Երէկ «Ազդակ» հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեանի հետ, որ յայտնեց, թէ անցնող երկու օրերուն Հալէպի Ազգային վարժարանները վերաբացուեցան, եւ դասաւանդութիւնը վերսկսաւ` ներկայ պայմաններուն պատշաճեցուած դասաւորումներով:
«Ապահովական նկատառումներով բոլոր վարժարանները` չորս նախակրթարան եւ Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանը, ժամերու յատուկ յարմարեցումով համախմբուեցան մէկ կառոյցի մէջ», ընդգծեց Ժիրայր Ռէյիսեան` աւելցնելով, որ պէտք է նշել, որ բացի Հալէպէն Սուրիոյ միւս քաղաքներուն Ազգային վարժարանները վերամուտին բնական կերպով սկսած էին իրենց աշխատանքներուն:
Ռէյիսեան ըսաւ, որ Հալէպի մէջ ապահովական վիճակը կը շարունակուի նոյն ձեւով, քաղաքը հանդարտ է, հակառակ յաճախակիօրէն լսուող ռմբահարման թէ կրակոցի ձայներուն:


