովհետեւ կ՛ուզէ լաւ արդիւնք արձանագրել Արժանթինի թենիսի «Տէյվիս Քափ»-ի մրցաշարքին:
«Մեր առաջին մրցակիցն է Գերմանիան, որ իր շարքերուն մէջ ունի լաւ որակով մարզիկներ: «Տէյվիս Քափ»-ին լաւ արդիւնք արձանագրելու համար հրաժարեցայ Աւստրալիոյ կրան շլեմի մրցաշարքէն: Արժանթին իր կարգին ունի լաւ մարզիկներ եւ անշուշտ լաւ մարզիչ: Ասիկա նկատի ունենալով կ՛ուզեմ, որ անպայման Արժանթին տիրանայ տիտղոսին: Ամէն ճիգս ի գործ պիտի դնեմ տիտղոսակիր դառնալու համար», ըսաւ Նալպանտեան:
Արժանթին – Գերմանիա մրցումը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 1-3 փետրուարին:


