Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի ընդհանուր ներկայացուցիչ Ֆիլիփ Լազարինին` ընկերակցութեամբ ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի Լիբանանի ընդհանուր տնօրէն Քլաուտիօ Քորտոնիի, ինչպէս նաեւ ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի իրաւական հարցերու եւ արտաքին յարաբերութիւններու պատասխանատու Մարի Շըպլիի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի մէջ պաղեստինցի գաղթականներուն եւ սուրիացի տեղահանուածներուն հարցերը:
Քննարկուեցան նաեւ Լիբանանի դիմագրաւած ելեւմտական տագնապն ու «Քորոնա»-ի համաճարակին սաստկացումը, ինչպէս նաեւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետեւանքները:
Նախագահ Աուն եւ Լազարինի յոյս յայտնեցին, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի նախաձեռնութիւնը կը յաջողի` իր քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային խորքերով:
Նախագահ Աուն մաղթեց, որ նուիրատու երկիրները ընդառաջեն ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի պահանջին եւ կարենան պէտք եղած գումարը գոյացնել` կազմակերպութիւնը ելեւմտական իր տագնապէն դուրս բերելու եւ Լիբանանի ու այլ վայրերու մէջ պաղեստինցի գաղթականներուն հանդէպ իրենց պարտականութիւնները կատարելու համար:
Նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանան տակաւին կը սպասէ, որ խնդրոյ առարկայ երկիրները համաձայն գտնուին սուրիացի տեղահանուածներուն ներկայութեան տունդարձը դիւրացնելու Լիբանանի պահանջին` աւելցնելով, որ Սուրիոյ պատերազմին եւ Լիբանան հասած սուրիացի տեղահանուածներուն ներկայութեան հետեւանքները ծանր եղան Լիբանանի համար:
Իր կարգին, Լազարինի անդրադարձաւ շրջանին մէջ ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի դիմագրաւած ելեւմտական դժուարութիւններուն` հաստատելով, որ հակառակ այդ դժուարութիւններուն, ՈՒՆԵՐՈՒԱ Լիբանանի մէջ պաղեստինցի գաղթականներուն նկատմամբ իր յանձնառութիւնը կը կատարէ:
Ան յոյս յայտնեց, որ մօտիկ ապագային կառոյցին ելեւմտական հարցերն ու տագնապը կը լուծուին:
Լազարինի այցելեց նաեւ ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի, որուն հետ քննարկեց պաղեստինցի գաղթականներուն եւ պաղեստինեան գաղթակայաններուն մէջ տիրող ապահովական եւ ընկերային իրավիճակը:
Նշենք, որ նախագահ Աուն ընդունեց նաեւ նախկին նախարար Ղասսան Աթալլան, որուն հետ քննարկեց գաղթականներուն թղթածրարը, ինչպէս նաեւ Շուֆի կարիքները: