Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իր Խօսքը Ուղղելով Խորհրդարանական Մեծամասնութեան. «Դուք Սխալ Ճամբով Կը Տանիք Երկիրը, Հասարակութիւնը» Յայտարարեց Վահան Յովհաննիսեան

December 18, 2012
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Վահան Յովհաննիսեան

Կառավարութեան նախաձեռնութեամբ հրաւիրուած խորհրդարանի երէկուան արտակարգ նիստին ընթացքին կը քննարկուէր հանրապետական պատգամաւորներ Դաւիթ Յարութիւնեանի եւ Արփինէ Յովհաննիսեանի օրէնսդրական նախաձեռնութիւնը, որով փոփոխութիւններ կ՛առաջարկուին Ազգային Ժողովի բարոյագիտական յանձնախումբի կազմին մէջ:

Իշխող մեծամասնութեան ներկայացուցիչները Ազգային ժողովի բարոյագիտական յանձնախումբին մէջ փոփոխութիւններ կատարելու մասին օրէնքի նախագիծի քննարկման ժամանակ իրենց խօսքերուն մէջ շարունակ կը պնդէին, որ պէտք է համախոհութեան հասնիլ:

Հայաստանի Ազգային Ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Վահան Յովհաննիսեան արձագանգեց այս երեւոյթին:

«Որեւէ մէկը այս դահլիճին մէջ կրնա՞յ յիշել Հայաստանի Հանրապետութեան պատմութեան մէջ դէպք մը, երբ որեւէ հարց երբեւիցէ լուծուած է համախոհութեամբ: Ոչ մէկ հարց երբեւիցէ համախոհութեամբ լուծուած է, երբեք քաղաքական մեծամասնութիւնը անոր չէ դիմած», յայտարարեց ան:

Ան նշեց, որ հիմա օրէնքներու ծրարներ Ազգային Ժողով պիտի բերեն, եւ ինք կրնայ որեւէ մէկուն հետ գրաւի գալ, որ փոքրամասնութեան որեւէ առաջարկ պիտի չընդունուի:

«Համախոհութեան անուան դուք կը հասկնաք, որ բոլորը ձեզի հետ համաձայն են: Դուք սխալ ճամբով կը տանիք երկիրը, հասարակութիւնը: Ցաւալի է, որ մինչեւ հիմա պատասխան չէք տուած, բայց պիտի տաք», եզրափակեց Վահան Յովհաննիսեան:

Հայաստանի Ազգային Ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան իր կարգին յայտարարեց, որ հարցը մեծամասնութիւնը կը ցանկայ ընդամէնը տեղափոխել կոճակ սեղմելու դաշտ: Ան  չհասկցաւ, թէ ի՞նչ կապ ունի կառավարութիւնը Ազգային Ժողովի բարոյագիտական յանձնախումբին հետ: «Քաղաքական մեծամասնութիւնը զիջած է իր լծակները կառավարութեան, եւ կառավարութիւնը նաեւ դարձած է պատգամաւորի պահուածքը թելադրողը: Կը խօսուի հանդուժողականութեան, համախոհութեան մասին: Հարց կու տամ` ի՞նչ կապ ունի ձեր առաջարկը համախոհութեան հետ: Համախոհութիւն կ՛ուզէք` այս հարցը նախապէս քննարկէիք խմբակցութիւններուն հետ», յայտարարեց Արծուիկ Մինասեան:

Դաշնակցական պատգամաւորը նշեց, որ մեծամասնութեան համար իրենց կոճակները շատ աւելի կարեւոր են եւ որեւէ փոփոխութիւն ալ կրնան կատարել: «Է, կատարեցէ՛ք, մեղքը ձեր վիզը: Ոչ մէկ համախոհութիւն դուք արտօնած էք, ոչ մէկ իրաւական քննարկման դուք պատրաստ էք, որովհետեւ, այն, ինչ որ տեղի ունեցաւ բարոյագիտական յանձնախումբին մէջ` այս հարցին հետ կապուած, բացարձակապէս ո՛չ օրէնքին, ո՛չ համաձայնութեան եւ ո՛չ ալ տարրական կանոններու պահպանման հետ կապ ունեցած է», ընդգծեց Մինասեան:

