Նետերլանտներու «Քրիստոնէական Միութիւն»
Համախմբական Կուսակցութիւնը Կը Դատապարտէ
Թուրքիոյ Աջակցութիւնը Ազրպէյճանին
Թուրքիան դարձեալ անցած է կարմիր գիծը, Նետերլանտներն ու Եւրոպական Միութիւնը յստակ չեն արտայայտեր իրենց մարդասիրական տեսակէտը, սակայն բաւ է, ժամանակն է սթափելու եւ յստակ գնահատական տալու: Այս մասին նշուած է Նետերլանտներու «Քրիստոնէական միութիւն» համախմբական կուսակցութեան ներկայացուցիչ Ճոել Վուրտեվինտի` Արցախի դէմ Ազրպէյճանի շղթայազերծած զինուորական յարձակումին վերաբերեալ տարածած հաղորդագրութեան մէջ:
«Նախապէս Թուրքիան Սուրիոյ մէջ յարձակում կը գործէր քիւրտերուն վրայ, Լիպիոյ մէջ կը խախտէր զէնքի (մատակարարման) արգելքը եւ կը սրէր թուրք¬յունական յարաբերութիւնները: Իսկ հիմա ՕԹԱՆ-ի անդամ Թուրքիան կը սպառնայ Հայաստանին: Ատիկա կը կատարուի պատերազմական հռետորաբանութեամբ եւ զինուորական միջոցներով: Նետերլանտներու «Քրիստոնէական միութիւն» կուսակցութիւնը կը գտնէ, որ շատոնց Նետերլանտներու եւ Եւրոպական Միութեան կողմէ դիրքորոշում որդեգրելու եւ քայլերու ձեռնարկելու ժամանակն է:
«Անցեալ կիրակի օրուընէ ծանր մարտեր կ՛ընթանան Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ` սահմաններուն վրայ Լեռնային Ղարաբաղի, որուն ազգաբնակչութիւնը հիմնականին մէջ հայ է: Ազրպէյճանի նախագահ Ալիեւի խօսքը յստակ էր. ան կ՛արտայայտէ վրէժխնդրութիւն` նպատակ ունենալով նուաճել շրջանը, որ Խորհրդային տարիներուն ներառուած էր Խորհրդային Ազրպէյճանի կազմին մէջ: Ազրպէյճանը 27 սեպտեմբերին յարձակումի սկսաւ Լեռնային Ղարաբաղի վրայ` հրետակոծելով անոր գիւղերն ու քաղաքները: Այժմ Հայաստանի սահմանամերձ տարածքը, որ սահմանակից չէ Լեռնային Ղարաբաղին, եւս կ՛ենթարկուի հրետակոծութեան:
«Քրիստոնէական Հայաստանի մէջ կ՛իրականացուի ընդհանուր զօրահաւաք:
«Մենք կը տեսնենք ցնցող տեսերիզներ, որոնց մէջ մարդիկ հրաժեշտ կու տան ընտանիքին, կը լսենք կատաղի մարտերու մասին եւ տխուր զեկուցումներ կը ստանանք մարտի մէջ ընկածներու մասին: Ասիկա ծանր ողբերգութիւն մըն է, որ զիս շատ կը յուզէ:
«Թուրքիան ի սկզբանէ ստանձնած է Ազրպէյճանի ռազմատենչ դաշնակիցի դերը եւ ատիկա չի սահմանափակուիր միայն խօսքով: Ֆրանսայի նախագահ Մաքրոնը կը հաստատէ, որ Թուրքիան սուրիացի ժիհատականները կ՛ուղարկէ շրջան: Հայաստան կը յայտնէ, որ հայկական ռմբաձիգ օդանաւ մը խոցուած է Թուրքիոյ կողմէ: Հայաստանի դէմ թրքական այս թշնամանքը մեզ կը յիշեցնէ աւելի քան հարիւր տարի առաջ գործուած Հայոց ցեղասպանութիւնը, որուն ընթացքին մէկուկէս միլիոն հայ սպաննուեցաւ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ: Հայերը մտավախութիւն ունին, որ վտանգուած է իրենց երկրին եւ ժողովուրդին գոյատեւումը:
«Պարզ է, որ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի յարձակումը պէտք է խստօրէն դատապարտուի Նետերլանտներու, Եւրոպական Միութեան եւ ՕԹԱՆ-ի կողմէ: Այնուամենայնիւ, անոնք զսպուածութիւն եւ զգուշութիւն կը ցուցաբերեն` Թուրքիոյ հաւանական արձագանգէն. ան կրնայ դադրեցնել Եւրոպական ՄԻութեան հետ գաղթականներու գործարքը, որուն շնորհիւ վերջին տարիներուն շատ աւելի քիչ գաղթականներ կը հասնին Եւրոպա:
«Եւրոպական տարբեր ղեկավարներ կը պնդեն` անյապաղ դադրեցնել մարտական գործողութիւնները, վերականգնել զինադադարի դրութիւնը: Անոնցմէ շատերը, ներառեալ` Նետերլանտները, կը ցուցաբերեն ընդհանրական եւ ոչ շօշափելի հասցէական մօտեցում:
«Թուրքիոյ ղեկավար Էրտողանը եւ Ազրպէյճանի նախագահ Ալիեւը իրենց ռազմատենչ հռետորաբանութեամբ չեն զիջիր մէկը միւսին: «Բոլոր կարելիութիւններով եւ ի խորոց սրտի», Էրտողանը Ազրպէյճանի կողմն է: Հայաստանը պէտք է վերջ տայ «Ազրպէյճանի տարածքի բռնագրաւումին», կ՛ըսէ ան: Ուստի տատանելու առիթ չկայ:
«Ֆրանսան այժմ ճանչցած է թէ՛ Ազրպէյճանի նախայարձակումը, թէ՛ ալ Թուրքիոյ միջամտութիւնը: Ժամանակն է, որ Նետերլանտները հետեւին Ֆրանսայի օրինակին: Առաջնահերթ կարեւորութիւն է Եւրոպական Միութեան եւ ՕԹԱՆ-ի ծիրին մէջ խստօրէն դատապարտել Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ նախայարձակումը եւ կոչ ուղղել` զօրքերը դուրս բերելու Լեռնային Ղարաբաղէն եւ Հայաստանէն: Մերժման պարագային` պէտք է յաջորդեն խիստ տնտեսական պատժամիջոցներ:
«Ակնյայտ է, որ Ազրպէյճանի հետ տնտեսական համագործակցութիւնը պէտք է դադրեցուի: Թուրքիոյ պարագային պէտք է անտեսել ՕԹԱՆ-ի կանոնագրութեան 5-րդ յօդուածի սկզբունքը` ըստ որուն պատերազմ ՕԹԱՆ-ի անդամ որեւէ երկիրի դէմ կը նշանակէ պատերազմ ՕԹԱՆ-ի անդամ բոլոր երկիրներու: Թուրքիան պէտք է ընկալուի, որ նախայարձակումը չդադրեցնելու պարագային, չի կրնան ակնկալել ՕԹԱՆ-ի աջակցութիւնը:
«Ցաւալի է, որ Թուրքիան պարբերաբար կ՛անցնի կարմիր գիծը` յանգեցնելով ողբերգական հետեւանքներու: Թող այս աղէտալի պատերազմը ըլլայ վերջինը: Ըստ «Քրիստոնէական միութիւն» կուսակցութեան, ապա այդ քայլը չափազանց է, անթոյլատրելի», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ: