Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Վերջին Մագլցումի Խորացման Զուգահեռ Քաղաքային Անձեր Կը Կրեն Բռնութեան Ալիքի Հետեւանքներու Ամբողջ Ծանրութիւնը» Կ՛ըսէ Միջազգային Կարմիր Խաչը

October 3, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէն երէկ յայտնած է, թէ ղարաբաղեան տագնապի վերջին մագլցումի խորացման զուգահեռ քաղաքային անձեր կը կրեն բռնութեան ալիքի հետեւանքներու ամբողջ ծանրութիւնը:

Շփման գիծի երկու կողմը եւ Հայաստանի մէջ հաղորդուած է քաղաքայիններու, ներառեալ երեխաներու շրջանակին մէջ մահերու եւ վիրաւորումներու մասին:

«Մենք արդէն ականատես կ՛ըլլանք քաղաքայիններու վրայ այս մագլցումին սարսափելի հետեւանքներուն: Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէն պատրաստ է աջակցելու անոնց առաջին իսկ կարելիութեան եւ անհրաժեշտութեան պարագային: Մենք նաեւ պատրաստ ենք աջակցելու Ազրպէյճանի Կարմիր մահիկի ընկերութեան տեղական մասնաճիւղերուն` համայնքներու հետ իրենց աշխատանքին մէջ», ըսած է Ազրպէյճանի մէջ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի Պարտայի գրասենեակի ղեկավար Կերարտօ Մոլոժնիք:

Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէն հաղորդումներ ստացած է ապահով վայր տեղափոխուիլ եւ իրենց ընտանիքները տեղափոխել ուզող մարդոցմէ: Բազմաթիւ ընտանիքներ, ներառեալ` նորածիններ եւ փոքրահասակ երեխաներ, օրեր ու գիշերներ կ՛անցընեն իրենց տուներու չտաքցող նկուղներուն մէջ` փորձելով պատսպարուիլ բռնութենէն:

Կը հաղորդուի նաեւ ծանր հրետակոծման պատճառով քանդուած հարիւրաւոր տուներու եւ քաղաքային ենթակառոյցներու, ներառեալ դպրոցներու եւ հիւանդանոցներու մասին, իսկ վնասուած տուներուն մէջ մնացած մարդիկ կը շարունակեն ենթարկուիլ չպայթած զինամթերքի վտանգներուն:

Այս նոր զարգացումները կ՛արձանագրուին ձմրան շեմին, երբ երեխաները ընդամէնը քանի մը շաբաթ դպրոց յաճախած էին, եւ այն պարագային, երբ մարդիկ արդէն իսկ կը փորձէին պաշտպանուիլ «Քորոնա» ժահրի համաճարակի հետեւանքներէն:

«Մարդիկ կապ կը պահեն Կարմիր խաչի միջազգային կազմակերպութեան հետ. անոնք ահաբեկուած են սեփական կեանքին ու իրենց ընտանիքներուն սպառնացող վտանգներէն ու շփոթած` չիմանալով ինչ ընել ապահով մնալու համար: Անոնք կը յայտնուին կրակոցներու տակ եւ խորապէս մտահոգուած են իրենց անվտանգութեան ու ապագային համար: Մենք պատրաստ ենք աջակցելու բոլոր անոնց, որոնք կը զգան այս բռնութեան մագլցումի ազդեցութիւնը: Կոչ կ՛ուղղենք կողմերուն` խնայելու քաղաքային անձերու եւ անոնց գոյութեան համար կենսական ենթակառոյցներն ու ծառայութիւնները եւ յարգելու միջազգային մարդասիրական իրաւունքին տակ իրենց պարտաւորութիւնները», նշած է շրջանին մէջ Կարմիր խաչի միջազգային կազմակերպութեան գործառնութիւններու ղեկավար Մարթին Շիուփ:

Աւելի՛ն, ուժեղացած մարտական գործողութիւնները բացասաբար կ՛անդրադառնան բնակիչներուն հոգեկան առողջութեան վրայ: Վերջիններս առանց այդ ալ գրեթէ երեսուն տարի ապրած են տագնապին ազդեցութեան տակ: Նոր «Քորոնա» ժահրի համաճարակի պայմաններուն մէջ անոնք այժմ ալ աւելի մտահոգուած են իրենց առողջութեան ու ապագային գծով:

 

Նախորդը

Աբխազիոյ Խորհրդարանը Առաջարկած Է Սուխումը Իբրեւ Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Լուծման Խաղաղ Բանակցութիւններու Չէզոք Հարթակ Օգտագործել

Յաջորդը

Ֆրանսայի Արտաքին Գործոց Նախարարը Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարները Նախազգուշացուցած Է Ղարաբաղեան Տագնապի Միջազգայնացման Վտանգէն

RelatedPosts

Մինչ Ուաշինկթըն Միջին Արեւելքի Մէջ  Իր Քաղաքացիները Զգուշացուց.  Թրամփ Արձակուրդը Անակնկալ Կերպով  Կրճատելով Վերադարձաւ Սպիտակ Տուն
Միջազգային

Մինչ Ուաշինկթըն Միջին Արեւելքի Մէջ Իր Քաղաքացիները Զգուշացուց. Թրամփ Արձակուրդը Անակնկալ Կերպով Կրճատելով Վերադարձաւ Սպիտակ Տուն

September 21, 2026
Ռիտայի. «Ամերիկեան Կառավարութեան  Որեւէ Բանակցութիւն Սկսելու Իրանեան  7 Պայմաններ Փոխանցուեցան»
Միջազգային

Ռիտայի. «Ամերիկեան Կառավարութեան Որեւէ Բանակցութիւն Սկսելու Իրանեան 7 Պայմաններ Փոխանցուեցան»

September 21, 2026
Կրինլանտն Ու Դանիան Միացեալ Նահանգներու Հետ  Համաձայնութիւն Պիտի Ստորագրեն
Միջազգային

Կրինլանտն Ու Դանիան Միացեալ Նահանգներու Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Ստորագրեն

September 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.