Դաշնակցական պատգամաւորը նաեւ նշեց, որ Դաւիթ Յարութիւնեանի պահուածքը առանձին բարոյագիտական յանձնախումբի քննարկման նիւթ կրնայ դառնալ: «Իր պահուածքով թէ՛ հեղինակազրկուեցաւ Ազգային Ժողովը եւ թէ՛ բարոյագիտական յանձնախումբը: Դուրս գալ եւ յայտարարել, թէ անօրինական նիստ տեղի ունեցաւ ու տապալել նիստը կը խօսի այն մասին, որ Դաւիթ Յարութիւնեան եւ անոր տեսակէտը պաշտպանողները որեւէ աղերս նոյնիսկ չունին ժողովրդավարութեան հետ», յայտարարեց դաշնակցական պատգամաւորը:

«Օսկանեան – Զուրաբեան Զրոյցի
Գաղտնալսումը Անթոյլատրելի Է»

Երէկ Օսկանեան-Զուրաբեան զրոյցին գաղտնալսումը դատապարտեցին քաղաքական բոլոր ուժերը:

Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Վահան Յովհաննիսեան գաղտնալսումը անթոյլատրելի եւ ամէնէն անցանկալի ձեւը նկատեց: Ան ընդգծեց, որ անիկա անօրինական է, եթէ առանց դատարանի որոշման կատարուած է:

«Թէ ատիկա որո՞ւն ձեռնտու էր` բոլորովին այլ հարց է, քանի որ կրնար ձեռնտու ըլլալ իշխանութեան որոշ շրջանակներու, ինչու ոչ` նաեւ ընդդիմութեան որոշ շրջանակներու», յայտարարեց Վահան Յովհաննիսեան:

Անդրադառնալով այն դիտարկումին, թէ ինչո՞ւ կրնար ձեռնտու ըլլալ ընդդիմադիր որոշ շրջանակներու, Յովհաննիսեան ընդգծեց, որ ընդդիմութեան մէջ եղած մրցակիցը տկարացնելու երեւոյթը եւս կրնար դրդապատճառ ըլլալ: Հակառակ անոր, Վահան Յովհաննիսեան չի շտապեր մէկը մեղադրել, առաւել եւս` չի կարծեր, որ ասիկա ընդդիմադիրներու ձեռքին գործն է:

Վահան Յովհաննիսեան համոզում յայտնեց, որ կողմերը պէտք է դատի տան, որ գործը ամբողջութեամբ բացայայտուի, եւ շահագրգիռ կողմերը պէտք է բացայայտեն կազմակերպիչները:

ՀՅԴ պատգամաւոր Աղուան Վարդանեան իր կարգին կարծիք յայտնեց, որ իշխանութիւնները պէտք է ամէն ինչ ընեն բացայայտելու համար կատարուածը:

«Եթէ երկրին մէջ քաղաքական մենաշնորհը կը դառնայ բացարձակ, մարդիկ կը կարծեն, որ իրենց ամէն ինչ թոյլատրելի է` մոռնալով, որ կեանքը կը շարունակուի, այսօրուան քաղաքական մեծամասնութիւնը պիտի վերադառնայ փոքրամասնութեան: Ակնյայտ է այս գաղտնալսումին ուղղուածութիւնը, միտումը: Մարդիկ պէտք է հասկնան, որ կեանքը կը փոխուի եւ վաղը իրենք կրնան յայտնուիլ նոյն իրավիճակին մէջ», ըսաւ Աղուան Վարդանեան:

Պատասխանելով լրագրողներու այն հարցումին, թէ այս միջադէպը կրնա՞յ ՀՅԴ-ի համար զգուշացնող ըլլալ, Աղուան Վարդանեան նշեց, որ Դաշնակցութիւնը զգուշանալու որեւէ խնդիր չունի: Ըստ Վարդանեանի, Դաշնակցութիւնը ամէն ինչ յստակօրէն հրապարակային եւ բացայայտ կը կատարէ եւ անհանգստանալու ոեւէ պատճառ չունի:

Նախորդը

ՀՅԴ-ն Սեփական Թեկնածուն Կ՛ունենայ

Յաջորդը

50 Տարի Առաջ (19 Դեկտեմբեր 1962)

RelatedPosts

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
Ըստ Փաշինեանի.  Նոր Սահմանադրութեան  Բնագիրին Մէջ Պէտք Չէ Ըլլայ Յղում Անկախութեան  Հռչակագիրին
Հայկական

Սահմանադրութեան Նախագիծը Պիտի Հրապարակուի Երկուշաբթի

November 21, 2026
Փաշինեան «Կը Խոստանայ» Հեռանալ  Նոր Սահմանադրութեան Դիմաց.  Ընդդիմութիւնը Կը Մերժէ
Գլխաւոր լուրեր

Փաշինեան «Կը Խոստանայ» Հեռանալ Նոր Սահմանադրութեան Դիմաց. Ընդդիմութիւնը Կը Մերժէ

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.