Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ձեզի Մեզի Մեծ Աւետիս

December 29, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ինչո՞ւ, ինչպէ՞ս աւանդութիւն դարձաւ Ազգային Աբգարեան վարժարանին մէջ մեծադիր մսուրին բացումը, որ հետզհետէ դուրս գալով իր նեղ ծիրէն` վերածուեցաւ ժողովրդային տօնախմբութեան:

Այս տարի 21 դեկտեմբերը ճշդուած էր մսուրի բացման հրաւէրներուն վրայ` յղուած պատկան մարմիններուն, ծնողներուն, դպրոցի բարեկամներուն: Րաֆֆի Պարսամեանը` վարժարանի ուսուցիչներէն, հիմնական «ճարտարապետն» էր, որուն համակրանքը եւ հաւատքը այս նախաձեռութեան հանդէպ` կը մղէին զինք նոր յղացքներու, մանրամասնութիւններու, ուսուցչական կազմի անմիջական աջակցութեամբ:

Ամբողջ օրը կ՛անձրեւէր, եւ կարելի չէր լաւատես ըլլալ, մեծ թիւով ընդառաջողներ ակնկալել, սակայն ճշդուած ժամուն աննախընթաց ներկայութիւն մը կար բակին մէջ, անձրեւի տարափին տակ:

Կիսամութին մէջ մոմերը կը պլպլային եւ խորհրդաւոր մթնոլորտ մը կը ստեղծէին: Հանդիսութեան բացումը կատարեց Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ դպրաց դասը, որ ներկայացուց Ս. Ծննդեան փունջ մը շարականներ: Շրջանի կիրակնօրեայ վարժարանի ուսուցիչները եւս ներկայացուցին, նուագարաններու ընկերակցութեամբ, կարգ մը տօնական երգեր: Իրմա Տէտէեան մէջ ընդ մէջ կը ներկայացնէր Ծնունդի խորհուրդը` ներկաները փոխադրելով Մեծ Արքային օրրանը:

Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղականութեան, Ազգային Աբգարեան վարժարանի հոգաբարձութեան ատենապետները` Յակոբ Տօնիկեան, տոքթ. Վարուժան Պետիրեան, տեղադրեցին առաջին կերպարները մսուրին մէջ, ապա ծնողականի, տիկնանցի ներկայացուցիչները ամբողջացուցին մսուրը հրեշտակներով, մոգերով: Մեսրոպ քհնյ. Քերքէզեան` մեծադիր մսուրին մէջ տեղադրեց Յիսուս մանուկը: Լոյսի միացումով` պայծառացան բակն ու մսուրը:

Յայտագրին սիրայօժարօրէն իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Պօղոս Տօնիկեանը` երգով, Յարութ Գալօղլեան` կիթառով, Խաժակ Խաչատուրեան` ջութակով` տօնական զգացողութիւն մը փոխանցելով ներկաներուն:

Ձեռնարկին գեղարուեստական յայտագիրը եզրափակուեցաւ Ազգային Աբգարեան վարժարանի նախակրթարանի կարգ մը աշակերտներու խմբերգներով` առաջնորդութեամբ Սիլվա Տէմիրճեանի: Ճոխ երգացանկին եւ ընդհանրապէս գեղարուեստական յայտագիրին կը ձայնակցէին ներկաներն ալ: Անոնց մասնակից դառնալը կը հաստատէր, որ ձեռնարկը հասած էր իր նպատակին:

Գեղանի Էթիեմեզեան, վարժարանի տնօրէնուհին, եզրափակեց հանդիսութիւնը` շնորհակալութիւն յայտնելով ներկաներուն, գեղարուեստական յայտագիրին մաս կազմողներուն: Յայտնեց, որ դպրոցը իր լուսաւորող դերակատարութեան տօնը նաեւ կը նշէ այս առթիւ եւ Նոր Տարուան բարեմաղթութիւնները փոխանցեց ներկաներուն:

«Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ:
Ձեզի մեզի մեծ աւետիս…»
ըսած էին աշակերտները: Անձրեւին հետ կ՛իջնէին նաեւ փուչիկները ու պահ մը` մարդիկ ուրախ էին:

Նախորդը

Անարատ Յղութեան Տօնին Առիթով Հանդիսութիւն Հայ Կաթողիկէ Ս. Ագնէս Վարժարանին Մէջ

Յաջորդը

Ամանորի Տօնակատարութիւն Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ Դպրոցին Մէջ

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.