Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՃԱՓՈՆԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ԱՌԱՋԻՆ ՓՈԽՆԱԽԱՐԱՐԸ` ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ

May 5, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Նախագահ Սարգսեանի հանդիպումը ճափոնական պատուիրակութեան հետ

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան երէկ ընդունեցին Երեւան գտնուող Ճափոնի արտաքին գործոց նախարարի առաջին տեղակալ Հիսասու Թոքունական:

Հայաստանի նախագահի մամլոյ գրասենեակը կը հաղորդէ, որ Ճափոնցի բարձրաստիճան դիւանագէտին հետ հանդիպման ընթացքին Սերժ Սարգսեան անգամ մը եւս ցաւակցութիւն յայտնեց 11 մարտին Ճափոնի մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժին առիթով, որ բազմաթիւ զոհերու եւ աւերներու պատճառ դարձաւ` նշելով, որ 1988-ին հայ ժողովուրդը նոյնպէս բնութեան այդ աղէտին սարսափելի հետեւանքները զգացած է իր վրան: Ըստ անոր, թերեւս ատիկա է պատճառը, որ հայ ժողովուրդը աւելի ծանր ընդունեց Ճափոնի մէջ տեղի ունեցած ողբերգութիւնը:

«Մենք հիացած ենք ձեր ժողովուրդի արիութեամբ եւ տոկունութեամբ` ճակատագիրի այդ ծանր հարուածը կրելու ընթացքին: Ուշադրութեամբ կը հետեւինք կառավարութեան գործադրած ջանքերուն` Ֆուքուշիմա-1 հիւլէական կայանի արկածի հետեւանքներուն վերացման ուղղութեամբ, եւ լիայոյս ենք, որ պիտի յաջողիք բոլոր հետեւանքները վերացնել», ըսաւ նախագահ Սերժ Սարգսեան:

Ան յոյս յայտնեց, որ Ճափոնի համար այս ծանր ժամանակաշրջանը չխանգարէ երկկողմանի յարաբերութիւններու աշխուժացման ուղղութեամբ տարուող աշխատանքը, որուն նպատակով տակաւին անցեալ տարուան յունիսին Թոքիոյի մէջ բացուեցաւ Հայաստանի դեսպանատունը:

Ճափոնցի դիւանագէտը շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանի նախագահին` ցաւակցութեան եւ իր ժողովուրդին ուղղուած ջերմ խօսքերուն համար, վստահեցնելով, որ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, Ճափոն պատրաստ է Հայաստանի մէջ շարունակելու իր աջակցութեան ծրագիրները:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ հանդիպման ընթացքին Հիսասու Թոքունակա երախտագիտութիւն յայտնեց Հայաստանէն ստացուած ցաւակցութիւններուն եւ աղէտի հետեւանքներուն վերացման համար  ցուցաբերուած օժանդակութեան համար:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ եւ տեղեկատուութեան վարչութիւնը հաղորդեց, որ Նալբանդեանի հետ հանդիպման ընթացքին Թոքունակա նաեւ նշեց, որ իր այցելութիւնը դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումէն ի վեր ճափոնցի բարձրաստիճան պաշտօնեայի մը առաջին այցելութիւնն է:

Նախորդը

ԴԵՍՊԱՆ ՄԵԼԻՔԵԱՆ ԻՐ ՀԱՒԱՏԱՐՄԱԳԻՐՆԵՐԸ ՅԱՆՁՆԵՑ ՔԱԹԱՐԻ ԻՇԽԱՆԻՆ

Յաջորդը

«ԱԶՐՊԷՅՃԱՆ ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՎԵՐՍԿՍԵԼՈՒ ԱՌԻԹ ԿԸ ՓՆՏՌԷ» Կ՛ԸՍԷ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ

RelatedPosts

Իրանի Գերագոյն Հոգեւոր Պետին Խորհրդականը  Կը Զգուշացնէ «Կեղծ Ուղիներ» Օգտագործելէ
Գլխաւոր լուրեր

Իրանի Գերագոյն Հոգեւոր Պետին Խորհրդականը Կը Զգուշացնէ «Կեղծ Ուղիներ» Օգտագործելէ

November 26, 2026
Քըլըչ. «Պատմական Փոփոխութիւն  Հայաստանի Սահմանադրութեան Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Քըլըչ. «Պատմական Փոփոխութիւն Հայաստանի Սահմանադրութեան Մէջ»

November 26, 2026
Ալիեւ. «Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ  Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Լոյսին Տակ  Հաստատուած Են Տնտեսական Ու Առեւտրական Կապեր»
Հայկական

Ալիեւ. «Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Լոյսին Տակ Հաստատուած Են Տնտեսական Ու Առեւտրական Կապեր»

November 26, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։