Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախկին ՀԵՀՈՄ-ականներու Միութիւնը Սկսաւ Աշխատանքի

January 9, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ինչպէս նախապէս յայտնած էինք, ընդառաջելով Արամ Ա. կաթողիկոսի հրաւէրին, Հայ եկեղեցւոյ համալսարանական ուսանողներու միութեան նախկին անդամները ուրբաթ, 16 նոյեմբերի երեկոյեան հաւաքուած էին Անթիլիասի մայրավանքին մէջ` վեհափառ հայրապետին շուրջ: Վեհափառ հայրապետը  պարզած էր, թէ այդ հաւաքին նպատակն էր նախ եւ առաջ Լիբանանի մէջ հաստատուած նախկին ՀԵՀՈՄ-ականները ի մի համախմբել, ապա մեր զանազան գաղութներուն մէջ հաստատուած նախկին ՀԵՀՈՄ-ականները մասնակից դարձնել այս հոլովոյթին, եւ վերջապէս, այս շարժումին ծիրը ընդլայնելով` բոլոր հայ համալսարանաւարտները ներառել նոյն հոլովոյթին մէջ: ՀԵՀՈՄ-ականներ պատրաստակամութիւն յայտնած էին մասնակից դառնալու Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի հովանաւորութեամբ նախկին ՀԵՀՈՄ-ականները հաւաքական աշխատանքի մղող այս յոյժ կարեւոր ծրագիրին:

Քանի մը օրեր առաջ, վեհափառ հայրապետին այցելեցին նախկին ՀԵՀՈՄ-ականներ` խորհրդակցելու համար յառաջիկայ գործնական ծրագիրներուն շուրջ: Այս առիթով վեհափառ հայրապետը նշանակեց յանձնախումբ մը` բաղկացած հետեւեալ անձերէն. Յակոբ Հանտեան, Սարգիս Սեֆերեան, Սարգիս Ճիպելեան, Լիզա Տէր Խաչատուրեան-Պսթաճեան, Րաֆֆի Կէօվօղլանեան, Մարիա Յակոբեան-Երանճեան, Սարգիս Աւետիսեան, Զանի Շահինեան-Մեսրոպեան, Մարինա Քելեշեան-Հանտեան, Մարիա Աբրահամեան-Կիւրիւնլեան եւ Սարին  Եղիազարեան:

Յիշեալ յանձնախումբը իր հանդիպումները պիտի կայացնէ կաթողիկոսարանին մէջ` Երիտասարդաց բաժանմունքին աջակցութեամբ: Ան անմիջապէս պիտի սկսի նախկին ՀԵՀՈՄ-ականներու համախմբումի եւ արձանագրութեան աշխատանքներուն, թէ՛ Լիբանանի մէջ եւ թէ՛ Լիբանանէն դուրս:

Նախորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Ռիատի Պէյրութ – ՀՄԸՄ Անթիլիաս

Յաջորդը

Ակնարկ. Թրքական Իշխանութեանց Զայրոյթ Պատճառող Յայտարարութիւն Մը

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.