Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զախարովան Կոչ Կ՛ուղղէ` Հիմք Ընդունելու Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Յայտարարութիւնը, Ոչ` Ազրպէյճանական Մեկնաբանութիւնը

September 24, 2020
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա կոչ ուղղեց` հիմք ընդունելու Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական յայտարարութիւնը, ոչ թէ ազրպէյճանական լրատուական կայքերու մեկնաբանութիւնը:

Ըստ «Արմէնփրես»-ին, ազրպէյճանական լրատուական կայքերը տեղեկութիւն տարածած էին այն մասին` իբրեւ թէ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը Մոսկուայի մէջ Ազրպէյճանի խորհրդարանի նախագահ Ս. Կաֆարովայի գլխաւորած պատուիրակութեան հետ հանդիպման ընթացքին յայտարարած է, որ «Ռուսիան կողմ արտայայտուած է արցախեան 5 շրջաններու` Ազրպէյճանին վերադարձին», եւ որ «Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի դիրքորոշումը` ղարաբաղեան տագնապին վերաբերեալ, կը խոչընդոտէ խաղաղ գործընթացի լուծումը»:

Յատկանշական է, որ ո՛չ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան եւ ո՛չ ալ հանդիպման տեսանիւթին մէջ նման որեւէ միտք կայ, տեղեկատուութեան միակ աղբիւրը` ազրպէյճանական պետական քարոզչութեան սպասարկող լրատուական կայքերն են:

Շաբաթական իրադարձութեան անդրադարձաւ նաեւ Մարիա Զախարովան` յայտնելով, որ հանդիպման ընթացքին քննարկուած են ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման հարցերը: Նախարար Լաւրովի կողմէ չէ կատարուած նախապէս չբարձրաձայնուած որեւէ նոր յայտարարութիւն:

«Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցին մէջ Ռուսիոյ դիրքորոշումը բոլորը շատ լաւ գիտեն, եւ կը խնդրեմ առաջնորդուիլ ինքնին այդ դիրքորոշումով, եւ ոչ թէ տարբեր մեկնաբանութիւններով, զորս կը կատարեն ոչ ռուսական կողմը», եզրափակած է Զախարովա:

Վերահաստատելով, որ պէտք է միայն Ռուսիոյ պաշտօնական յայտարարութեան հետեւիլ` Զախարովա նշած է, որ պաշտօնական լրատուութեան մէջ 5 շրջաններու վերադարձին մասին որեւէ միտք առկայ չէ:

 

Նախորդը

Աուն. «Կառչած Կը Մնանք Լիբանանի Ծովային Սահմաններուն Եւ Անոնց Մէջ Գտնուող Բնական Հարստութեան»

Յաջորդը

Նախարար Մնացականեան. «Թուրքիոյ Կողմէ Հայաստանի Միջնադարեան Շրջափակումը Կ՛ոտնահարէ Միջազգային Համաձայնագիրները»

RelatedPosts

Դաշնակցական Երիտասարդներու  Բողոքի Ցոյցը` Ազգային Անվտանգութեան  Ծառայութեան Շէնքին Դիմաց
Գլխաւոր լուրեր

Դաշնակցական Երիտասարդներու Բողոքի Ցոյցը` Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան Շէնքին Դիմաց

October 3, 2026
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ազգային Ուժերու  Եւ Կառոյցներու Դէմ Սկսած Արշաւը Պիտի  Աւարտի Այս Իշխանութեան Հետ»
Գլխաւոր լուրեր

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ազգային Ուժերու Եւ Կառոյցներու Դէմ Սկսած Արշաւը Պիտի Աւարտի Այս Իշխանութեան Հետ»

October 3, 2026
ԹՐԻՓՓ-ի Հիմնարկէքը Պիտի Սկսի 2027-ի Սկիզբը»  Կ՛ըսէ Ուաշինկթընի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը
Հայկական

ԹՐԻՓՓ-ի Հիմնարկէքը Պիտի Սկսի 2027-ի Սկիզբը» Կ՛ըսէ Ուաշինկթընի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.