Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՄԱՀԱԵՄ-ի Խօսքը` Պատուելի Սեւակ Թրաշեանին Տարաժամ Մահուան Առթիւ

Հոկտեմբեր 17, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարական եկեղեցիներու միութիւնը այսօր խոր ցաւի մէջ է. այսօր՝ միութեան հոգեւոր հովիւներու շարքէն կանխահաս եւ անակնկալ մահով կ’իյնայ պատուելի Սեւակ Թրաշեանը:

Պատուելի Թրաշեան եղաւ անձնուէր եւ հաւատարիմ հովիւ, ազնիւ եւ շրջահայեաց առաջնորդ, յօժար եւ պատրաստակամ ծառայող: Քեսապի շրջանի եկեղեցիներուն հովիւը եղած ատեն՝ իր հօտին տարագրութեան ամիսներուն՝ մնաց անոնց հետ Լաթաքիոյ մէջ, որպէս գաղթական, հակառակ անոր որ անոր իր ծառայութիւնը մօտեցած էր իր աւարտին, բայց եւ այնպէս այդ ծառայութեան պաշտօնապէս աւարտէն ետք ալ իր հօտը չթողուց, մինչեւ անոնց տուն վերադարձը: Որեւէ ծառայութիւն աննշան չսեպեց, եւ կոչերուն պատասխանեց անմիջապէս: Նոր Ամանոսի Հայ աւետարանական Էմմանուէլ եկեղեցւոյ բոլոր նիւթերը եւ ծառայութիւնները ի՛րը սեպեց եւ նուիրուեցաւ իր հօտին հոգեւոր ծառայութեան:

Այսօր, երբ անակնկալ եւ տարաժամ իր մահով կը բաժնուի մեզմէ, պատուելի Սեւակ Թրաշեանին կեանքին համար փառք կու տանք Աստուծոյ:

Շնորհակալ ենք անոր նուիրումին, ծառայութեան եւ վկայութեան համար:

ՄԱՀԱԵՄ-ի անունով կը ցաւակցինք անոր մօր՝ Տիկին Սիրվարդին, քրոջ՝ Սօսիին, բոլոր հարազատներուն, Էմմանուէլ եկեղեցիին, անոր հովիւ եւ աշխարհական գործակիցներուն եւ ընկերներուն:

Կ’աղօթենք որ մխիթարիչը, Սուրբ Հոգի Աստուած մխիթարէ մեզ բոլորս, եւ նուիրեալ ու հաւատարիմ նոր մշակներ հանէ իր հունձքին:

ՄԱՀԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Պատ. Սեւակ Թրաշեան ծնած է Պէյրութ, 1978-ին, տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Սիրվարդ Թրաշեաններու յարկին տակ:  Ան իր նախնական ուսումը ստացած է Ազգային Սուրէն Խանամիրեան վարժարանին մէջ:  Դպրոցը աւարտելէն անմիջապէս ետք կ’որոշէ նուիրուիլ Աստուծոյ եւ եկեղեցիին, եւ այս պատահական բան չէր, նկատի առած իր բարեպաշտ ու հաւատացեալ ծնողքին տուած հոգեւոր առաջնորդութիւնն ու կրթութիւնը:  Ան՝ իր Աստուածաբանական ուսման իբրեւ նախապատրաստութիւն, կ’ընտրէ կրթութիւնը (Education)՝ իբրեւ բարձրագոյն ուսման ճիւղ եւ 2002 թուականին Հայկազեան համալսարանէն կը վկայուի Պսակաւոր արուեստից վկայականով: Ապա կը շարունակէ իր ուսումը Մերձաւոր Արեւելքի աստուածաբանական ճեմարանին մէջ եւ 2006 թուականին կը ստանայ Աստուածաբանութեան մագիստրոս տիտղոսը: Մինչ այդ, այս հանգրուանին եւ ՄԱՀԱԵ Միութեան համաժողովի որոշումով ան կը ստանայ քարոզութեան արտօնութիւնը եւ անմիջապէս կը նետուի ծառայութեան: Ան բնաւ չի դադրիր ինքնազարգացումէ, ոչ միայն կը շարունակէ կարդալ ու սերտել, այլ վերջին չորս տարիներուն (եւ իր զանազան ծառայութիւններուն կողքին) կը շարունակէ իր ուսումը՝ հետեւելով Աստուածաբանական ճեմարանի STM ծրագիրին, որուն բոլոր նիւթերը կ’ամբողջացնէ յաջողութեամբ:

