Ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմէնի եւ անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտի միջեւ, յառաջիկայ 20 հոկտեմբերին տեղի ունենալիք «Չեմփիընզ-Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին խմբային Ա. հանգրուանի մրցումը, որ պիտի կատարուի Փարիզի մէջ, տեղի պիտի ունենայ առանց հանդիսատեսներու, այս գծով յայտնեց «Goal.com»-ը:
Նախանցեալ օր, Ֆրանսայի նախագահ՝ Էմանուէլ Մաքրոն, յատուկ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Իլ-Տը-Ֆրանս-ի շրջանը յայտարարեց արտակարգ դրութեան գօտի, ժամը 21:00-էն՝ առաւօտեան ժամը 6:00:
Նշենք, որ նախապէս «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն ակումբներուն արտօնութիւն տուած էր եւրոպական բաժակի մրցաշարքերուն ընթացքին, մարզադաշտը լեցնել շուրջ 30 տոկոս համակիրներով, սակայն այդ մէկը վերջնական որոշողը պէտք էր որ ըլլար իւրաքանչիւր երկրի կառավարութիւնը: