Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիոյ Կողմէ Իսլամականներ Ազրպէյճան Տեղափոխելը Դատապարտելով. «Թուրքիոյ Գործողութիւնները Բացարձակապէս Անընդունելի Են, Կարմիր Գիծը Արդէն Անցուած Է» Կ՛ըսէ Մաքրոն

October 3, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն Եւրոպական Միութեան վեհաժողովի ընթացքին դատապարտած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ ընթացող զինուորական գործողութիւններուն մէջ Թուրքիոյ ներգրաւուածութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը:

«Թուրքիոյ այդ վարմունքը վայել չէ ՕԹԱՆ-ի անդամ պետութեան, մենք այդպիսի գործողութիւնները բացարձակապէս անընդունելի կը նկատենք: Այս պարագային կարմիր գիծը արդէն անցուած է», յայտարարած է Մաքրոն:

«Կրնամ յայտարարել, որ Հալէպի շրջանէն տարուած սուրիացի աւելի քան 300 իսլամական զինեալներ թրքական Այնթապի տարածքով տեղափոխուած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտի: Ասիկա ապացուցուած փաստ է, այդ մարդիկ նոյնականացուած են, բոլորը կապեր ունին ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական կազմակերպութեան հետ: Ես քննարկած եմ այս հարցը Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ, որ հաստատած է, թէ Ռուսիան եւս նման տուեալներ ունի», վեհաժողովի ժամանակ յայտարարած է Մաքրոն:

Անոր համաձայն, Ֆրանսան, Միացեալ Նահանգներն ու Ռուսիան` իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ, ամէնէն կարճ ժամանակաշրջանին մէջ որոշակի նախաձեռնութիւններով հանդէս պիտի գան` տագնապի գօտիին մէջ կրակոցը դադրեցնելու նպատակով:

«Մենք սերտօրէն կ՛աշխատինք, կապի մէջ ենք», նշած է Ֆրանսայի նախագահը:

Մաքրոն վեհաժողովի առաջին օրուան յաջորդած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է. «Ռուսիան, Միացեալ Նահանգներն ու Ֆրանսան` իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ, շատ մօտիկ ապագային Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը դադրեցնելու համար շարք մը նախաձեռնութիւններ պիտի կատարեն», յայտարարած է ան:

Նախորդը

«Անհրաժեշտ Է Կարելի Եղածին Չափ Շուտ Զինադադար Հաստատել Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ» Կ՛ըսէ Մերքել

Յաջորդը

Եւրոպական Միութիւնը Մարդասիրական Օգնութիւն Պիտի Յատկացնէ Լեռնային Ղարաբաղի Շփման Գիծի Երկու Կողմերուն Վրայ Վնասուած Բնակչութեան

RelatedPosts

Թրամփ Մերժած Է Հորմուզի Նեղուցը Վերաբանալու Իրանի Առաջարկը
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Մերժած Է Հորմուզի Նեղուցը Վերաբանալու Իրանի Առաջարկը

September 28, 2026
Փարիզի Մէջ Աւելի Քան 600 Հազար Մարդ Մասնակցեցաւ Հռոմի Պապի Պատարագին
Միջազգային

Փարիզի Մէջ Աւելի Քան 600 Հազար Մարդ Մասնակցեցաւ Հռոմի Պապի Պատարագին

September 28, 2026
Հզօր Պայթում` Աթէնքի Զբօսաշրջային Կեդրոնին Մէջ. Առնուազն Երկու Մարդ Զոհուած Է
Միջազգային

Հզօր Պայթում` Աթէնքի Զբօսաշրջային Կեդրոնին Մէջ. Առնուազն Երկու Մարդ Զոհուած Է

September 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.