Ռէալ Մատրիտի պաշտօնական համակիրներու ակումբը, Հայաստանի մէջ 500 հազար դրամ փոխանցեց «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամին, այս գծով յայտնեց ֆան-ակումբին ֆէյսպուքեան պաշտօնական էջը:
Անոր կողմէ հրապարակուած լուրին մէջ ըսուեցաւ. «Ներկայ դրութեամբ, մեր ֆան ակումբին անդամներէն շատերը, կը գտնուին տարբեր մարտերու դաշտերուն մէջ (Արցախ, համացանց, կամ այլ տեղեր): Յաղթանակը կը սպասէ մեզի՝ բոլորիս: Կոչ կ’ուղղենք բոլորին, առաւելագոյն չափով իրենց նիւթական օժանդակութիւնները տրամադրել մեր մարտիկներուն»: