Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Արաբ-Իսրայէլեան Հակամարտութիւնը Պիտի Աւարտի Քանի Մը Ամիսէն Կամ Մէկ Տարիէն» Կ՛ըսէ Ֆրիտմըն

Սեպտեմբեր 18, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Ֆրիտմըն յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներու կարծիքով, Ֆաթհ շարժումէն հեռացած ղեկավար Մուհամետ Տահլանը Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի հաւանական յաջորդն է: Այդ մասին կը մտածենք, սակայն չենք ուզեր պաղեստինեան ղեկավարութիւնը կազմել»:

Ֆրիտմըն շեշտեց. «Արաբ-իսրայէլեան հակամարտութիւնը իր աւարտին եզրին է, եւ կը նախատեսուի, որ աւարտի քանի մը ամիսէն կամ մէկ տարիէն»:

«Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Պահրէյնի եւ Իսրայէլի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրներ կնքելը սառեցուած կացութեան բեկում մըն է», ըսաւ ան եւ համոզում յայտնեց` «բազմաթիւ երկիրներ մօտ օրէն պիտի հետեւին Ապու Տապիի եւ Մանամայի օրինակին»:

Իսրայէլի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը Պաղեստինեան իշխանութիւնը ամբաստանեց «իր ժողովուրդը պատշաճ կերպով չօգտագործելու» յանցանքով` համոզում յայտնելով, որ «Յուդայի եւ Սամարիոյ» (Այսրյորդանանին հրէական անունը) բնակիչները «աւելի լաւ կեանքի կը ձգտին»:

«Պաղեստինցի ժողովուրդը պէտք է գիտակցի, թէ իր առջեւ առիթ մը գոյութիւն ունի: Պաղեստինեան իշխանութիւնը տակաւին կառչած կը մնայ շատ հին ու անարժէք գանգատներու: Անոնք պէտք է 21-րդ դարուն միանան, մինչ անոնք ներկայիս տակաւին պատմութեան սխալ կողմն են», ըսաւ Ֆրիտմըն:

«Բռնագրաւեալ Այսրյորդանանէն լայն տարածքներ կցելու իսրայէլեան ծրագիրներու սառեցումը միայն ժամանակաւոր որոշում է, եւ կը կարծեմ, թէ ատիկա տեղի պիտի ունենայ, եւ հակառակ սառեցման որոշումին, իսրայէլեան դրօշները կը շարունակեն ծածանիլ Այսրյորդանանի մէջ բնակեցման վայրերուն վերեւ, եւ, ըստ խաղաղութեան մեր պատկերացումին, ատիկա պիտի շարունակուի», յայտնեց Իսրայէլի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը:

 

 

 

 

 

 

Նախորդը

«Առանց Պաղեստինեան Դատի Լուծման, Միջին Արեւելքի Մէջ Կայունութիւն Չ՛ըլլար» Կ՛ըսէ Ռուսիա

Յաջորդը

Իսրայէլի Հետ Իր Յարաբերութիւնները Բնականոնացնող Յաջորդ Երկիրը Պիտի Ըլլայ Օմանը

RelatedPosts

Շարհ Սուէյտայի Մէջ Անվտանգութեան  Վերահսկողութեան Տեղական Խմբաւորումներուն  Յանձնումը Յայտարարեց
Գլխաւոր լուրեր

Շարհ Սուէյտայի Մէջ Անվտանգութեան Վերահսկողութեան Տեղական Խմբաւորումներուն Յանձնումը Յայտարարեց

Յուլիս 18, 2025
Սուրիոյ Մէջ Տիւրզիներու Հոգեւոր Ղեկավարութիւնը  «Դէպի Քիւրտ Եղբայրներ» Ճամբայի Եւ Սուէյտայի  Եւ Յորդանանի Միջեւ Սահմանային  Անցակէտի Մը Բացումը Կը Պահանջէ
Գլխաւոր լուրեր

Սուրիոյ Մէջ Տիւրզիներու Հոգեւոր Ղեկավարութիւնը «Դէպի Քիւրտ Եղբայրներ» Ճամբայի Եւ Սուէյտայի Եւ Յորդանանի Միջեւ Սահմանային Անցակէտի Մը Բացումը Կը Պահանջէ

Յուլիս 18, 2025
Զախարովա. «Ռուսիան Ուքրանիոյ Մէջ  «Կամաւորներու Դաշինք» Բազմազգ Ուժերու Ստեղծման Գաղափարը Իբրեւ Ներխուժման  Ծրագիր Կ՛ընկալէ»
Միջազգային

Զախարովա. «Ռուսիան Ուքրանիոյ Մէջ «Կամաւորներու Դաշինք» Բազմազգ Ուժերու Ստեղծման Գաղափարը Իբրեւ Ներխուժման Ծրագիր Կ՛ընկալէ»

Յուլիս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?