Անդրադառնալով պատ. Սեւակ Թրաշեանի հովուական ծառայութեան, անոր առաջինը կարծէք կ’ըլլայ իր ծառայութեան պատրաստութեան փորձաքարը, ոչ պարզապէս որովհետեւ անոր առաջինն էր ու ան «անփորձ» էր, բայց որովհետեւ Քեսապի մէջ (հոն ուր ինք առաքուած էր) աննախատեսուածը կը պատահի եւ ան՝ պատերազմական ծանր պայմաններու տակ՝ Աստուծոյ վստահելով, մեծ արիութեամբ իր վրայ կ’առնէ իրեն յանձնուած հօտին, հոգեւոր ու ընկերային առաջնորդութիւնը՝ բառացիօրէն ան կ’առաջնորդէ ժողովուրդը վտանգէ դէպի ապահով ափեր, դէպի Լաթաքիա:

2014-ի աւարտին կը հրաւիրուի հովուելու Պէյրութի Հայ աւետարանական Էմմանուէլ եկեղեցին եւ հաւատարմութեամբ կը կատարէ իրեն յանձնուածը եւ շատ աւելին: Նաեւ օգոստոս 4-ի՝ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն ետք, պատուելին համայնքի շրջանակներուն եւ երիտասարդներուն հետ ձեռնամուխ եղաւ վերականգման աշխատանքներուն:

Իր հովուական ծառայութեան 14 համեմատաբար կարճ, բայց բեղուն տարիներուն ան քարոզեց Աստուծոյ Խօսքը մեծ նախանձախնդրութեամբ, միշտ հաւատարիմ մնալով Տէր Յիսուսի Աւետարանին:  Ան նաեւ ապրեցաւ իր քարոզածը եւ եղաւ շատերու փոքր կամ մեծ եղբայրը, ընկերը, ուսուցիչը… մխիթարեց, զօրակցեցաւ, քաջալերեց… եւ այս բոլորը ըրաւ մեծ նուիրումով ու միշտ անշահախնդրօրէն:

Հովուական իր ծառայութեան տարիներուն եւ իր ծառայութեան կողքին ան ստանձնեց զանազան պաշտօններ ու պարտականութիւններ, որոնցմէ կը յիշենք.-

  • ՄԱՀԱԵ Միութեան Կեդրոնական մարմինի ատենադպիր
  • Ք. Ջ. Գործադիր մարմինի ատենապետ
  • Հայ աւետ. Կրթական խորհուրդի անդամ
  • Lebanese Evangelical Society-ի վարչութեան անդամ
  • Պուրճ Համուտի Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանի հոգաբարձու

Անողոք մահը շատ կանուխ ու անակնկալ կերպով մեր հովիւ եղբայր՝ պատուելի Սեւակ Թրաշեանը մեզմէ խլեց, 3 հոկտեմբեր 2020-ին, երբ ան իր աչքերը այս կեանքին յաւէտ փակեց եւ ձգեց բաց մը, նախ իր մօր եւ հարազատներուն սրտին ու կեանքին մէջ, եւ ապա ՄԱՀԱԵ Միութեան ու անոր պատկան եկեղեցիներուն ու կառոյցներուն մէջ:

Բոլորս զինք միշտ պիտի յիշենք Աստուծոյ փառք տալով իր ապրած կեանքին ու բարի վկայութեան համար:  Պատ. Սեւակ Թրաշեան  Աստուծոյ հաւատարիմ, անկեղծ, պարկեշտ, նուիրուած ու քաջարի ծառան էր, եւ կը հաւատանք, որ ինք ներկայիս կը վայելէ իր երկնաւոր Հօր փառաւոր ներկայութիւնը, որ զինք ընդունեց մեծ ժպիտով ու բարձրաձայն յայտարարելով.-

«Ապրի՛ս, բարի ու հաւատարիմ ծառայ, դուն որ քիչ բանի մէջ հաւատարիմ եղար, քեզ շատ բաներու վրայ պիտի կեցնեմ. մտիր քու տիրոջդ ուրախութեանը մէջ» (Մատթ. 25.23):

ՄԱՀԱԵՄ-ի
Կեդրոնական Մարմին

Նախորդը

Մահագրութիւն. Տիկին Արաքսի Վարժապետեանի 1924-2020

Յաջորդը

Ակնարկ. Միացեալ Նահանգները Եւ Արցախի Դէմ Տեղի Ունեցող Պատերազմը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?