Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մնացականեան. «Ազրպէյճանը Շրջանին Մէջ Դարձած Է Միջազգային Ահաբեկչութեան Օճախ»

Հոկտեմբեր 13, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան անհրաժեշտ նկատեց կասեցնել Արցախի վրայ Ազրպէյճանի սանձազերծած զինուորական գործողութիւնները, որոնք կը կատարուին Թուրքիոյ ուղղակի միջամտութեամբ եւ Սուրիայէն ու Լիպիայէն Ազրպէյճան բերուած զինեալ ահաբեկիչներուն միջոցով:

Այս մասին Մնացականեան նշեց Մոսկուայի մէջ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ ունեցած հանդիպումէն ետք տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին` ընդգծելով, որ Ազրպէյճան շրջանին մէջ դարձած է միջազգային ահաբեկչութեան օճախ:

«Իրավիճակը արդէն դարձած է անվտանգութեան լուրջ սպառնալիք մեր ամբողջ շրջանին համար: Այն, ինչ որ այսօր կ՛ունենան մեր հայրենակիցները Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, գոյութենական վտանգի մարմնացում է: 27 սեպտեմբերէն մինչեւ այսօր Ազրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը կ՛իրականացնէ լայնածաւալ յարձակում Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին դէմ, այդպիսով ցուցադրելով իր նպատակը` Լեռնային Ղարաբաղի հարցի ռազմական ճամբով լուծման եւ Արցախի ժողովուրդի ֆիզիքական ոչնչացման առումով: Այս յարձակումը կը յատկանշուի անով, որ առկայ է Թուրքիոյ ուղղակի միջամտութիւնը, կան նաեւ Սուրիայէն եւ Լիպիայէն Ազրպէյճան տեղակայուած զինեալ ահաբեկիչներ, որոնց Թուրքիան կ՛օգտագործէ իր ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան շահերուն համար: Ազրպէյճանը դարձած է շրջանին մէջ միջազգային ահաբեկչութեան օճախ: Այսօր մեզի համար անհրաժեշտ է դադրեցնել ռազմական գործողութիւնները, այդ հարցով Ռուսիոյ դերը բաւական կարեւոր է», շեշտեց Մնացականեան:

Նախարար Մնացականեան ընդգծեց, որ Ազրպէյճան չի գործադրեր 8 հոկտեմբերին Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն շուրջ 11 ժամ տեւած հանդիպման իբրեւ արդիւնք ձեռք բերուած կրակի դադրեցման պայմանաւորուածութիւնը:

«Այսօր առաջնահերթ խնդիրը կրակի դադրեցման ապահովումն է եւ վաւերականութեան մեքանիզմներու ապահովումը: Մենք դեռ չենք հասած այն մակարդակին, որ կարենանք ապահովել մեր յայտարարութեան առաջին կէտը: Այսօր խորհրդակցութիւններ տեղի կ՛ունենան Կարմիր խաչի միջազգային կազմակերպութեան եւ  կողմերուն հետ, որպէսզի կարենանք գտնել մեքանիզմ, երբ կարենանք հասնիլ ամուր զինադադարի, որպէսզի աշխատինք մարդասիրական հարցերու ուղղութեամբ: Եթէ մենք չկարենանք երկարաձգել զինադադարը, ապա ատիկա չափազանց բացասական պիտի անդրադառնայ մնացած այլ հարցերուն վրայ», ըսաւ Մնացականեան` շեշտելով, որ այդ մեքանիզմները վաղուց պէտք է ներդրուած ըլլային, սակայն Ազրպէյճան միշտ մերժած է զանոնք եւ հրաժարած անոնցմէ:

Ան նաեւ խօսեցաւ Ազրպէյճանի կողմէ քաղաքացիները ռմբակոծելու երեւոյթին մասին: «Ազրպէյճանը այսպիսի ցեղասպանական քայլերով տարբերութիւն չի դներ զինուորականներու եւ խաղաղ բնակչութեան միջեւ: Ըսեմ աւելին` ան միտուած է աւելի շատ քաղաքացիական բնակչութեան թիրախաւորման: Ռազմական յարձակումներու ընթացքին Ազրպէյճանը թիրախաւորած է Արցախի աւելի քան 120 քաղաքացիական բնակավայրեր: Այդ կարգին` մայրաքաղաք Ստեփանակերտը, Շուշի քաղաքը, Հատրութը, Մարտակերտը, Մարտունին եւ այլն:  Թիրախաւորուած քաղաքացիական բնակավայրերուն մէջ զինուորական կառոյցներու բացակայութիւնը անգամ մը եւս կը խօսի Ազրպէյճանի նպատակադրուած քայլերուն մասին, ինչ որ հաւասար է ռազմական յանցագործութեան», նշեց նախարար Մնացականեան:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը աւելցուց, որ Ազրպէյճանի կողմէ Արցախին հասցուած օդային, հրետանիի, ինչպէս նաեւ անօդաչու թռչող սարքերու հարուածները կ՛իրականացուին Թուրքիոյ ռազմաօդային ուժերուն անմիջական աջակցութեամբ:

«10 հոկտեմբերի դրութեամբ` Ազրպէյճանի զինուած ուժերու եւ անոր աջակցող ուժերուն կողմէ սպաննուած է 23 քաղաքային անձ եւ հարիւրաւորներ վիրաւորուած են, անոնցմէ 81-ը` ծանր: Յարձակումին պատճառով մեծցած է տեղահանուածներուն թիւը, անոնց մէկ մասը տեղափոխուած է Արցախի այլ բնակավայրերը, ոմանք տեղաւորուած են Հայաստան: Քաղաքացիական ենթակառուցուածքները եւս ծանր վնասներ կրած են: 8 հոկտեմբերին Ազրպէյճանի զինուած ուժերը  երկու հարուած հասցուցած են Շուշիի Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ», յայտնեց նախարարը:

Մնացականեան նշեց, որ Հայաստան բարձր կը գնահատէ Ռուսիոյ ջանքերը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հարցին մէջ, իսկ Հայաստանը եղած է ու կը շարունակէ մնալ հարցի խաղաղ լուծման կողմնակից:

Նախորդը

Արցախի Գծով ՀՅԴ-ն Ունի Իր Պատկերացումներն Ու Մօտեցումները

Յաջորդը

Վարչապետ Փաշինեան Արտախորհրդարանական Ուժերուն Հետ Քննարկեց Պատերազմին Պատճառով Ստեղծուած Իրավիճակը

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի  Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ  Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»

Յուլիս 9, 2025
Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ  Անձեռնմխելիութենէ.  Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ  Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ Անձեռնմխելիութենէ. Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ

Յուլիս 9, 2025
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը  Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ  Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին  Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?